ԳԻՆԻԻ ԱՄԵՆԱՀԻՆ ՀՆՁԱՆԸ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ
Անյիշելի ժամանակներէ գինին եղած է մարդկային կեանքի եւ մշակոյթի մէկ մասը: Հին Յունաստանի մէջ գինին գովերգած են պատմիչները, բանաստեղծները եւ այլք: Գինիի մասին իրենց աշխատութիւններուն մէջ անդրադարձած են նաեւ Եզովփոսը եւ Հոմերոսը:
Գինիի յունական աստուածը՝ Դիոնիսոսը ներկայացուցած է ոչ միայն գինիի ոգելից ուժը, այլեւ անոր առողջարար ազդեցութիւնը:
Գինին շատ աւելի հին է, քան անոր մասին գրառուած պատմութիւնը: Մարդիկ հաւանաբար սկսած են աճեցնել խաղողը ցորեն աճեցնելէ քիչ անց՝ Քրիստոսէն շուրջ ութ հազար տարի առաջ: Հին ժամանակ գինին նոյնիսկ համարուած է բնութեան կախարդական պարգեւ:
Աշխարհի ամենահին հնձանը բացայայտուած է Հայաստանի լեռներէն մէկուն մէջ գտնուող քարայրի մը մէջ: Հետազօտողներու միջազգային խումբը յայտնաբերած է 6100 տարուան պատմութիւն ունեցող կարաս, մամլիչ, բաժակ, եւ խմորման համար նախատեսուած կարասներ Հայաստանի Արենի-1 կոչուող տարածքի քարայրներէն մէկուն մէջ: Արենի-1 քարանձաւային համալիրը կը գտնուի Հայաստանի Հանրապետութեան Վայոց Ձորի մարզի Արենի գիւղին մէջ: Եօթ ամիս անց նոյն քարանձաւին մէջ յայտնաբերուեցաւ նաեւ աշխարհի ամենահին կաշիէ կօշիկը՝ Արենի-1 կօշիկը: Արենի գիւղը յայտնի է գինիի արտադրութեամբ:
Պեղումներու համանախագահ, Գալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճըլեսի հնէաբանութեան Քոթսէն հիմնարկի նախագահ Կրեկորի Արեշեան կը կարծէ՝ այդ գինին կրնայ համեմատուիլ ժամանակակից չզտուած գինիին հետ եւ ունի այն նոյն համը, ինչ որ Մերլոթը: Արեշեանի խօսքով՝ այս հնձանի յայտնաբերումէն առաջ ամենահին հնձանը կը գտնուէր Իսրայէլի մէջ (Ք․Ա.1650թ): Հնագէտներու խօսքով՝ այն մարդիկ, որոնք թորած եւ խմած են այդ գինին, հաւանաբար օգտագործած են զայն արարողակարգային նպատակներով: