ՀՐԱԶԴԱՆ ԹՈՔՄԱՃԵԱՆԻ ԳՐՔԻՆ ՇՆՈՐՀԱՆԴԷՍԸ՝ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ՊԱՏԿԵՐԱՍՐԱՀԻՆ ՄԷՋ

Ե­րէկ, Ե­րե­ւա­նի մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ ազ­գագ­րա­գէտ ու գե­ղան­կա­րիչ Հրազ­դան Թոք­մա­ճեա­նի «Գա­լէմ­քեա­րեան­ներ. Այն­թապ, Դա­մաս­կոս, Հա­լէպ» խո­րագ­րեալ գրքին ցու­ցա­հան­դէ­սը, որ կազ­մա­կեր­պուած էր Հա­յաս­տա­նի Սփիւռ­քի նա­խա­րա­րու­թեան նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ։ Ազ­գա­յին պատ­կե­րաս­րա­հի եր­դի­քին տակ տե­ղի ու­նե­ցաւ այս ձեռ­նար­կը, ո­րուն ներ­կայ գտնուե­ցան Հա­յաս­տա­նի Սփիւռ­քի նա­խա­րար Հրա­նոյշ Յա­կո­բեան, Մշա­կոյ­թի փոխ-նա­խա­րար Ներ­սէս Տէր-Վար­դա­նեան, Հայ Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղեց­ւոյ Բե­րիոյ Թե­մա­կալ Ա­ռաջ­նորդ Տ. Շա­հան Արք. Սար­գի­սեան եւ բազ­մա­թիւ հիւ­րեր, ո­րոնք բարձր գնա­հա­տան­քով ու ջերմ զգա­ցում­նե­րով շրջա­պա­տե­ցին հե­ղի­նա­կը, որ ծնած է Կիւմ­րիի մէջ, աշ­խա­տած՝ Ի­ջե­ւան, այ­նու­հե­տեւ ալ հաս­տա­տուած՝ Հա­լէպ։ Այս­պէ­սով ան կու­տա­կած է ու­րոյն եւ բազ­մա­կող­մա­նի փոր­ձա­ռու­թիւն, յա­ջո­ղած է ստեղ­ծել գե­ղե­ցիկ օ­րի­նակ մը։

Նա­խա­րար Հրա­նոյշ Յա­կո­բեան կա­րե­ւո­րեց հայ ար­հես­տա­ւոր­նե­րը եւ ը­սաւ, թէ Մեր­ձա­ւոր Ա­րե­ւել­քի մէջ գոր­ծող հայ վար­պետ­նե­րու փոր­ձա­ռու­թիւ­նը ան­պայ­ման պէտք է փո­խան­ցուի Հա­յաս­տա­նի նոր սե­րուն­դի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն։ Ան ընդգ­ծեց, որ Նո­րին Սրբազ­նու­թիւ­նը խրա­խու­սած է այս գրքին հրա­տա­րա­կու­թիւ­նը։

Ա­ւե­լի վերջ ար­տա­յայ­տուե­ցան՝ Տ. Շա­հան Արք. Սար­գի­սեան, լրագ­րող Թո­րոս Թո­րա­նեան եւ ա­րուես­տա­բան Շա­հէն Խա­չատ­րեան։ Գոր­ծադ­րուե­ցաւ նաեւ գե­ղա­րուես­տա­կան յայ­տա­գիր։

Իր կար­գին, Հրազ­դան Թոք­մա­ճեանն ալ յայտ­նեց, որ հա­մայն հա­յու­թեան ա­պա­գան Հա­յաս­տա­նի մէջ է։ Ան ա­ռա­ջար­կեց, որ հայ հե­տա­զօ­տող­ներն ու ա­րուես­տա­բան­նե­րը ու­սում­նա­սի­րու­թեան նիւթ դարձ­նեն այն համ­բա­ւա­ւոր հայ ար­հես­տա­ւոր­նե­րու ըն­տա­նիք­նե­րը, ո­րոնց ա­նուն­նե­րը կը տո­ղան­ցեն իր գոր­ծին մէ­ջ։

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 20, 2016