ԶԱՐՄԱՆԱԼԻ ՄՕՏԵՑՈՒՄ

Հա­ւա­քա­կան անվ­տան­գու­թեան պայ­մա­նագ­րի կա­զմա­կեր­պու­թեան (ՀԱՊԿ) Ե­րե­ւա­նի մէջ տե­ղի ու­նե­ցած գա­գա­թա­ժո­ղո­վէն վերջ Ռու­սաս­տա­նի Նա­խա­գահ Վլա­տի­միր Փու­թին յայ­տա­րա­րեց, որ բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րու ըն­թաց­քին քննար­կուած է նաեւ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հա­կա­մար­տու­թիւ­նը։ Ռուս ղե­կա­վա­րը Ե­րե­ւա­նի գա­գա­թա­ժո­ղո­վին ա­ռըն­չու­թեամբ յայ­տա­րա­րու­թիւն­ներ ը­րաւ «ՌԻԱ Նո­վոս­տի» գոր­ծա­կա­լու­թեան։ Փու­թին այս կա­պակ­ցու­թեամբ ը­սաւ. «ՀԱՊԿ ստեղ­ծուած է ար­տա­քին բնոյ­թով սպառ­նա­լիք­նե­րուն դէմ հա­մա­տեղ ար­ձա­գան­գե­լու հա­մար։ Մենք պէտք է ձե­ւով մը ար­ձա­գան­գենք նաեւ մեր շուրջ տե­ղի ու­նե­ցած­նե­րուն, բայց պէտք է ձգտինք, որ­պէս­զի բո­լոր խնդիր­նե­րը, ո­րոնք մե­զի հա­սած են ան­ցեա­լէն, լու­ծուին խա­ղաղ ճա­նա­պար­հով եւ փոխ­զի­ջում­նե­րու հի­ման վրայ։ Այն իսկ փոխ­զիջ­ման, ո­րուն պատ­րաստ է թէ՛ մէկ եւ թէ միւս կող­մը։ Այս հա­մա­տես­քին մէջ մենք քննար­կած ենք նաեւ ղա­րա­բա­ղեան խնդի­րը»։

Փու­թին շեշ­տեց, որ Ե­րե­ւա­նի մէջ քննար­կուած են նաեւ նախ­կին Խորհր­դա­յին Միու­թեան միւս հան­րա­պե­տու­թիւն­նե­րուն մի­ջեւ առ­կայ կարգ մը լա­րուա­ծու­թիւն­նե­րը։ «Մե­զի հա­մար նոյ­նիսկ կա­րե­ւոր չէ՝ նախ­կին Խորհր­դա­յին Միու­թեան այս կամ այն հան­րա­պե­տու­թիւ­նը ՀԱՊԿ-ի ան­դամ է, թէ ոչ։ Կա­րե­ւոր է, որ մենք այդ բո­լոր եր­կիր­նե­րուն հետ պատ­մա­կա­նօ­րէն ձե­ւա­ւո­րուած ա­ռանձ­նա­յա­տուկ յա­րա­բե­րու­թիւն­ներ ու­նինք։ Եւ ա­նոնք շատ ա­ւե­լի կա­րե­ւոր են ու խոր, ՆԱ­ԹՕ-ի եր­կիր­նե­րուն մի­ջեւ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու բաղ­դատ­մամբ։ Մենք չենք կրնար սա հա­շուի չառ­նել», նշեց Փու­թին։

