ՄՈՒՍՈՒԼԻ ՃԱԿԱՏԱՄԱՐՏԸ ՃԱԿԱՏԱԳՐԱԿԱՆ՝ ԱՄԲՈՂՋ ՇՐՋԱՆԻՆ ՀԱՄԱՐ
Այս առաւօտ կանուխ սկիզբ առաւ իրաքեան Մուսուլ նահանգի ԻՇԻՊ-էն ազատագրելու ճակատամարտը: Այս մասին յայտնող աղբիւրներ հաւաստեցին, որ ամերիկեան կործանիչներ ԻՇԻՊ-ի դիրքերու ուղղութեամբ «խելացի» հրթիռներ արձակելով ազդանշանը տուին այդ պատերազմին: Իր կարգին Իրաքի Վարչապետ Հայտար Իպատի պետական հեռուստակայանէն խօսելով յայտատարեց՝ «Եկած է Մուսուլ սիրելի նահանգը ահաբեկիչներէն ազատելու ժամը»: Իրաքցի ղեկավարը նաեւ ըսաւ, որ Մուսուլը պիտի ազատագրուի շնորհիւ, իր զաւակներու ճիգերուն: Նշենք, որ ԱՄՆ-ի Պաշտպանութեան նախարար Էշթըն Քարթըր եւս խօսեցաւ Մուսուլի մասին ու ըսաւ. «Այս ճակատամարտը պիտի ըլլայ կարեւոր եւ ճակատագրական»:
Մուսուլի մէջ տեղի ունենալիք «սպասուած» ճակատամարտը մեծ կարեւորութիւն կը ներկայացնէ ոչ միայն իրաքեան ընդհանուր տեսարանին վրայ, այլ նաեւ շրջանային առումներով:
«Իրաք-Շամի իսլամական պետութիւն»ը (ԻՇԻՊ), որուն ահաբեկիչ զինեալները 10 Յունիս 2014-ին Մուսուլը գրաւեցին ու շրջանին առաջին անգամ ըլլալով իրենց շարժումին սեւ դրօշները տեղադրեցին, այսօր յայտնուած են ոչ-նախանձելի վիճակի մը մէջ:
Մէկէ աւելի միջազգային լրատուական աղբիւրներ տակաւին կը խօսին այն մասին, թէ ԻՇԻՊ նախազգալով իր դէմ եղած վտանգը՝ իր հիմնական առաջնորդներն ու անոնց ընտանիքները տեղափոխած է Ռաքքա: ԻՇԻՊ-ի դէմ կազմուած միջազգային համախոհութեան դէմ եղող կողմեր այս առումով փաստարկներ կը ներկայացնեն եւ կը յայտնեն, որ անոր առաջնորդները յաջողած են Սուրիա անցնիլ, պարզ անոր համար, որ Իրաք-Սուրիա սահմանային հատուածը, ուր յատկապէս Ռուա եւ Ալ Քաէմ քաղաքները ԻՇԻՊ-ի «բաց գօտի»ներն են, հոն իրադրութիւնը համախոհութեան ուժերու ղեվավար մարմիններուն յայտարարածին պէս չէ:
BBC Arabic կայանը իր կարգին կարեւոր հարցադրում մը ընելով յայտնած է, որ Մուսուլը ԻՇԻՊ-ի լուծէն ազատագրելու պատերազմը կրնայ ուշանալ ազդուելով՝ վերջին օրերուն իր գագաթնակէտին հասած Պաղտատ-Անգարա սուր լարուածութենէն:
Յիշեցնեմ, որ անցեալ շաբաթ Թուրքիոյ Նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանին եւ Իրաքի Վարչապետ Հայտար Իպատիին միջեւ լարուածութիւնը «գլած անցած» էր բոլոր հասկնալի եւ մինչ այդ յարգելի համարուած կարմիր գիծերը:
Մինչ Նախագահ Էրտողան Քոնիայի մէջ խօսք առնելով կը յայտարարէր, որ թրքական ուժերը ամէն գնով պիտի մասնակցին Մուսուլը ԻՇԻՊ-էն ազատագրելու ճակատամարտին, անդին Հայտար Իպատի կը յայտարարէր, որ ամէն ճիգ պիտի ընէ թրքական ուժերուն Մուսուլի ազատագրութեան մասնակցելուն դէմ արգելքներ դնելու համար:
Տակաւին աւելին ալ կար. երկու երկիրներուն ղեկավարները կ՚անցնէին վիրաւորական ոճով եղած յայտարարութիւններու, իրենց վրայ կեդրոնացնելով շրջանային ուժերու ամբողջ ուշադրութիւնը:
Խորքին մէջ ուրկէ՞ մէջտեղ կու գար եւ կ՚աճէր այս լարուածութիւնը, մանաւանդ, որ այս հանգրուանին համար հիմնականը Մուսուլը ազատագրելն էր:
