ՀԱՐԻՐԻ ԱՌԱՋԱԴՐԵՑ ԶՕՐԱՎԱՐ ԱՈՒՆԻ ԹԵԿՆԱԾՈՒԹԻՒՆԸ. Ի՞ՆՉ Է ՅԱՌԱՋԻԿԱՅ ՓՈՒԼԸ
Միջին Արեւելքի մէջ ընթացող խմորումներու լոյսին տակ վերջին օրերու լրահոսին հիմնական առանցքը դարձաւ Լիբանանի նախագահական ընտրութեան օրակարգը:
Դէպքերը «տրամաթիք» ընթացք մը ստացան, երբ երկրի հիմնական սիւննի համայնքի գլխաւոր ներկայացուցիչ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի Պէյրութի «Պէյթ ալ ուասաթ»ի իր նստավայրէն յայտարարութիւն մը ընելով՝ որդեգրեց զօրավար Միշէլ Աունի թեկնածութիւնը:
Զօրավար Միշէլ Աուն, որուն մասին բազում անգամներ գրած ենք ԺԱՄԱՆԱԿ-ի սիւնակներուն մէջ, այս առաջադրումով կը դառնար նախագահութեան հիմնական թեկնածուն, որուն անուան շուրջ իրենց համաձայնութիւնը կ՚աւելցնէին սիւննիները, իսկ շիի թեւի գլխաւոր ներկայացուցիչը՝ «Հիզպուլլահ» երկար ամիսներէ ի վեր իր «լռելեայն համաձայնութիւն»ը տուած էր այս անունին համար:
Լռելեայն կ՚ըսեմ, որովհետեւ «Հիզպուլլահ» ըլլալով շրջանային մակարդակի «խաղացող» մը, չէ նպատակադրած «կռիւ մղել» որեւէ թեկնածուի համար:
Վերադառնալով լիբանանեան բանակի նախկին գլխաւոր հրամանատարի թեկնածութեան ու բացի այդ մասին եղած տեղական արձագանգներէ, ուշագրաւ պիտի ըլլայ աչքի առջեւ ունենալ արեւմտեան դիւանագէտի մը խօսքերը այս խնդրին վերաբերեալ: Դիւանագէտը, որ մերժեած է իր անունը տալ, խօսելով «Ալ Սաֆիր» օրաթերթին՝ բառացիօրէն ըսած է, թէ արեւմտեան ազդեցիկ եւ որոշումի կեդրոն հանդիսացող երկիրներ խորապէս մտահոգ են Աունի նախագահ դառնալու հաւանականութենէն: Խնդիրը այն է, որ Արեւմուտքին համար Աուն այսօր կը ներկայանայ որպէս իրանեան նեցուկով գործող «Հիզպուլլահ»ի գլխաւոր դաշնակիցը: Դիւանագէտը կարեւոր փաստ մը արձանագրելով ըսած է նաեւ, որ Աուն կը համարուի վտանգաւոր թեկնածու մը։ Ան ոչ միայն «Հիզպուլլահ»ի սերտ գործակիցն է, այլ իր կեցուածքներով յատկապէս վերջին տարիներուն ներլիբանանեան մակարդակի վրայ «Հիզպուլլահ»ը դարձուց լիբանանեան ազգային դիմագիծ ունեցող մարմին մը։ Իբր այդ, իր կեցուածքով (մասնաւորապէս 2006 թուականի պատերազմէն ետք) «Հիզպուլլահ»ին տուաւ այնպիսի նեցուկ, որուն շնորհիւ շիի կազմակերպութիւնը դուրս ելաւ իր համայնքային պարունակէն ու դարձաւ «ազգային գործօն» մը: Ազգային գործօն դարձուածքը չակերտի մէջ առի, պարզ անոր համար, որ եթէ ներլիբանանեան լայն առումով նայինք «Հիզպուլլահ»ին, ապա հեշտ պիտի ըլլայ նկատել, որ շիի կուսակցութիւնը չի վայելեր բոլոր լիբանանցիներուն նեցուկն ու զօրակցութիւնը, յատկապէս անոր Սուրիոյ պատերազմին մասնկացելու, որոշ լիբանանցիներու համար անընդունելի, որոշումէն ետք:
Ամէն պարագայի Աունին հանդէպ յստակ վերապահումներ ունենալու հարցը նորութիւն մը չէ:
Արեւմուտքը նոյն վերապահութիւնները ունեցաւ, երբ ան մերժեց յանձնել իրեն համար «օրինական» յայտարարուած իշխանութիւնը եւ որուն հետեւանքով 13 Հոկտեմբեր 1990 թուականին գործադրելով կամքը նախագահ Էլիաս Հըրաուի ու անոր շուրջ գոյացած կառավարութեան, սուրիական բանակի «Միկ» կործանիչներով ծանր հրթիռարձակումներու ենթարկեցին Պաապտայի նախագահական պալատը։ Արդիւնքին զոհուեցան լիբանանեան բանակի շուրջ եօթ հարիւր զինուորներ, պալատը կրեց մեծ վնասներ եւ ինք՝ Միշէլ Աուն ստիպուեցաւ հեռանալ եւ ապաստանիլ Պէյրութի մօտ ֆրանսական դեսպանատուն։ Ապա Փարիզ մեկնելով ընդունեց քաղաքական ապաստանեալի կարգավիճակ՝ մինչեւ իր Լիբանան վերադարձը 2005 թուականին:
Ճիշդ է, որ ամերիկեան գերատեսչութեան համար գոնէ առ երեւոյթ ամենէն էականը «Հիզպուլլահ»ի թեւերը կոտրելն է, բայց եւ այնպէս այդ օրակարգը ներկայ պահուս առաջնային չէ:
Շրջանին մէջ ընթացող վերադասաւորումներու եւ յատկապէս Սուրիոյ հարցով տեղի ունեցող տեղաշարժին զուգահեռ երեւելի պիտի դառնայ Միացեալ Նահանգներու միջինարեւելեան նոր քաղաքականութիւնը։ Աւելի վերջ միայն ամերիկացիք կրնան իրողապէս մտածել «Հիզպուլլահ»ի մասին:
Այս բոլորէն անդին յստակ է նաեւ, որ Աուն ազգային դիմագիծի մը կրողն է: Անոր համար կրօնական մօտեցումները երկրորդական են ու առաջնայինը երկրի բանակին զարկ տալն ու պետական հիմնարկներուն մէջ կարեւոր համարուող բարեփոխումները կատարելն է: Այս առումով նաեւ պէտք է յստակօրէն հասկնալ, որ Աուն եթէ կը համարուի «Հիզպուլլահ»ի թիւ մէկ դաշնակիցը, ապա շատ հաւանական է, որ Պաապտայի պալատ հասնելէն ետք ան որպէս ընտրուած նախագահ, սուր տարակարծութիւններ ունենայ շիի միլիսին հետ: Սակայն տարակարծութիւններ ունենալ չի նշանակեր բախումի տանիլ երկիրը կամ պատերազմի շեփոր հնչեցնել «Հիզ-պուլլահ»ին դէմ:
Այս առումով յստակ է նաեւ, որ «Հիզպուլլահ» լուռ կասկածներ ունի զօրավար Աունին դէմ: Կասկածներ, որոնց մասին պիտի չուզէ արձագանգել կամ խօսիլ: Կասկածներ, որոնք կրնան աճիլ եւ ապագային տեղի ունենալիք գործընթացներուն մէջ դառնալ լուրջ մտավախութիւններ:
Բացի «Հիզպուլլահ»էն, շիի հանրութեան մօտ կարեւոր խօսք ունի երկրի խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի: Ան կը համարուի վերջին քսան տարիներուն երկրին նախագահական ընտրութեան «ներքին խոհանոց»ի հիմնական ղեկավարը։ Պըրրի ոչ միայն Աունի թեկնածութեան դէմ ըլլալու դիրքերէ խօսած է, այլ անոր մօտիկ աղբիւրներ յայտարարած են, որ խորհրդարանի նախագահը Աունի ընտրութենէն ետք պիտի համալրէ ընդդիմութեան շարքերը: Կայ աւելի՛ն, եւ ըստ լիբանանեան կարգ մը լրատուամիջոցներու, Նեպիհ Պըրրի պիտի դժուարացնէ Սաատ Հարիրիի կառավարութիւն կազմելու աշխատանքները:
Յիշեցնեմ, որ ըստ Լիբանանի սահմանադրութեան, երկրի նախագահը պէտք է ըլլայ մարոնի-քրիստոնեայ, վարչապետը՝ սիւննի-իսլամ եւ խորհրդարանի նախագահը՝ շիի-իսլամ:
Վերջին տարիներուն շիի համայնքը տարբեր գործօններու համալրումով դարձաւ երկրին մէջ քաղաքական օրակարգ ձեւաւորող ուժ: Մինչ «Հիզպուլլահ» իր զինուորական ներկայութեան եւ ունեցած հնարաւորութիւններով դարձաւ շիիներու «զինուորական թեւը», անդին՝ Նեպիհ Պըրրի ու անոր առաջնորդած «Ամալ» շաժումը դարձաւ քաղաքական թատերաբեմին վրայ օրակարգ ձեւաւորող գլխաւոր ուժ:
Յստակ չէ, որ Պըրրի-Աուն տարակարծութիւնը ինչ հունով կրնայ ընթանալ, բայց Պըրրի կարողութիւնը ունի ներքին իմաստով տագնապի նոր օճախ մը ստեղծելու փաստը:
Ի վերջոյ Աուն եթէ Լիբանանի հանրապետութեան նախագահ ընտրուի, հանրութեան պիտի ներկայանայ նոր ձեւաչափերով եւ պիտի դադրի միակողմանի մօտեցումներով ղեկավար մը ըլլալէ:
Թէ ինչքանով պիտի յաջողի, ցարդ յստակ չէ։ Սակայն յայտնի է, որ այս օրերուն Լիբանանի մէջ ընթացող խմորումները պիտի առաջնորդեն նոր նախագահի մը ընտրութեան նիստին, որուն համար թուական որոշուած է յառաջիկայ Հոկտեմբերի 31-ը:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան