ՇՈՒՔԻ ԳՈՐԾԸ

-Հար­սի հա­գուս­տին տե­ղը ա­զատ ձգե­ցէք, շատ մի՛ խճո­ղէք: Ա­ջին՝ շու­քի գոր­ծը, իսկ ձա­խին նշան­տու­քի հա­գուս­տը թող ըլ­լայ, ո­րուն կող­քին նախ տղու տու­նին նուի­րած գի­շե­րա­յին հա­գուստ­նե­րը կը շա­րէք, ա­պա ձեր գնած­նե­րը, այս­պէս է կար­գը,- Կը յոր­դո­րէր Գա­յիա­նէ մօ­րա­քոյ­րը, որ ե­րեք աղ­ջիկ կար­գած էր եւ հմուտ դար­ձած՝ օ­ժիտ փռե­լու ա­րա­րո­ղու­թեանց:

***

Հա­ճե­լի ի­րա­րան­ցում մը կայ տան մէջ, օր մը ա­ռաջ ար­դէն պար­պուած է տան ա­մե­նաըն­դար­ձակ սե­նեա­կը, յա­տակն ու պա­տե­րը լաւ մը մաք­րուած, ա­ռաս­տա­ղին ան­կիւն­նե­րը ի­րա­րու կա­պող բա­րակ խո­ղո­վակ­ներ լա­րուած, ո­րոնց վրայ ալ մա­քուր, սպի­տակ սա­ւան­ներ կա­խուած են ու պատ­րաստ՝ օ­րուան ա­րա­րո­ղու­թեան:

Ու ե­ռու­զե­ռը կը սկսի: Ար­դու­կի սե­ղան­նե­րը կը լա­րուին, պա­յու­սակ­նե­րով օ­ժի­տը բե­րուած ու դրուած է գե­տին, որ­մէ մէկ-մէկ կը հա­նուին կտոր­նե­րը, ո­րոնց փոք­րե­րը կ՚ար­դու­կեն ե­րի­տա­սար­դու­հի­նե­րը, մինչ մեծ կտոր­նե­րը՝ սե­ղա­նի եւ մահ­ճա­կա­լի ծած­կոց­նե­րը կը յանձ­նուին ա­ւե­լի մե­ծե­րուն, փոր­ձա­ռու հա­րուած­նե­րու կը կա­րօ­տին ա­նոնք: Ար­դու­կուած կտոր­նե­րը կ՚ո­րո­շուին ո՞ւր եւ ինչ­պէ՞ս դա­սուիլ. ձե­ւա­ւոր ու գու­նա­գեղ թուղ­թե­րու վրայ կը գնդա­սե­ղուին մանր ձե­ռա­գործ­նե­րը, յատ­կա­պէս ա­նոնք, ո­րոնք մի­լով, ա­սե­ղով կամ հլու­նով հիւ­սուած են, գնդա­սե­ղուած կտոր­նե­րէն կը թա­փան­ցէ թուղ­թե­րուն գոյ­նը: Գնդա­սե­ղուած ձե­ռա­գործ­նե­րը ի­րա­րու կը միա­ցուին ծա­ղի­կի կամ այլ գե­ղե­ցիկ ձե­ւե­րով ու կը տե­ղա­ւո­րուին ներ­դաշ­նակ գոյ­նով ծած­կոց­նե­րուն վրայ: Ու­րախ ե­րաժշ­տու­թեան հետ տա­րոս­ներ կը տե­ղան ա­մու­րի ե­րի­տա­սար­դու­հի­նե­րուն վրայ:

Հա­գուստ­ներն ու գի­շե­րա­նոց­նե­րը կը կա­խուին ա­ռան­ձին պա­տի մը վրայ, խո­հա­նո­ցի ա­ռար­կա­ներն ալ կը գրա­ւեն ա­ռան­ձին պատ մը: Ու կա­խուած սա­ւան­նե­րուն տակ կը շա­րուին սե­ղան­ներ, ո­րոնց վրայ ալ ապ­րանք­ներ պի­տի տե­ղա­ւո­րուին ըստ պատ­շա­ճի: Գի­շե­րա­նոց­նե­րուն տակ՝ տնա­յին հո­ղա­թափ­ներ, զար­դա­րուն կո­ղո­վի մը մէջ՝ սպի­տա­կե­ղէն­ներ, ներք­նազ­գեստ­ներ, գո­հա­րե­ղէն­ներ, շպար­ներ, ա­նու­շա­հո­տեր, ցամ­քոց­ներ, ան­ձե­ռոց­ներ. եւ այս բո­լո­րը կը գե­ղեց­կաց­նէր նշան­տու­քի շա­քա­րա­մա­նը, ո­րուն մէջ գու­նա­ւոր շա­քա­րա­պատ նու­շեր կը լե­ցուէին եւ կը հրամ­ցուէին օ­ժիտ­տե­սի ե­կող հա­րա­զատ­նե­րուն, ան­շուշտ՝ խմիչ­քով:

Այ­ցե­լու­նե­րը շատ գոհ կը ձե­ւա­նա­յին, բայց ան­պայ­ման պա­կաս բան մը կը նկա­տէին ու թե­րու­թիւն­նե­րը կը քննար­կուէին այ­ցե­լու­թե­նէն վերջ. մին­չեւ տուն տա­նող ճամ­բուն վրայ կը ծե­ծուէր օ­ժի­տին նիւ­թը.

-Հաւ­նե­ցա՞ք,- կ՚ը­սէր մէ­կը:

-Լաւ էր, բայց մար­գա­յով բան մը չտե­սայ ես, բո­լո­րը տե­ղա­կան էին,- կը պա­տաս­խա­նէ ու­րիշ մը:

-Տե­սա՞ք ինչ­պէս շա­րած էին ներք­նազ­գեստ­նե­րը, ա­մօթ է ճա­նըմ,- կը բամ­բա­սէ ու­րիշ մը:

-Բայց գէշ չէր, ա­հա­գին ձեռ­քի գործ ու­նէր մեծ մօր­մէն ու մօր­մէն մնա­ցած:

-Կա­րե­ւո­րը այն է, որ ի՛ն­քը այդ գոր­ծե­րը աշ­խա­տիլ գիտ­նայ:

-Ի՛նչ գե­ղե­ցիկ նուէր­ներ տա­րինք, բայց փո­խա­րէ­նը քիչ էր հիւ­րա­սի­րու­թիւ­նը:

Կի­նե­րուն բամ­բա­սան­քը ո՛չ սկիզբ ու­նի, ո՛չ ալ՝ վերջ:

Հար­սա­նե­կան տա­րա­զին ան­կիւ­նը, հա­գուս­տին տակ կը դրուէր պսա­կի բա­ցի­կը՝ գե­ղե­ցիկ երկ­տող մըն ալ կցուած կ­­՚ըլ­լար, որ փե­սա­ցուին հրա­ւէրն է հարս­նա­ցուին ուղ­ղուած: Նոյն օ­րուան հագ­ցուե­լիք ա­մէն ինչ՝ կօ­շիկ, ձեռ­նոց, թագ կամ մա­զի զարդ, ներք­նազ­գեստ, պա­յու­սակ գե­ղե­ցիկ հա­մադ­րու­թեամբ մը կը շա­րուէին.

-Հա, չմոռ­նամ ա­ռա­ջի­նը իմ ա­նունս գրեմ կօ­շի­կիդ տակ, ոտքդ քսե­լով կը քա­լես, հա՛, որ շուտ ըլ­լայ տա­րո­սը ին­ծի,- կ­­՚ը­սէ հար­սին նշա­նուած ըն­կե­րու­հին իր ա­նու­նը հար­սին կօ­շի­կին տակ գրե­լով եւ գրող­նե­րուն շա­րա­նը կը սկսի...:             

