ԱՊԱՀՈՎՈՒԹԻՒՆ-ՏԵՍԱԿԱՆԻ
Մղում մը կար կ՚երեւի որմէ՝ ՊԻԿ ՊԷՆԿ ու... համաստեղութիւն, աստղեր, արեւներ, մոլորակներ եւ անոնցմէ՝ մերը, ու կեանքի յառաջացում, օդային, ծովային, ցամաքային: Իսկ կենդանականին մէջ՝ ապահովութեան հրամայականը, որմէ՝ աճիլ, բազմանալ...
Ու մէկ զոյգ առնէտ կրնայ մէկ տարուան մէջ 840-ի վերածուիլ:
National Geographic-ի մէջ տեսայ կենդանիի մը նկարը, հողին տակ, ու գրութիւնը հետեւեալն էր. «Թաքստոցը, որ դարձաւ նաեւ՝ գերեզմանը»:
Ինչո՞ւ այս պատկերը դրոշմուած է մէջս... պատճառը դիւրին է. քանի որ մենք իբրեւ հայ թաքստոցներու ապաւինած ենք եւ սակայն, անոնք ալ դարձած են մեր գերեզմանները: Ի հարկէ, գուցէ ա՛յդ էր յարմարագոյնը տուեալ ժամանակին: Մարդկային տեղաշարժներ ալ բնութեան մէկ պատկերը կը կազմեն, ինչպէս նաեւ պատերազմներն ու գաղթերը:
Եթէ մտնէք գրական անդաստան, տեսակաւոր օրինակներ կան ապահովութիւն որոնող.
«Թէեւ հայրս ու մայրս զիս թողուն,
Բայց Տէրը զիս պիտի ընդունի» (Սաղմոս 27:10)
Ապահովութիւն՝ գերմարդկային էակին մէջ:
Ուրիշ օրինակ մը, որ կարելի չէ զանցառնել. «Ու հիմա, ես մահուան արժանի եւ ամէն կերպով խաբուած մահկանացուս... պէտք է պաղատիմ երկրածի՞ն մէկու մը...: Ոչ երբեք, այլ քե՛զի միայն պիտի պաղատիմ, բարերար եւ երկինքի մէջ օրհնեալ Աստուած»: (Նարեկ, ԲԱՆ ԾԱ)
«Ոչ ոք ըսաւ- հէք տղայ
Արդեօք ինչո՞ւ կը մխայ.
Թերեւս ըլլայ գեղանի,
Թէ որ սիրեմ, չը մեռնի»:
(Պ. Դուրեան)
Կեանքի կանչ մահամերձ հանճարին...
«Անուշ հոգի մը ըլլար,
Ես այդ հոգւոյն սիրահար,
Ան իմ երկինքս ըլլար»
(Վ. Թէքէեան)
Հոգեկան ընկերակցութիւն, ինչ որ յատուկ է մարդ-արարածին, ինչ որ յատուկ է, ի մասնաւորի, ամուրի բանաստեղծին:
Այլեւս ի՞նչ. հոգեկանէ աւելի ֆիզիքական ապահովութեան հաշւոյն Ռազմիկ Դաւոյեան մը պիտի գրէր.
«Բաց կեղեւդ, ծառ»,
Առ ինձ կեղեւիդ մէջ»:
Վերջապէս այս անապահով մոլորակի բնակիչներուն, ի մասնաւորի մարդ-արարծին, ապահովութիւնը գլխաւոր անհրաժեշտութիւնն է. ի բաց առեալ բացառիկ խիզախներուն, որոնց համար ապահովութիւնը աննկատ իրականութիւն է, իսկ զայն շրջանցելը՝ ԻՄԱ՛ՍՏՆ ԱՊՐԵԼՈՒՆ:
ՍԱՐԳԻՍ ՓՈՇՕՂԼԵԱՆ
«Զարթօնք», Լիբանան