ՖԷՐԻԳԻՒՂԻ ՄԷՋ ՍԿՍԱՆ ՏԱՐԵԿԱՆ ՄԱՏԱՂՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

Ֆէ­րի­գիւ­ղի ըն­տա­նի­քը ե­րէկ պաշ­տօ­նա­պէս սկիզբ տուաւ թա­ղի Մէ­րա­մէթ­ճեան վար­ժա­րա­նի ի նպաստ կազ­մա­կեր­պուե­լիք տա­րե­կան սի­րոյ սե­ղա­նի նա­խա­պատ­րաս­տա­կան աշ­խա­տանք­նե­րուն։ Ծա­նօթ է, որ ա­տե­նա­պետ Մա­նուկ Էօ­ղէ­րի կող­մէ գլխա­ւո­րուած թա­ղա­յին խոր­հուր­դը գեր­մարդ­կա­յին ջան­քեր ի գործ կը դնէ Մէ­րա­մէթ­ճեան վար­ժա­րա­նի եր­թը կա­յուն պա­հե­լու հա­մար։ Հա­կա­ռակ ա­նոր, որ Մէ­րա­մէթ­ճեան վար­ժա­րա­նը կը գոր­ծէ մեր ա­մե­նա­հա­յա­հոծ թա­ղէն ներս, դժբախ­տա­բար ա­նոր խնդիր­նե­րը շատ բարդ են։ Ա­շա­կերտ­նե­րու սա­կա­ւու­թե­նէ սկսեալ մին­չեւ պիւտ­ճէի նեղ պայ­ման­ներ՝ բազ­մա­թիւ մար­տահ­րա­ւէր­ներ ծա­ռա­ցած են Ֆէ­րի­գիւ­ղի ըն­տա­նի­քին առ­ջեւ։ Տա­րե­կան մա­տա­ղօրհ­նու­թեան ըն­դա­ռաջ, հեր­թա­կան ան­գամ Ֆէ­րի­գիւ­ղի ըն­տա­նի­քը կ՚են­թար­կուի զօ­րա­կո­չի, ե­րաշ­խա­ւո­րե­լու հա­մար Մէ­րա­մէթ­ճեան վար­ժա­րա­նի կա­յուն եր­թը։ Տնօ­րէ­նու­հի Ար­փի Մա­նու­կեա­նի կող­մէ գլխա­ւո­րուած կրթա­կան մշակ­նե­րը մեծ ջան­քեր կը գոր­ծադ­րեն դպրո­ցի մա­կար­դա­կը բարձր պա­հե­լու եւ ա­մէն տե­սա­կէ­տէ կա­տա­րեալ ա­շա­կերտ­ներ պատ­րաս­տե­լու ա­ռա­ջադ­րու­թեամբ։ Իսկ թա­ղա­յին խոր­հուր­դը այդ վաս­տա­կը ար­ժե­ւո­րե­լու եւ դպրո­ցի գոր­ծու­նէու­թեան տե­ւա­կա­նա­ցու­մը ա­պա­հո­վե­լու հա­մար տա­րի­նե­րէ ի վեր մեր ամ­բողջ հա­մայն­քը շարժ­ման կ՚ան­ցը­նէ։

Հա­մայն­քա­յին վա­քըֆ­նե­րու հար­թա­կի (VADİP) վեր­ջին ժո­ղո­վի ըն­թաց­քին Մա­նուկ Էօ­ղէր Ֆէ­րի­գիւ­ղի այս տա­րուան մա­տա­ղօրհ­նու­թեան ըն­դա­ռաջ ու­նե­ցաւ յատ­կան­շա­կան ե­լոյթ մը։ Մանուկ Էօղէր շեշ­տեց, որ Մէ­րա­մէթ­ճեան վար­ժա­րա­նի ան­մի­ջա­կան շրջա­կայ­քի մար­դու­ժով այ­սօր կը գո­յա­տե­ւեն հայ­կա­կան վեց վար­ժա­րան­ներ։ Մա­նուկ Էօ­ղէ­րի այդ մատ­նան­շու­մը կա­րե­ւոր նշա­նա­կու­թիւն ու­նի զա­նա­զան ա­ռում­նե­րով, թէ՛ մար­դու­ժի հարս­տու­թեան եւ թէ այդ մէ­կը հա­մա­կար­գուած, նպա­տա­կաս­լաց եւ ար­դիւ­նա­ւէտ ձե­ւով տնօ­րի­նե­լու տե­սա­կէ­տէ։ Մեր հա­մայն­քի հա­ւա­քա­կան կեան­քի եւ կրթա­կան հա­մա­կար­գի բո­լոր խնդիր­նե­րը ներ­կա­յիս ի­րենց վառ դրսե­ւո­րու­մը կ՚ու­նե­նան Ֆէ­րի­գիւ­ղի պա­րա­գա­յին։ Դժբախ­տա­բար, այդ խնդիր­նե­րուն լու­ծու­մը կը յա­պա­ղի վար­չա­կան կամ­քի եւ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան ո­գիի պա­կա­սին հե­տե­ւան­քով։ Ֆէ­րի­գիւ­ղի ըն­տա­նի­քը մեր հա­մայն­քի այն բջիջ­նե­րէն է, որ ա­ռա­ւե­լա­գոյն հա­մե­մա­տու­թեամբ կը տու­ժէ այս ի­րա­վի­ճա­կին հե­տե­ւան­քով։

Ուս­տի, այս տա­րուան մա­տա­ղօրհ­նու­թիւնն ալ ճա­կա­տագ­րա­կան նշա­նա­կու­թիւն կը ներ­կա­յաց­նէ ֆէ­րի­գիւղ­ցի­նե­րուն հա­մար։ Ե­րէկ ե­րե­կո­յեան տա­րե­կան մա­տա­ղօրհ­նու­թեան պատ­րաս­տու­թիւն­նե­րը սկսան այս ծանր ի­րա­վի­ճա­կով պայ­մա­նա­ւո­րուած պայ­քա­րի տրա­մադ­րու­թեամբ։ Ֆէ­րի­գիւղ­ցի­նե­րը եր­կար ժա­մա­նա­կէ ի վեր օ­րի­նա­կե­լի յա­մա­ռու­թեամբ բաց կը պա­հեն Մէ­րա­մէթ­ճեան վար­ժա­րա­նի դռնե­րը եւ ա­նոր ա­շա­կեր­տու­թեան ար­ձա­նագ­րած զա­նա­զան յա­ջո­ղու­թիւն­ներն ալ բնա­կա­նա­բար ար­տա­սո­վոր ու­րա­խու­թեան եւ նոյն­պէս ար­տա­սո­վոր հպար­տու­թեան ա­ռիթ կը հան­դի­սա­նայ։

Տ. Թա­թուլ Ծ. Վրդ. Ա­նու­շեա­նի կող­մէ օրհ­նուած սե­ղան­նե­րուն շուրջ ե­րէկ ե­րե­կո­յեան հա­մախմ­բուե­ցան Ֆէ­րի­գիւ­ղի յա­րա­կից բո­լոր մար­մին­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը, հա­մա­կիր­նե­րը, հա­մայն­քա­յին մար­մին­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ, բազ­մա­թիւ ծա­նօթ ազ­գա­յին­ներ, բա­րե­րար­ներ եւ հիւ­րեր։ Ս. Վար­դա­նանց ե­կե­ղեց­ւոյ յա­րա­կից «Շի­րի­նօղ­լու» սրա­հին մէջ բո­լո­րը կրկնե­ցին ի­րենց զօ­րակ­ցու­թիւ­նը ի նպաստ վար­ժա­րա­նին։ Ներ­կայ էին նաեւ Տ. Զօհ­րապ Քհնյ. Ճի­վա­նեան եւ Տ. Շիր­վան Քհնյ. Միւր­զեան։ Ա­տե­նա­պետ Մա­նուկ Էօ­ղէր եւ իր ըն­կեր­նե­րը ջերմ մթնո­լոր­տի մը մէջ հիւ­րըն­կա­լե­ցին բո­լոր ներ­կա­նե­րը։

Հա­ւա­քոյ­թի տե­ւո­ղու­թեան ե­լոյթ­ով մը հան­դէս ե­կաւ Մա­նուկ Էօ­ղէր։ Իսկ հուսկ բան­քը ը­րաւ Տ. Թա­թուլ Ծ. Վրդ. Ա­նու­շեան, որ ար­տա­սա­նեց նաեւ փակ­ման ա­ղօթ­քը։

Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան վարժարանի ի նպաստ մա­տաղօրհնութիւնը տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ Նո­յեմբերի 6-ին։

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 18, 2016