Հասկնալու համար Իրաք-Անգարա տարակարծութեան ու բախումի հանգրուանին հասած լարուածութիւնը՝ պէտք է տեղեակ ըլլալ, որ Թուրքիա Մուսուլի մօտ եղող Պաշիքա շրջանին մէջ ունի զինուորական զօրակայան մը, ուր իրենց պարտականութիւնը կը կատարեն թրքական բանակի 2000 զինուորներ: Անգարա այդ շրջանին մէջ ռազմախարիսխ մը հիմնած էր անսալով թէ՛ Պաղտատի ղեկավարութեան եւ թէ Հիւսիսային Իրաքի քրդական ղեկավարութեան կոչին: Բացի այդ, թրքական ուժեր ստանձնած էին շրջանի սիւննի եւ թիւրքմէն իրաքցիներու եւ քիւրտ փեշմերկէներու ուժերու վերապատրաստումը եւ զինումը:
Էրտողան այդ համայանքներուն համար էր, որ յայտարարած էր, թէ՝ «Թուրք զինեալ ուժերը պատրաստ են իր պարտականութիւնները կատարել եւ ապահովել մեր թուրքմէն հայրենակիցներուն անվտանգութիւնը»:
Պաղտատի մէջ սակայն Թուրքիոյ Մուսուլի ճակատամարտին մասնակցելու հարցին նոյն հայեացքով չեն նայիր: Վարչապետ Հայտար Իպատի եւ իր համախոհները թրքական ուժերուն Իրաք գտնուիլը կը համարէին բռնագրաւում: Իրաքեան խորհրդարանը արտակարգ ժողով մը գումարելով թրքական ուժերէն կը պահանջէր արագօրէն դուրս գալ երկրէն: Այլ խօսք, որ այդ օրինագիծը գործադրուելու ուժ չունէր, հակառակ Պաղտատի ղեկավարութեան թրքական ուժերուն դէմ ունեցած հակակրանքին, թրքական բանակը կը շարունակէր մնալ Իրաքի մէջ:
Եթէ ճիշդ քննենք առարկաները՝ ապա պարզօրէն կ՚երեւի, որ Իրաքի մէջ տեղի ունեցող խմորումները կապ ունին սիւննի-շիի ընդհանուր հակամարտութեան հետ:
Բաւական խորքային եւ պատմական արմատներ ունեցող ու ատելութեամբ լեցուն «լուռ հակամարտութիւն» մը, որ սկսած է տարածուիլ արաբական բոլոր երկիրներուն մէջ:
Մուսուլի ճակատամարտին պատրաստուող կարեւորագոյն կողմերէն մին է «Տիֆահ շապհի» անունը կրող ջոկատը, որ կազմուած էր Թեհրանի անմիջական նեցուկով եւ օգնութեամբ: Այս ջոկատներուն դէմ հաւասարազօր ուժ ստեղծելու միտումով Թուրքիա ձեռնարկեց «Տիֆահ ուաթանի» անունը կրող ջոկատներու ստեղծման: Անգարա եւ Էրտողան անձնապէս տարբեր առիթներով այս մասին խօսելով դիտել տուած էին, որ Իրաքի մէջ ու մասնաւորապէս Մուսուլի շուրջ կան տարբեր համայնքներ, որոնց ամենէն կարեւորը շրջանի թիւրքմէններն էին:
Մուսուլի գրաւումէն առաջ եւս Իրաքի թիւրքմէն համայնքը կարեւոր ներկայութիւն եղած է նոյնինքն Մուսուլի մէջ:
Այս յստակ եւ օրկանիք պատճառներէն անդին յստակ էր նաեւ, որ պաշտօնական Պաղտատի համար անընդունելի պիտի ըլլար, որ Թուրք զինեալ ուժերը՝ իր ունեցած արդիական հնարաւորութիւններով, դառնար Մուսուլը ԻՇԻՊ-էն ազատագրող յառաջատար ուժ։ Իբր այդ, Իրաքի վարչապետն ու անոր համակիր շրջանակները ծանր մեղադրանքներ կը հնչեցնէին Անգարայի դէմ եւ կը պահանջէին Թուրքիայէն վայրկեան առաջ իր ուժերը հեռացնել Իրաքէն:
Գալով ԻՇԻՊ-ին, ինչպէս վերը նշեցի, ան նախազգալով իր դէմ եղած վտանգը՝ իր յառաջատար ամենէն կարեւոր առաջնորդները հեռացուցած էր Մուսուլէն: Տակաւին ըստ «Ալ Սաֆիր» պարբերականին, վերջերս Մուսուլի մէջ եղած է ներքին ապստամբութեան փորձ մը, որուն դէմ դնելով ԻՇԻՊ ձերբակալած ու ապա գլխատած է 58 «ընդդիմադիր»ներ։
ԻՇԻՊ-ի ամենաբարձր օղակներուն մէջ սուր տարակարծութիւններ կան ու բնական է, երբ անոնք յայտնուին գոյութեան վտանգի առջեւ, պիտի ապրին ներքին խլրտումներ, որոնց արդիւնքով սկիզբ պիտի առնէ ներքին արիւնահոսութեան փուլ մը:
Մուսուլ քաղաքի մասին տեղեկութիւններու նուազութեան պատճառով է նաեւ, որ յստակ չէ, թէ ինչ իրավիճակ կը տիրէ երկրի երկրորդ մեծագոյն քաղաքին մէջ, սակայն հիմնուելով հրպարակուած քիչ տեղեկութիւններուն վրայ՝ յստակ կը դառնայ, որ ԻՇԻՊ ունի ներքին հիմնահարցեր, որոնք աւելի պիտի շեշտուին յառաջիկայ օրերուն:
ԻՇԻՊ վճռած է գործադրել յարձակող ուժերուն ծանր վնասներ հասցնելու զինուորական մարտավարութիւն մը: Մինչ անոր զինեալները ծանր կորուստներ կրեցին իրաքեան Ֆալուժա եւ Ռամատի քաղաքներուն մէջ, ԻՇԻՊ պիտի ուզէ ամէն գնով պայքարիլ եւ նոր մեթոտներ գործի դնելով փորձել սպաննել մեծ թիւով Մուսուլ մուտք գործել ուզող ուժերու անդամները:
Այդ մարտավարութեան մասին խօսելով պէտք է հասկնալ, որ ԻՇԻՊ գործի պիտի դնէ անձնասպանական գործողութիւններ եւ ականուած ինքնաշարժներ օգտագործելու մարտավարութիւն մը: Յստակ է նաեւ, որ տարբեր քաղաքներու մէջ ծանր պարտութիւն կրած ահաբեկչական խմբաւորումը որոշած է այս փուլին գործադրել անձնասպաններու լեզուով խօսելու մարտավարութիւնը:
Մուսուլի մէջ տեղի ունենալիք ճակատամարտը նոյնչափ մեծ կարեւորութիւն կը ներկայացնէ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներուն համար: ԱՄՆ-ի մէկէ աւելի զինուորական պատասխանատուներ յայտնած են, որ իրենց համար ներկայիս կարեւոր ալ չէ, թէ ո՛վ առաջինը կը գրաւէ Մուսուլը, այլ կարեւորը այդ քաղաքին ազատագրումն է: Բացի այս յայտարարութենէն, յստակ է նաեւ, որ ԱՄՆ-ի համար Իրաքի խաղաքարտը դարձած էր երկրորդական հարց ու ներկայիս կարեւորը Սուրիոյ ու յատկապէս Հալէպի ճակատագիրն է:
Այստեղ բացակայ է նաեւ ռուսական դերը։ Յստակ է, որ Ռուսաստան այս գործընթացներուն կը մասնակցի իրանեան պատուհանէն: Մինչ Թեհրան լռութեամբ կը հետեւի ընթացող գործընթացներուն, յստակ է նաեւ, որ Թուրքիոյ եւ Իրաքի միջեւ տեղի ունեցող պարանաձգութիւնը ունի ներհամայնքային հակամարտութեան երանգներ:
Իրաքցի լրագրող Խալէտ Ալ Քիսիի կարծիքով՝ «Թուրքիա պիտի փորձէ ամէն գնով մասնակցիլ Մուսուլի ճակատամարտին ու այդ քաղաքը ազատագրել ԻՇԻՊ-ի լուծէն: Անգարայի համար շատ կարեւոր է խօսիլ համաիսլամական արժէքներու լեզուով ու բոլոր առիթները օգտագործել դառնալու սիւննի աշխարհի հիմնական եւ ուժեղագոյն խօսնակը»։ Չէ բացառուած նաեւ, որ Պաղտատ-Անգարա այս սրացումին մէջ Թեհրան ստանձնէ հաշտարարի կարեւոր դերը:
Ի վերջոյ պէտք է նաեւ հասկնալ, որ Մուսուլի ճակատամարտը պիտի բանայ յարաբերութիւններու նոր ձեւաչափ մը, ուր պիտի ճշդուին Անգարայի եւ Պաղտատի յարաբերութիւններու նոր «սահմաններ»ը: Թուրքիա Իրաքի հետ ունի 350 քմ. երկարութեամբ սահման մը ու Անգարայի համար կենսական է ապահովել այդ սահմանի ամբողջ երկայնքը: Այս բոլորը յստակ պիտի դառնան, եթէ Մուսուլը ազատագրելու պայքարը սկիզբ առնէ, որուն ուշացման կամ յետաձգման տուեալները աւելի են, քան ԻՇԻՊ-ի դէմ հնչող բոլոր կողմերուն պատերազմական շեփորները:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան