ՀԵՌԱՏԵՍՈՒԹԵԱՆ ՀՐԱՄԱՅԱԿԱՆ

Մեր հա­մայն­քէն ներս այժմ ելմ­տա­կան ա­ռու­մով ծանր վի­ճակ մը ստեղ­ծուած է։ Սի­րոյ սե­ղան­նե­րուն ար­դիւն­քը ե­րաշ­խիք մը չի հա­մա­րուիր՝ հա­մայն­քա­յին վար­ժա­րան­նե­րու պիւտ­ճէ­նե­րու բա­ցի հա­ւա­սա­րակշռ­ման ա­ռու­մով։ Ուս­տի, հա­մայն­քա­յին վա­րիչ­նե­րը յա­ւե­լեալ ո­րո­նում­նե­րու մէջ են՝ նիւ­թա­կան զօ­րակ­ցու­թեան թափ տա­լու հա­մար։ Ա­նոնք այս ամ­բող­ջին մէջ կը դի­մագ­րա­ւեն լուրջ դժուա­րու­թիւն­ներ, նոյ­նիսկ օ­րա­կար­գի վրայ է մեր վար­ժա­րան­նե­րուն թի­ւը կրճա­տել՝ միա­ցում­նե­րու մի­ջո­ցաւ, ար­դիւ­նա­ւէ­տու­թեան բարձ­րաց­ման եւ խնա­յո­ղու­թեան ա­պա­հով­ման հա­մա­ր։

VADİP-ի ե­րէ­կուան ժո­ղո­վին ըն­թաց­քին օ­րա­կար­գի վրայ ե­կաւ մեր հա­մայն­քա­յին հաս­տա­տու­թիւն­նե­րուն մատ­նուած դժուա­րին վի­ճա­կը։ Թէ ինչ­պէս կա­րե­լի պի­տի ըլ­լայ յաղ­թա­հա­րել այս կա­ցու­թիւ­նը։ Սա կը մնայ մեծ հար­ցա­կան մը։ Հա­մայն­քա­յին վա­րիչ­նե­րը ներ­կա­յիս մտո­րում­նե­րու մէջ են՝ ե­րաշ­խա­ւո­րե­լու հա­մար մեր վար­ժա­րան­նե­րու ա­պա­գան։ Ա­տե­նա­պետ Պետ­րոս Շի­րի­նօղ­լու ժո­ղո­վի ըն­թաց­քին ընդգ­ծեց, որ ժամ ա­ռաջ մտա­յին վար­ժան­քի պէտք է սկսիլ՝ մեր դպրոց­նե­րու եւ հաս­տա­տու­թիւն­նե­րու ա­պա­գա­յին շուրջ։ Ար­դա­րեւ, Թուր­քիոյ տնտե­սու­թեան ընդ­հա­նուր եր­թը իս­կա­պէս մտա­հո­գիչ է, ո­րով­հե­տեւ լուրջ տագ­նապ մը ծա­գած է։ Սա անդ­րա­դարձ կ՚ու­նե­նայ նաեւ մեր հա­մայն­քա­յին կեան­քին վրայ։ Մեր դպրոց­նե­րուն ի նպաստ սար­քուած սի­րոյ սե­ղան­նե­րու ար­դիւն­քին հան­գա­նա­կու­թիւն­նե­րը սկսած են ան­բա­ւա­րար մնալ՝ դպրոց­նե­րու նիւ­թա­կան պա­կաս­նե­րը հա­ւա­սա­րակշ­ռե­լու տե­սա­կէ­տէ։ Մեր ազ­գա­պատ­կան կա­լուած­նե­րու վար­ձա­կա­լու­թե­նէն ա­պա­հո­վուած ընդ­հա­նուր հա­սոյթն ալ կը կա­ղայ լրջօ­րէն, ո­րով­հե­տեւ հրա­պա­րա­կի պայ­ման­նե­րը ա­նել վի­ճա­կի կը մատ­նեն վար­ձա­կալ­նե­րը, ո­րոնք կը պար­տա­ւո­րուին լքել ի­րենց վար­ձած տա­րածք­նե­րը։

Ու­րեմն, ինչ­պէ՞ս պի­տի հա­ւա­սա­րակշ­ռուին պիւտ­ճէ­նե­րը։ Մեր դպրոց­նե­րը ինչ­պէ՞ս պի­տի մնան կան­գուն։ Ե­րէ­կուան ժո­ղո­վին ըն­թաց­քին հա­մայն­քա­յին վա­րիչ­նե­րը ընդգ­ծե­ցին, որ հե­ռա­տե­սու­թիւ­նը դար­ձած է հրա­մա­յա­կան։ Ան­ցեալ ա­մառ­նա­մու­տին թէեւ շա­տե­րուն հա­մար կը թուէր ան­հա­ւա­նա­կան, սա­կայն այս տա­րի պե­տու­թեան կող­մէ մեր վար­ժա­րան­նե­րուն հա­մար կա­տա­րուած յատ­կա­ցու­մը կրճա­տուե­ցաւ զգա­լիօ­րէն։ Այ­սօր մեր հա­մայն­քը հա­շուարկ­ներ չու­նի այլ վար­կած­նե­րու հա­մար։ Ի՞նչ պի­տի ըլ­լայ ե­րեք կամ հինգ տա­րի վերջ։ Պի­տի փա­կուի՞ն մեր բո­լոր վար­ժան­նե­րը։ Ե­թէ ո­րոշ ժա­մա­նակ նոյ­նիսկ հա­մայն­քա­պատ­կան կա­լուած­նե­րը ծա­խե­լով ա­նոնք բաց պա­հուին, ա­պա ա­ւե­լի վերջ ի՞նչ պի­տի ըլ­լայ։ Քա­նի մը տա­րի վերջ կրնայ ընդ­հա­նուր վտանգ սպառ­նալ իս­թան­պու­լա­հայ դպրոց­նե­րու ցան­ցի գո­յու­թեան հա­մար։ Ուս­տի, այժ­մէն նա­խազ­գու­շա­կան մի­ջոց­ներ պէտք է ձեռք առ­նուին՝ կան­խե­լու հա­մար մեր կրթա­կան հա­մա­կար­գին կքի­լը եւ այդ պատ­ճա­ռով յա­ռա­ջա­նա­լիք ընդ­հա­նուր խու­ճա­պը։ Հե­տե­ւա­բար, հա­մայն­քա­յին վա­րիչ­նե­րու շրջա­նակ­նե­րէն ներս հետզ­հե­տէ ա­ւե­լի շրջա­նա­ռու­թեան մէջ կը մտնէ կարգ մը վար­ժա­րան­նե­րու միաց­ման վար­կա­ծը։ Այս­պէ­սով պի­տի կան­խուի թէ՛ ա­ռանց կա­լուա­ծի եւ թէ ա­ռանց դպրո­ցի մնա­լու վտան­գը։ Մեր վար­ժա­րան­նե­րը ի­րենց լիար­ժէք տա­րո­ղու­թե­նէն շատ ա­ւե­լի նուազ ա­շա­կերտ­ներ ու­նին։ Ե­թէ ի­րա­րու մեր­ձա­կայ դպրոց­նե­րը, ըստ մաս­նա­գի­տա­կան պա­հանջ­նե­րուն միա­ցուին՝ ա­պա զգա­լի խնա­յո­ղու­թեան մը կա­րե­լի է հաս­նիլ։

Այս կէ­տին վրայ Թո­րոս Ալ­ճան ընդգ­ծեց, թէ կրթա­կան մշակ­նե­րու հա­սա­րա­կաց ա­ւա­զա­նէ մը օգ­տուիլ հնա­րա­ւոր է, սա­կայն 4+4+4 դրու­թեան պայ­ման­նե­րու ներ­քեւ հա­մա­պա­տաս­խան դա­սա­րան­նե­րու ու­սու­ցիչ­նե­րը կրնան պաշ­տօ­նի կո­չուիլ հա­մա­տեղ։

Բազ­մա­թիւ հա­մայն­քա­յին վա­րիչ­ներ գան­գատ յայտ­նե­ցին, թէ այ­սօր կան զա­նա­զան թա­ղեր, ո­րոնք լուրջ քա­նա­կու­թեամբ վարձ­քի հա­սոյթ կը հա­ւա­քեն, սա­կայն ո­րե­ւէ նպաստ չեն բե­րեր հա­մայն­քին։ Այդ ամ­բող­ջին մէջ մատ­նան­շուած հիմ­նա­կան հաս­ցէն Պէ­յօղ­լուի Ս. Ե­կե­ղե­ցեաց թա­ղա­յին խոր­հուրդն է։ Իր կար­գին, Պետ­րոս Շի­րի­նօղ­լու նշեց, թէ հա­մայն­քը պէտք է կա­տա­րէ ինք­նաքն­նա­դա­տու­թիւն մը եւ VADİP-ն ալ ա­ռա­ջ­­նա­հերթ դեր պէտք է ու­նե­նայ այս ուղ­ղու­թեամբ։ Ըստ ի­րեն, միայն Պէ­յօղ­լուի թա­ղա­յին խոր­հուր­դը չէ որ հա­շուե­տու չ՚ըլ­լար հա­մայն­քին, այլ ու­րիշ բազ­մա­թիւ հաս­տա­տու­թիւն­ներ ալ նոյն վի­ճա­կին մէջ են։ Մեր հա­մայն­քի զա­նա­զան հաս­տա­տու­թիւն­նե­րը լուրջ քա­նա­կու­թեամբ վարձք կը հա­ւա­քեն, սա­կայն չեն հա­կակշ­ռուիր ի­րա­կա­նու­թեան մէջ, այդ մի­ջոց­նե­րը պէտք է կեդ­րո­նա­ցուին հա­սա­րա­կաց ա­ւա­զա­նի մը մէջ։ Շի­րի­նօղ­լու օգ­տա­կար նկա­տեց հա­սա­րա­կաց կա­լուա­ծոց յանձ­նա­խում­բի մը գո­յու­թիւ­նը։ Իր խօս­քին տե­ւո­ղու­թեան ան ա­հա­զանգ հնչե­ցուց, որ մեր հա­մայն­քը կ՚ըն­թա­նայ քայ­քայ­ման ճա­նա­պար­հով։ «Ե­կէք նոր էջ մը բա­նանք։ VADİP երկ­խօ­սու­թեան հար­թակ մըն է։ Ե­կէք միաց­նենք մեր վար­ժա­րան­նե­րը։ Սա ար­ժա­նա­պա­տուու­թեան հարց չդարձ­նենք, ո­րով­հե­տեւ այս­պէ­սով ի­րա­րու վնաս կը հասց­նենք եւ բե­ւե­ռա­ցում­ներ կը ստեղ­ծուին մեր հա­մայն­քէն ներս։ Մեր դպրոց­նե­րու խնդիր­նե­րուն հա­մար պէտք է ճար մը գտնենք», ը­սաւ Պետ­րոս Շի­րի­նօղ­լու։

ԱԶԳԱՅԻՆ ՀԻՒԱՆԴԱՆՈՑԻ ՀԱՆԴԻՊԱԿԱՑ ԵՐԲԵՄՆԻ ԲԱՆՋԱՐԱՆՈՑԻ ՏԱՐԱԾՔԻ ՍԵՓԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ԻՐԱՒՈՒՆՔԻ ՎԵՐԱՁԵՌՔԲԵՐՄԱՆ ՀԱՄԱՐ ԿԱՆ ԴՐԱԿԱՆ ՀԵՌԱՆԿԱՐՆԵՐ