Ե­րե­ւա­նի մօտ լայն ար­ձա­գանգ ստեղ­ծած է նաեւ ՀԱՊԿ-ի գա­գա­թա­ժո­ղո­վին ըն­թաց­քին Ռու­սաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Սէր­կէյ Լաւ­րո­վի կող­մէ կա­տա­րուած յայ­տա­րա­րու­թիւ­նը, ըստ ո­րու Թուր­քիա կրնայ դրա­կան դե­րա­կա­տա­րու­թիւն մը ու­նե­նալ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հա­կա­մար­տու­թեան կար­գա­ւոր­ման շրջագ­ծով։ Մինչ Ար­ցա­խի ճա­կա­տին վրայ Ատր­պէյ­ճա­նի կող­մէ հրա­դա­դա­րի խախ­տում­ներն ալ կը շա­րու­նա­կուին հե­տե­ւո­ղա­կա­նօ­րէն՝ հայ­կա­կան դի­ւա­նա­գի­տու­թիւ­նը վեր­ջին օ­րե­րուն Լաւ­րո­վի այս մօ­տե­ցում­նե­րուն դէմ հան­դէս ե­կաւ ի­րե­րա­յա­ջորդ քննա­դա­տու­թիւն­նե­րով։ News.am կայ­քէ­ջին տուած հար­ցազ­րոյ­ցին մէջ շա­բա­թա­վեր­ջին Հա­յաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց փոխ-նա­խա­րար Շա­ւարշ Քո­չա­րեան յայտ­նեց, թէ Թուր­քիա բա­ցա­յայտ միա­կող­մա­նի իր դիր­քո­րոշ­մամբ տեղ չու­նի Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հա­կա­մար­տու­թեան կար­գա­ւոր­ման ուղ­ղեալ բա­նակ­ցա­յին գոր­ծըն­թա­ցին մէջ։ Ըստ ի­րեն, Թուր­քիա պէտք է բա­նայ սահ­մա­նը Հա­յաս­տա­նի հետ ու պէտք է վերջ տայ Ատր­պէյ­ճա­նի սադ­րիչ եւ ա­պա­կա­ռու­ցո­ղա­կան քայ­լե­րը խրա­խու­սե­լու։

«Հոկ­տեմ­բե­րի 14-ին Ե­րե­ւա­նի մէջ ըն­դու­նուած ՀԱՊԿ-ի ան­դամ եր­կիր­նե­րու նա­խա­գահ­նե­րու՝ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հիմ­նախնդ­րի կար­գա­ւոր­ման վե­րա­բե­րեալ յայ­տա­րա­րու­թիւ­նը ա­ջակ­ցու­թիւն յայտ­նած է Վիեն­նա­յի եւ Սեն Փե­թերս­պուր­կի հա­մա­ձայ­նու­թիւն­նե­րուն՝ ուղ­ղուած հա­կա­մար­տու­թեան գօ­տիէն ներս ի­րադ­րու­թեան սրման թոյլ չտա­լու, ի­րա­վի­ճա­կի կա­յու­նաց­ման եւ խա­ղաղ գոր­ծըն­թա­ցի յա­ռաջ մղման հա­մար պայ­ման­նե­րու ստեղծ­ման։ Բա­ցա­ռա­պէս խա­ղաղ կար­գա­ւո­րու­մը պէտք է հիմ­նուած ըլ­լայ մի­ջազ­գա­յին ի­րա­ւուն­քի ե­րեք հան­րա­յայտ սկզբունք­նե­րուն՝ ու­ժի կամ ա­նոր սպառ­նա­լի­քի չկի­րառ­ման, պե­տու­թիւն­նե­րու տա­րած­քա­յին ամ­բող­ջա­կա­նու­թեան եւ ժո­ղո­վուրդ­նե­րու ի­րա­ւա­հա­ւա­սա­րու­թեան եւ ինք­նո­րոշ­ման ի­րա­ւուն­քի վրայ», ը­սաւ Շա­ւարշ Քո­չա­րեան։

Միեւ­նոյն ժա­մա­նակ փոխ-նա­խա­րա­րը ընդգ­ծեց, որ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հա­կա­մար­տու­թեան կար­գա­ւոր­ման հար­ցին շուրջ Ռու­սաս­տա­նի դիր­քո­րո­շու­մը ար­տա­յայ­տուած է այդ յայ­տա­րա­րու­թեամբ, այլ ոչ թէ Ատր­պէյ­ճա­նի լրա­տուա­մի­ջոց­նե­րով հրամ­ցուող Թուր­քիոյ Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թեան կող­մէ Սէր­կէյ Լաւ­րո­վի խօս­քե­րու այ­լա­սեր­մամբ. ո­րա­կա­ւո­րում, ո­րուն նա­խա­պէս Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի բա­նակ­ցա­յին գոր­ծըն­թա­ցը խե­ղա­թիւ­րե­լու պատ­ճա­ռով ար­ժա­նա­ցած էր ատր­պէյ­ճա­նա­կան կող­մը։

