ՄԱՀ՝ ՄՈՎՍԷՍ ՊԸՉԱՔՃԵԱՆԻ
Ցաւով տեղեկացանք, որ Փարիզի մէջ իր մահկանացուն կնքած է սփիւռքահայ երէց սերունդի գրողներէն Մովսէս Պըչաքճեան։ Վերջին շաբաթներուն ան ունեցած է առողջական վերիվայրումներ, որոնց հետեւանքով փոխադրուած է հիւանդանոց, սակայն դժբախտաբար իրեն մատուցուած խնամքը մնացած է անբաւարար։
76 տարեկան հասակին կեանքէ հեռացած Պըչաքճեան անգլերէն լեզուի եւ գրականութեան մասնագէտ էր։ Մերձաւոր Արեւելքի գաղութներուն մէջ թէ՛ արտադրած եւ թէ գործած էր որպէս կրթական մշակ։ Իր ստեղծագործութիւնները ամփոփուած էին վերջերս Երեւան լոյս ընծայուած հատորի մը մէջ։
Մովսէս Պըչաքճեան երկար տարիներ վարած էր նաեւ Փարիզի առաջնորդանիստ մայր եկեղեցւոյ դիւանապետի պաշտօնը։