Սուրբ Փրկիչ Ազ­գա­յին հի­ւան­դա­նո­ցի հո­գա­բար­ձու­թեան ա­տե­նա­պետ Պետ­րոս Շի­րի­նօղ­լու VADİP-ի ե­րէ­կուան ժո­ղո­վին ըն­թաց­քին ամ­փոփ տե­ղե­կու­թիւն­ներ փո­խան­ցեց հաս­տա­տու­թեան հան­դի­պա­կաց եր­բեմ­նի բան­ջա­րա­նո­ցի տա­րած­քի սե­փա­կա­նու­թեան ի­րա­ւուն­քի վե­րա­ձեռք­բեր­ման գոր­ծըն­թա­ցին շուրջ։ Ինչ­պէս ծա­նօթ է, Վա­քըֆ­նե­րու ընդ­հա­նուր տնօ­րէ­նու­թիւ­նը մի­ջոց մը ա­ռաջ անհ­րա­ժեշտ կար­գադ­րու­թիւ­նը կա­տա­րած էր՝ այդ տա­րած­քը վե­րար­ձա­նագ­րե­լով իբ­րեւ Սուրբ Փրկիչ Ազ­գա­յին հի­ւան­դա­նո­ցի սե­փա­կա­նու­թիւ­նը։ Յա­ջոր­դող շրջա­նին, սա­կայն, թէ՛ Զէյ­թին­պուր­նուի քա­ղա­քա­պե­տու­թիւ­նը եւ թէ Իս­թան­պու­լի գլխա­ւոր քա­ղա­քա­պե­տու­թիւ­նը դա­տեր բա­ցած էին Սուրբ Փրկիչ Ազ­գա­յին հի­ւան­դա­նո­ցի հո­գա­բար­ձու­թեան դէմ եւ այս­պէ­սով այդ դրա­կան ար­դիւն­քը մատ­նուած էր պղտո­րու­թեան։

Նկա­տի ու­նե­նա­լով, որ Փոխ-վար­չա­պետ Վէյ­սի Քայ­նա­քի եւ փոք­րա­մաս­նու­թեանց ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն մի­ջեւ տե­ղի ու­նե­ցած հան­դիպ­ման ըն­թաց­քին Պետ­րոս Շի­րի­նօղ­լու շօ­շա­փած էր նաեւ այս խնդի­րը՝ ան ե­րէկ ամ­փոփ գի­ծե­րու մէջ տե­ղե­կու­թիւն­ներ փո­խան­ցեց նաեւ VADİP-ի ժո­ղո­վա­կան­նե­րուն։ Շի­րի­նօղ­լու ը­սաւ, թէ բո­լոր հար­թու­թիւն­նե­րուն վրայ անհ­րա­ժեշտ աշ­խա­տան­քը կը տա­նին՝ որ­պէս­զի այս խնդի­րը ար­դար լու­ծում մը ու­նե­նայ վերջ­նա­կա­նօ­րէն։ Ընդ­հան­րա­պէս օ­րէն­քով նա­խա­տե­սուած սահ­ման­նե­րու մէջ, ի­րա­ւա­կան նա­խըն­թաց­նե­րու հա­ւա­տա­րիմ ձե­ւով ու լուռ աշ­խա­տան­քով մը յա­ռաջ կը տա­րուի այս գոր­ծըն­թա­ցը։ Շի­րի­նօղ­լու յայտ­նեց, թէ այս պա­հուն յար­մար չեն դա­տեր բո­լոր ման­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րը բարձ­րա­ձայ­նել, սա­կայն հա­մայն­քը պէտք չէ յո­ռե­տե­սու­թեան մատ­նուի, ո­րով­հե­տեւ նախ­կին բան­ջա­րա­նո­ցի սե­փա­կա­նու­թեան ի­րա­ւուն­քի վե­րա­հաս­տատ­ման ուղ­ղու­թեամբ կան դրա­կան հե­ռան­կար­ներ։ Բնա­կա­նա­բար, թէ՛ ժխտա­կան եւ թէ դրա­կան ա­մէն ար­դիւն­քի պատ­րաստ պէտք է ըլ­լալ, սա­կայն ի­րենք լաւ վար­կած­նե­րը եւ ա­նոնց նա­խադ­րեալ­նե­րը հա­շուի առ­նե­լով կը տա­նին յա­մառ աշ­խա­տանք։ «Կը վստա­հինք մեր պե­տու­թեան եւ ա­նոր ար­դար դա­տո­ղու­թեան», ը­սաւ ան։

ՄԱՆՈՒԿ ԷՕՂԷՐ. «ՖԷՐԻԳԻՒՂԻ ՇՐՋԱՆԷՆ Կ՚ԱՊԱՀՈՎՈՒԻ ՎԵՑ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ԱՇԱԿԵՐՏՈՒԹԻՒՆ, ԿՐՆԱՅ ՊԱՏԱՀԻԼ, ՈՐ ՕՐ ՄԸ ԿԱՐԴԱՑՆԵԼԻՔ ԱՇԱԿԵՐՏ ՉՄՆԱՅ՝ ԵԹԷ ՆՈՅՆԻՍԿ ԴՐԱՄ ԸԼԼԱՅ»

Ֆէ­րի­գիւ­ղի Ս. Վար­դա­նանց ե­կե­ղեց­ւոյ թա­ղա­յին խոր­հուր­դի ա­տե­նա­պետ Մա­նուկ Էօ­ղէր VADİP-ի ե­րէ­կուան ժո­ղո­վին ըն­թաց­քին յայտ­նեց, որ թա­ղի Մէ­րա­մէթ­ճեան վար­ժա­րա­նի ի նպաստ տա­րե­կան ա­ւան­դա­կան մա­տա­ղօրհ­նու­թիւ­նը տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ Նո­յեմ­բե­րի 6-ին։ Հոկ­տեմ­բե­րի 17-ին նա­խա­պատ­րաս­տա­կան հա­ւա­քոյթ մը տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ Ֆէ­րի­գիւ­ղի մէջ։ Մէ­րա­մէթ­ճեան վար­ժա­րա­նի տա­րե­կան պիւտ­ճէի բա­ցը կը կազ­մէ 970 հա­զար թրքա­կան լի­րա։

Ա­տե­նա­պետ Մա­նուկ Էօ­ղէր ընդգ­ծեց, որ 2004 թուա­կա­նի տուեալ­նե­րով Ֆէ­րի­գիւ­ղի թա­ղա­յին խոր­հուր­դը՝ ա­մէն տա­րի որ­պէս կա­լուած­նե­րու հա­սոյթ կը հա­ւա­քէր 25 հա­զար ա­մե­րի­կեան տո­լա­րի հա­մար­ժէք թրքա­կան լի­րա։ Այ­սօր այդ գու­մա­րը բարձ­րա­ցած է 190 հա­զար ա­մե­րի­կեան տո­լա­րի հա­մա­զօր թրքա­կան լի­րա­յի։ Թա­ղա­յին խոր­հուր­դը կը ծա­ւա­լէ ար­դիւ­նա­ւէտ աշ­խա­տանք։ Այս ըն­թաց­քին կա­տա­րուած են շի­նա­րա­րու­թիւն­ներ, ո­րոնց հա­մար կա­տա­րուած ներդ­րում­նե­րը բա­ցար­ձա­կա­պէս դպրո­ցի ըն­թա­ցիկ պիւտ­ճէին հետ ա­ռըն­չա­կից չեն դար­ձուած։ Այդ շի­նա­րա­րա­կան ծրագ­րե­րը կեան­քի կո­չուած են բա­րե­րար­նե­րուն զօ­րակ­ցու­թեամբ։

Մա­նուկ Էօ­ղէր շեշ­տեց, որ ա­մէն ճիգ ի գործ կը դնեն բաց պա­հե­լու Մէ­րա­մէթ­ճեան վար­ժա­րա­նի դռնե­րը։ «Սա մե­զի հա­մար ա­ռաջ­նա­հեր­թու­թիւն մը, գե­րա­կա­յու­թիւն մըն է։ Ֆէ­րի­գիւ­ղի շրջա­կայ­քէն կ՚ա­պա­հո­վուի հա­մայն­քա­յին վեց վար­ժա­րա­նի ա­շա­կեր­տու­թիւ­նը։ Ներ­կայ ըն­թաց­քով մեր հա­ւա­քա­կան կեան­քէն ներս ան­պայ­ման պէտք է զարկ տալ մարդ հասց­նե­լու։ Կրնայ պա­տա­հիլ, որ օր մը կար­դաց­նե­լիք ա­շա­կերտ չմնայ՝ ե­թէ նոյ­նիսկ դրամ ըլ­լայ։ Կրնանք այն­պի­սի հար­ցե­րու դէմ յան­դի­ման մնալ, որ լուծ­ման հա­մար նիւ­թա­կան մի­ջոց­նե­րը մնան ան­բա­ւա­րար։ Մենք պէտք է եր­կա­րա­ժամ­կէտ ար­ժե­ւո­րում մը ը­նենք։ Մեր թա­ղի վար­ժա­րա­նին մէջ այս տա­րի ու­սում կը ստա­նայ 180 ա­շա­կերտ։ Մինչ­դեռ մենք կրնանք 300 ա­շա­կեր­տի ալ ու­սում ջամ­բել՝ այ­սօ­րուան նոյն պիւտ­ճէով», ը­սաւ Մա­նուկ Էօ­ղէր։

ՄԵՍՈՒՏ ԷՕԶՏԵՄԻՐ. «ՊԱՔԸՐԳԻՒՂ ՇԱՏ ՄԵԾ ԴԺՈՒԱՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՄԷՋ Է, ՄԵՆՔ ՀԱՄԱՄԻՏ ԵՆՔ ՎԱՐԺԱՐԱՆՆԵՐՈՒ ՄԻԱՑՄԱՆ ՏԵՍԱԿԷՏԻՆ»

Պա­քըր­գիւ­ղի Ծնունդ Ս. Աս­տուա­ծա­ծին ե­կե­ղեց­ւոյ թա­ղա­յին խոր­հուր­դի ա­տե­նա­պետ Մե­սուտ Էօզ­տե­միր VADİP-ի ե­րէ­կուան ժո­ղո­վին ըն­թաց­քին ու­նե­ցաւ ե­լոյթ մը, որ ու­նէր ա­հա­զան­գա­յին նշա­նա­կու­թիւն։ Ան ը­սաւ, որ Պա­քըր­գիւ­ղի ըն­տա­նի­քը շատ մեծ դժուա­րու­թիւն­նե­րու մէջ է։ Ամ­սա­կան­նե­րու եւ պաշ­տօ­նա­կան վճա­րում­նե­րու հա­մար ա­մէն ա­միս կը ստեղ­ծուին մեծ բար­դու­թիւն­ներ։ Առ ի զգու­շու­թիւն այս տա­րի յա­ւե­լում չէ կա­տա­րուած կրթա­կան մշակ­նե­րու ամ­սա­կան­նե­րուն։ Վե­րա­մու­տէն ի վեր ան­ցած շուրջ մէկ ամ­սուան ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նին դպրո­ցի ա­շա­կերտ­նե­րուն ծնող­նե­րը միայն հա­զիւ 40 հա­զար լի­րա փո­խան­ցած են, մինչ մե­ծա­մաս­նու­թիւ­նը նոյ­նիսկ իր զաւ­կի ար­ձա­նագ­րու­թեան հա­մար դըպ-րոց չէ փու­թա­ցած։ Պա­քըր­գիւ­ղի մէջ հա­մայն­քա­յին ընդ­հա­նուր գոր­ծու­նէու­թիւն­նե­րուն ո­րա­կը նոր մա­կար­դա­կի մը վրայ բարձ­րա­ցած է շնոր­հիւ դպրո­ցի նոր հա­մա­լի­րի կա­ռուց­ման։ Միւս կող­մէ, սա­կայն, այդ նոր հա­մա­լի­րը իր հետ նիւ­թա­կան յա­ւե­լեալ բեռ մը կը բե­րէ։ Ա­ւե­լի բարձր թի­ւով պաշ­տօ­նեա­ներ կ՚աշ­խա­տին այն­տեղ։ 
Մե­սուտ Էօզ­տե­միր ժո­ղո­վա­կան­նե­րու նկա­տառ­ման յանձ­նեց, որ հա­մայն­քա­յին միւս հաս­տա­տու­թիւն­նե­րէն փո­խա­ռու­թիւն­ներ կը կա­տա­րեն՝ ի­րենց ըն­թա­ցիկ վճա­րում­նե­րը չկա­ղաց­նե­լու հա­մար։ Դպրո­ցի նախ­կին շէնքն ալ այս տա­րի ար­ժե­ւո­րե­լու կա­րե­լիու­թիւն չեն ու­նե­ցած։ Դժբախ­տա­բար, այս խնդրի պա­րա­գա­յին մսխուած է տա­րի մը։ Այժմ ի­րենք թէեւ ու­նին նոր ա­ռա­ջարկ­ներ այդ հին շէն­քին հա­մար, սա­կայն վար­ձա­կա­լու­թեան բո­լոր թեկ­նա­ծու­նե­րը կը նա­խընտ­րեն այ­լեւս յա­ջորդ վե­րա­մու­տին նա­խոր­դե­լիք շրջա­նին դրու­թեամբ պայ­մա­նա­գիր մը կնքել։ 
Մե­սուտ Էօզ­տե­միր շեշ­տեց նաեւ, որ ի­րենք հա­մա­միտ են անհ­րա­ժեշ­տու­թեան պա­րա­գա­յին վար­ժա­րան­նե­րու միաց­ման տե­սա­կէ­տին։ «Պէտք է կամք դրսե­ւո­րենք, որ­պէս­զի դժուար խնդիր­նե­րուն լու­ծու­մը հնա­րա­ւո­րինս դիւ­րա­նայ։ VADİP պէտք է յստակ կամք մը ար­տա­յայ­տէ եւ այդ­պէ­սով յաչս մեր հա­մայն­քին վե­րա­թար­մաց­նէ իր վար­կը, վերս­տին հա­սա­րա­կու­թեան վստա­հու­թեան ա­ռար­կայ դառ­նայ ու վե­րա­կեն­դա­նաց­նէ սպա­ռած յոյ­սե­րը», ընդգ­ծեց Էօզ­տե­միր։

ՍԱՄԱԹԻՈՅ ՏԱՐԵԿԱՆ ՄԱՏԱՂՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԱՐԴԻՒՆՔԻՆ ԱՅՍ ՏԱՐԻ ԻՐԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ՀԱՆԳԱՆԱԿՈՒԱԾ Է ՄԻԱՅՆ 850 ՀԱԶԱՐ ԼԻՐԱ

VADİP-ի ե­րէ­կուան ժո­ղո­վին ըն­թաց­քին յայտ­նի դար­ձաւ, որ 2016-2017 շրջա­նի սկիզ­բին Սա­մա­թիոյ մէջ տե­ղի ու­նե­ցած մա­տա­ղօրհ­նու­թեան ար­դիւն­քով կա­տա­րուած հան­գա­նա­կու­թիւ­նը բա­ւա­րար չէ ե­ղած հա­ւա­սա­րակշ­ռե­լու հա­մար թա­ղի Սա­հա­կեան-Նու­նեան վար­ժա­րա­նի պիւտ­ճէն։ Ինչ­պէս ծա­նօթ է, Սա­մա­թիոյ սի­րոյ սե­ղա­նէն վերջ յայ­տա­րա­րուած էր, որ հան­գա­նա­կուած է 1 մի­լիոն 350 հա­զար լի­րա եւ հա­ւա­սա­րակշ­ռուած է դպրո­ցի տա­րե­կան պիւտ­ճէն։ Մինչ­դեռ ե­րէ­կուան ժո­ղո­վին ըն­թաց­քին յայտ­նի դար­ձաւ, որ ի­րա­կա­նու­թեան մէջ միայն 850 հա­զար լի­րա հան­գա­նա­կուած է Սա­մա­թիոյ սի­րոյ սե­ղա­նի ար­դիւն­քին։ Այ­սինքն, յայ­տա­րա­րուած պիւտ­ճէին մէջ մնա­ցած է լուրջ բաց մը։

Ժո­ղո­վի ըն­թաց­քին հրա­պա­րակուած այս տուեա­լին կա­պակ­­ցու­թեամբ շօ­շա­փե­ցինք կարծի­քը Սա­մա­թիոյ Ս. Գէորգ ե­կե­ղեց­ւոյ թա­ղա­յին խոր­հուր­դի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Ղե­ւոնդ Եըլ­մա­զի։ Այս վեր­ջի­նը ան­կեղ­ծօ­րէն հաս­տա­տեց, որ միայն 850 հա­զար լի­րա հան­գա­նա­կուած է Սա­մա­թիոյ մէջ եւ մա­տա­ղօրհ­նու­թեան ար­դիւն­քին հնա­րա­ւոր չէ ե­ղած հա­ւա­սա­րակշ­ռել դպրո­ցի պիւտ­ճէն։ Ըստ ի­րեն, թա­ղա­յին խոր­հուր­դի ան­դամ­ներն ալ տե­ղեակ չեն ե­ղած, թէ ինչ­պէս պա­տա­հած է եւ սի­րոյ սե­ղա­նէն վերջ հրա­պա­րա­կաւ յայ­տա­րա­րուած է 1 մի­լիոն 350 հա­զար լի­րա հան­գա­նա­կուած ըլ­լա­լը։ Սա ճիշդ չէ եւ զար­մանք պատ­ճա­ռած է նոյ­նիսկ թա­ղա­յին խոր­հուր­դի ան­դամ­նե­րուն։

«Ձեզ­մէ կա­րե­ւո­րու­թեամբ կը խնդրեմ, որ­պէս­զի ար­ձա­գանգ հան­դի­սա­նաք այս հար­ցին։ Ա­պա­գա­յին պի­տի պար­տա­ւո­րուինք յա­ւե­լեալ աշ­խա­տանք տա­նե­լու՝ որ­պէս­զի մա­տա­ղօրհ­նու­թե­նէն վերջ պակ­սած գու­մա­րը կա­րե­նանք ճա­րել։ Ե­թէ ամ­բողջ հա­մայն­քը տպա­ւո­րուի այն­պէս, թէ Սա­մա­թիոյ այս տա­րուան պիւտ­ճէն հա­ւա­սա­րակշ­ռուած է, ա­պա մենք ինչ­պէ՞ս պի­տի կա­րե­նանք ճա­րել յա­ւե­լեալ մի­ջոց­ներ», ը­սաւ Ղե­ւոնդ Եըլ­մազ։

ԹՈՐՈՍ ԱԼՃԱՆ ԿԸ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԻ ԱՅՑԵԼԵԼ ՊՐԻՒՔՍԷԼ

Վա­քըֆ­նե­րու խոր­հուր­դի մօտ փոք­րա­մաս­նու­թեանց ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Թո­րոս Ալ­ճան կը պատ­րաս­տուի այ­ցե­լել Պրիւք­սէլ։ «Ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան Թուր­քիոյ հար­թակ»ին նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ ան պի­տի մեկ­նի Պրիւք­սէլ, ուր Եւ­րո­պա­յի զա­նա­զան կա­ռոյց­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րու եւ հա­սա­րա­կա­կան գոր­ծիչ­նե­րու հետ հա­ւա­քոյթ­նե­րու պի­տի մաս­նակ­ցի՝ բա­ցատ­րե­լու հա­մար 15 Յու­լի­սի զի­նեալ յե­ղաշրջ­ման ձա­խող փոր­ձէն վերջ երկ­րէն ներս ստեղ­ծուած ի­րա­վի­ճա­կը։ Ծա­նօթ է, որ ա­րեւմ­տեան աշ­խար­հին մէջ ո­րոշ չա­փով թիւր կամ չա­փա­զանցուած տպա­ւո­րու­թիւն­ներ ստեղ­ծուած են Թուր­քիոյ մէջ ժո­ղովր­դա­վա­րու­թեան ապ­րած նա­հան­ջին տե­սան­կիւ­նէն՝ մա­նա­ւանդ, որ ար­տա­կարգ դրու­թիւն հաստա­տուած է երկ­րին մէջ։ Նկա­տի ու­նե­նա­լով, որ փոք­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րու ընդ­-հա­նուր վի­ճա­կը կա­րե­ւոր ցու­ցա­նիշ մըն է երկ­րի ժո­ղովր­դա­վա­րու­թեան տե­սան­կիւ­նէն՝ Թո­րոս Ալ­ճան Պրիւք­սէ­լի մէջ իր երկ­խօս­նե­րուն ման­րա­մասն տե­ղե­կու­թիւն­ներ պի­տի փո­խան­ցէ այս ա­ռու­մով՝ որ­պէս երկ­րի փոք­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րու ներ­կայ կա­ցու­թեան քա­ջա­տե­ղեակ անձ­նա­ւո­րու­թիւն։

Միւս կող­մէ, Պրիւք­սէ­լէն վերջ, քիչ մը ա­ւե­լի ուշ, Թո­րոս Ալ­ճան նման բնոյ­թով ա­ռա­քե­լու­թիւ­նով մը պի­տի ու­ղե­ւո­րուի դէ­պի Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­ներ։ Այդ փուլին եւս շփումներ նախատեսուած են գոնկրէ-սականներու, հասարակական գործիչ­նե­րու եւ այլ ազդու շրջանակներէ դէմ­քերու հետ։

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 14, 2016