Իր կար­գին, Սէր­կէյ Լաւ­րո­վի յայ­տա­րա­րու­թիւ­նը մեկ­նա­բա­նեց նաեւ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի ար­տա­քին գոր­ծոց նախ­կին նա­խա­րար Ար­ման Մե­լի­քեան։ Ըստ ի­րեն, Սէր­կէյ Լաւ­րով իր վեր­ջին յայ­տա­րա­րու­թեամբ ակ­նար­կած է, որ Մոս­կուա պաշ­տօ­նա­պէս կողմ­նա­կից կ՚ըլ­լայ, որ­պէս­զի Ար­ցա­խի տա­րածք­նե­րու յանձն­ման հաշ­ւոյն սկսի Թուր­քիա-Հա­յաս­տան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու կար­գա­ւոր­ման գոր­ծըն­թա­ցը։ Ար­ման Մե­լի­քեան հա­մո­զուած է, որ Լաւ­րով լաւ գի­տէ, որ ին­չի մա­սին է խօս­քը։ «Բո­լո­րո­վին վեր­ջերս Թուր­քիոյ Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Չա­վու­շօղ­լու յայ­տա­րա­րեց այն մա­սին, թէ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի կող­մէ այս­պէս կո­չուած ատր­պէյ­ճա­նա­կան նախ­կին հինգ շրջան­նե­րու յանձ­նու­մը կրնայ խթա­նել հայ-թրքա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու բա­րե­լաւ­ման գոր­ծըն­թա­ցը։ Որ­քան յայտ­նի է՝ տա­րածք­ներ յանձ­նե­լու տար­բե­րա­կը դի­տար­կուած է նաեւ Քրեմ­լի­նի կող­մէ, որ­պէս հա­կա­մար­տու­թիւ­նը իբր թէ կար­գա­ւո­րե­լու ա­ռա­ւել ի­րա­տես տար­բե­րակ։ Ըստ էու­թեան Պա­րոն Լաւ­րով ակ­նար­կած է, որ Մոս­կուա պաշ­տօ­նա­պէս կողմ­նա­կից կ՚ըլ­լայ, որ­պէս­զի Ար­ցա­խի տա­րածք­նե­րու յանձն­ման հաշ­ւոյն սկսի հայ-թրքա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու կար­գա­ւոր­ման գոր­ծըն­թա­ցը։ Պարզ է, որ քա­նի տա­կա­ւին հայ-թրքա­կան սահ­մա­նը կը վե­րահս­կուի ռուս սահ­մա­նա­պահ­նե­րու կող­մէ՝ Ան­գա­րա­յի հետ մեր յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու բա­րե­լաւ­ման չա­փը պի­տի ո­րո­շուի Մոս­կուա­յի մէջ։ Այ­սինքն՝ այս տար­բե­րա­կի գոր­ծարկ­ման պա­րա­գա­յին՝ Ատր­պէյ­ճա­նին տա­րածք­ներ պէտք է յանձ­նենք ըն­դա­մէ­նը այն բա­նին հա­մար՝ որ­պէս­զի Ռու­սաս­տան հեր­թա­կան ան­գամ մեր ար­մա­տա­կան շա­հե­րու հաշ­ւոյն կար­գա­ւո­րէ սե­փա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը Պա­քուի եւ Ան­գա­րա­յի հետ։

«Ի­րա­կա­նու­թեան մէջ Ռու­սաս­տան Հա­րա­ւա­յին Կով­կա­սի մէջ սե­փա­կան շա­հե­րը ա­պա­հո­վե­լու եւ դիր­քե­րը պահ­պա­նե­լու միայն մէկ տար­բե­րակ ու­նի։ Այդ մէ­կը ա­մե­նե­ւին չի նա­խա­տե­սեր Ար­ցա­խի տա­րած­քի զո­հա­բե­րու­թիւն։ Բայց ա­սոր հա­մար մեր ռու­սաս­տան­ցի գոր­ծըն­կեր­նե­րէն պի­տի պա­հան­ջուի քա­ղա­քա­կան հե­ռա­տե­սու­թիւն եւ ո­րոշ խի­զա­խու­թիւն։ Ժա­մա­նա­կը ցոյց կու տայ, թէ ա­նոնք ի­րա­կա­նու­թեան մէջ ինչ բա­նի ըն­դու­նակ պի­տի ըլ­լան», նշեց Ար­ման Մե­լի­քեան։

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 17, 2016