Հար­սա­նե­կան ան­կիւ­նին մէջ նաեւ տեղ կը գրա­ւէին թաշ­կի­նակ­նե­րը, ո­րոնց վրայ  տպագ­րուած կ­­՚ըլ­լա­յին պսա­կուե­լիք զոյ­գին ա­նուն­նե­րուն սկզբնա­տա­ռե­րը, պսա­կի տեղն ու ժա­մը, եր­բեմն ալ ե­ռա­գոյն գի­ծեր կը տպուէին այս սպի­տակ թաշ­կի­նակ­նե­րուն այն մա­սին վրայ, որ երբ թաշ­կի­նա­կը ծալ­լուէր, ե­րե­ւե­լի ըլ­լար ամ­բողջ տպագ­րու­թիւնն ու ե­ռա­գոյ­նը, քա­նի ա­նոնք պի­տի կա­պուէին օ­ժիտ կրե­լու ա­րա­րո­ղու­թեան ըն­թաց­քին ինք­նա­շարժ­նե­րու վա­րորդ­նե­րուն ձախ թե­ւին: Ա­յո՛, ա­րա­րո­ղու­թիւն էր այդ ալ եւ տե­ղի կ՚ու­նե­նար պսա­կի Կի­րա­կիին նա­խոր­դող Ուր­բաթ օ­րը, երբ հա­րա­զատ­ներ ու բա­րե­կամ­ներ փե­սա­յին հետ ինք­նա­շարժ­նե­րով կու գա­յին ու աղջ­կան տու­նէն օ­ժի­տը կը կրէին դէ­պի նո­րապ­սակ զոյ­գին բնա­կա­րա­նը: Ինք­նա­շարժ­ներն ալ կը զար­դա­րուէին ե­ռա­գոյն ժա­պա­ւէն­նե­րով, ար­դէն այդ օ­րուը­նէ քէ­ֆը սկսած էր, կ­­՚ու­տէին, կը խմէին, կը պա­րէին ու կը ցատ­կէին, իսկ ինք­նա­շարժ­նե­րը ե­տեւ-ե­տե­ւի կը քա­լէին ու ճչակ­նե­րուն սու­լո­ցէն ար­դէն ան­ցորդ­նե­րը կը տե­ղե­կա­նա­յին, որ ա­նոնք օ­ժիտ կը կրեն:

Խո­հա­նո­ցի պաս­տա­ռին տակ կը շա­րուին խո­հա­նո­ցա­յին ի­րեր՝ զար­դե­ղէն­ներ, բռնիչ­ներ, գոգ­նոց­ներ, ան­ձե­ռոց­ներ եւ այլք: Հա­գուստ­նե­րուն տակ շա­րուած կ­­՚ըլ­լան տե­սա­կա­ւոր կօ­շիկ­ներ: Հոն ան­կիւն մըն ալ յատ­կա­ցուած է նուէր­նե­րու՝ այս ալ ա­ւան­դա­կան կարգ մըն էր, ըստ ո­րու հար­սը իր հետ կը տա­նէր զար­դա­րուն կո­ղո­վի մը մէջ շա­րուած նուէր­ներ փե­սա­յի տան բո­լոր ան­դամ­նե­րուն հա­մար:

***

Եւ Շու­շի­կին ձեռ­քին հպած կարծ­րու­թիւն մը կը սթա­փեց­նէ զինք, շու­քի գոր­ծով ծած­կո­ցին վրայ օ­ժիտ փռե­լու ժա­մա­նակ ար­դու­կով այ­րած էր ան­կիւ­նի պզտիկ մէկ մա­սը, որ կարծ­րու­թիւն մը գո­յա­ցու­ցած էր այն­տեղ: Շու­շիկ նշա­նուած ժա­մա­նակ սոր­ված էր այդ գոր­ծը ու իր մատ­նե­րով հիւ­սած: Ան միայն այս ձե­ռա­գոր­ծը հե­տը բե­րած է Հա­լէ­պէն, որ կշիռ­քով թե­թեւ է, բայց յու­շե­րով՝ ծանր: Ա­հա Ե­րե­ւա­նի մէջ եր­կու տա­րուան ըն­թաց­քին չոր­րորդ տունն է, որ կը փո­խադ­րուի, յու­շե­րը ծրար-ծրար հե­տը փո­խադ­րե­լով:

Ա­ՆԻ ԲՐԴՈ­ՅԵԱՆ-ՂԱ­ԶԱ­ՐԵԱՆ

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 20, 2016