Ա­ՄԱՌ­ՆԱ­ՅԻՆ ԴՊՐՈՑ 2016

2011 թուա­կա­նէն ի վեր Ե­րե­ւա­նի մէջ կը գոր­ծէ Սփիւռ­քի նա­խա­րա­րու­թեան Ա­մառ­նա­յին Դպրոց ծրա­գի­րը: Այս տա­րի ո­րոշ փո­փո­խու­թիւն մտցուած էր ծրագրի գոր­ծադ­րու­թեան ձե­ւին մէջ: Սփիւռ­քի Նա­խա­րա­րու­թիւ­նը այս ծրագ­րի գործ­նա­կան ղե­կա­վա­րու­մը վստա­հած էր Պե­տա­կան Հա­մալ­սա­րա­նի Հա­յա­գի­տա­կան Հե­տա­զօ­տու­թիւն­նե­րու Ինս­տի­տու­տին եւ ա­նոր փոխ-տ­նօ­րէն Դոկտ. Մհեր Յով­հան­նի­սեա­նին: Դա­սըն­թացք­նե­րու վայրն ալ Պետական Հա­մալ­սա­րա­նի գլխա­ւոր շէնքն էր:

Բաց­ման հան­դի­սու­թեան խօսք առ­նե­լով Սփիւռ­քի նա­խա­րար տիկ. Հրա­նոյշ Յա­կո­բեան յայտ­նեց թէ 2016-ը Ա­մառ­նա­յին Դպրո­ցի ստեղծ­ման հնգա­մեակն է, որ կը զու­գա­դի­պի Հա­յաս­տա­նի եւ Ար­ցա­խի Հան­րա­պե­տու­թիւն­նե­րու 25 ա­մեայ յո­բե­լեա­նին: Այս առ­թիւ շնոր­հա­ւո­րեց ներ­կա­նե­րը, իր ու­րա­խու­թիւ­նը յայտ­նե­լով, որ կա­րե­լիու­թիւ­նը ու­նի Սփիւռ­քէն վե­րա­պատ­րաստ­ման ե­կած հայ­րե­նա­կից­նե­րը հիւ­րըն­կա­լե­լու:

Ող­ջոյ­նի խօս­քով հան­դէս ե­կան նաեւ Կրթու­թեան նա­խա­րար պրն. Լե­ւոն Մկրտչեան եւ Հա­մալ­սա­րա­նի տե­սուչ պրն. Սի­մո­նեան, ո­րոնք նշե­ցին Ա­մառ­նա­յին դպրո­ցի կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը՝ Հա­յաս­տան-Սփիւռք կա­պե­րու զար­գաց­ման մէջ:

Ծրա­գի­րը պի­տի գոր­ծէր հինգ ուղ­ղու­թիւն­նե­րով, ո­րոնք են՝ ա- Հա­յոց լե­զուի ա­րա­գա­ցուած դա­սըն­թաց­քը, բ-­ Հա­յոց պատ­մու­թեան ու­սու­ցիչ­նե­րու վե­րա­պատ­րաս­տու­մը, գ- Լրագ­րող­նե­րու վե­րա­պատ­րաս­տու­մը, դ-­ Հա­մայն­քա­յին գոր­ծիչ­նե­րու վե­րա­պատ­րաս­տու­մը, ե- Ազ­գա­յին եր­գի ու պա­րի դա­սըն­թաց­քը:

Հա­յոց լե­զուի ու­սուց­ման դա­սըն­թացք­նե­րուն մաս­նակ­ցիլ փա­փա­քող­նե­րուն թի­ւը 120-էն ա­ւե­լի էր, ո­րոնց ջախ­ջա­խիչ մե­ծա­մաս­նու­թիւ­նը ռու­սա­խօս գա­ղութ­նե­րէ ե­կող­ներ էին: Ա­մէն տա­րուան նման այս ռու­սա­խօս­նե­րը բնա­կա­նօ­րէն ընտ­րած էին ա­րե­ւե­լա­հա­յե­րէ­նը, այ­սինքն՝ հայ­րե­նի­քի լե­զուն: Իսկ ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէն սոր­վիլ փա­փա­քող իմ փոք­րա­թիւ ա­շա­կերտ­ներս կու գա­յին Ռու­մա­նիա­յէն, Ե­գիպ­տո­սէն, Սու­րիա-Լի­բա­նա­նէն, Սէու­տա­կան Ա­րա­բիա­յէն եւ ի­րենց ճղճիմ թի­ւով ա­ռա­ջին­նե­րու բազ­մու­թեան բաղ­դատ­մամբ «Աղ­քատ Ղա­զա­րոս»ի վի­ճակ կը պար­զէին:

ՏԵ­ՂԵ­ԿԱՏ­ՒՈՒ­ԹԵԱՆ ՏԿԱ­ՐՈՒ­ԹԻՒ­ՆԸ ԵՒ Ա­ՐԵՒՄ­ՏԱ­ՀԱ­ՅԵ­ՐԷ­ՆԻ ՀԵ­ՏԵ­ՒԻԼ ՈՒ­ԶՈՂ Օ­ՏԱ­ՐԱ­ԽՕՍ­ՆԵ­ՐՈՒ ԹԻ­ՒԸ

Դժբախ­տա­բար, մին­չեւ օրս, ա­րեւմ­տեան աշ­խար­հէն օ­տա­րա­խօս ա­շա­կերտ­ներ բե­րե­լու հար­ցը տրա­մա­բա­նա­կան թի­ւի մը հասց­նել կա­րե­լի չե­ղաւ՝ թէ՛ Հա­յաս­տա­նի եւ թէ Սփիւռ­քա­հա­յոց «մեղք»ով: Ա­մառ­նա­յին դպրո­ցի ծա­նու­ցում-տե­ղե­կատ­ուու­թիւ­նը թէեւ ա­մէն գար­նան կը տե­ղադ­րուի Սփիւռ­քի Նա­խա­րա­րու­թեան հա­մա­ցան­ցին վրայ եւ կը ներ­կա­յա­ցուի մեր ազ­գա­յին շրջա­նակ­նե­րու ու­շադ­րու­թեան, սա­կայն վե­րոն­շեալ հինգ ուղ­ղու­թիւն­նե­րով ծա­նուց­ման եւ «Հա­յոց լե­զուի ա­րա­գա­ցուած դա­սըն­թացք» ընդ­հա­նուր բա­ցատ­րու­թեան մէջ «ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէն»ը կոր­սուած վի­ճակ ու­նի, ա­ռա­ջին ակ­նար­կով աչ­քի չի զար­ներ իր գո­յու­թիւ­նը եւ զայն ընտ­րե­լու կա­րե­լիու­թիւ­նը: Գիտ­ցո­ղը՝ գի­տէ, թէ կա­րե­լի է ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նը ընտ­րել որ­պէս վե­րա­պատ­րաստ­ման լե­զու: Են­թա­կան իս­կա­պէս շա­հագրգ­ռուած պի­տի ըլ­լայ, որ­պէս­զի հա­մա­ցան­ցի վրայ անհ­րա­ժեշտ գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րը կա­տա­րե­լով ՀԱՅՏ-ը բա­նայ (=Յայտ, այ­սինքն՝ դի­մում­նա­գիր) եւ տե­ղե­կա­նայ այս մա­սին, ո­րով­հե­տեւ միայն «Հայտ»ի վրայ է, որ նշուած է ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նի գո­յու­թիւ­նը որ­պէս դա­սա­ւանդ­ման ա­ռար­կայ: Սխալ մըն է սա, որ դի­մա­ցի­նէն կը պա­հան­ջէ շա­հագրգ­ռուա­ծու­թիւն ու­նե­նալ, փնտռել, գտնել Սփիւռ­քի նա­խա­րա­րու­թեան կայ­քի հաս­ցէն, բա­նալ զայն, պրպտել ու գտնել «Հայտ»ը եւ տե­ղե­կա­նալ «Հա­յոց լե­զուի ա­րա­գա­ցուած դա­սըն­թացք»ի մը գո­յու­թեան, ա­ռանց ձեռք ձգե­լու ո­րե­ւէ ման­րա­մաս­նու­թիւն: Մինչ­դեռ ծա­նու­ցո­ղը պէտք է ներ­կա­յաց­նէ իր «ապ­րանք»ը, ա­նոր յատ­կա­նի­շե­րը գո­վա­բա­նէ եւ քա­շո­ղա­կա­նու­թիւն ստեղ­ծէ ա­նոր նկատ­մամբ: Շա­տեր կը կար­ծեն, թէ Ա­մառ­նա­յին դպրո­ցը միայն ա­րե­ւե­լա­հա­յե­րէն կ՚ու­սու­ցա­նէ, քա­նի որ Հա­յաս­տա­նի լե­զուն ա­րե­ւե­լա­հա­յե­րէնն է: Մեծ թիւ կը կազ­մեն ծա­գու­մով Հա­յե­րը, ո­րոնք չեն գի­տեր ան­գամ, թէ Հա­յոց լե­զուն եր­կու ճիւղ ու­նի, քա­նի որ հայ­կա­կան գա­ղու­թա­յին կեան­քի մէջ ներգ­րա­ւուած չեն: Մինչ­դեռ հա­յու­թե­նէ ո­րոշ չա­փով հե­ռու մնա­ցած­նե­րո՛ւ մօտ է, որ կը գտնուին օ­տա­րա­խօս­ներ: Սփիւռ­քի մէջ ապ­րող ծա­գու­մով հայ նոր սե­րուն­դի ջախ­ջա­խիչ մե­ծա­մաս­նու­թիւ­նը օ­տա­րա­խօս է: Ա­նո՛նց պէտք է հաս­նիլ, ա­նո՛նց տե­ղե­կաց­նել Հա­յաս­տա­նի մէջ «Սփիւռ­քի լե­զուն» սոր­վե­լու կա­րե­լիու­թիւ­նը: Ու­րեմն, այս հար­ցը իս­կա­կան քա­րոզ­չու­թեան կը կա­րօ­տի օ­տա­րա­խօս շրջա­նա­կի մէջ, դուրս գա­լով հայ­կա­կան դպրոց­նե­րու եւ ազ­գա­յին հաս­տա­տու­թիւն­նե­րու նեղ ցան­ցէն, ո­րոնք հա­յա­խօս են ար­դէն: Ցա­ւա­լի է, որ հա­յա­խօս շրջա­նակ­նե­րու մէջ շատ են այն ան­ձե­րը, ո­րոնք չեն հա­ւա­տար թէ Հա­յաս­տա­նի մէջ կա­րե­լի է ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէն սոր­վիլ, հե­տե­ւա­բար չեն տա­րա­ծեր հա­մա­ցան­ցի վրայ տե­ղադ­րուած լու­րը: Մար­դոց ու­ղեղ­նե­րուն մէջ ար­մա­տա­ցած է այն հա­մո­զու­մը, թէ ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նի ու­սուց­ման վայ­րը կրնայ ըլ­լալ Պէյ­րու­թը, եւ ո՛չ թէ՝ Հա­յաս­տա­նը: Այս պատ­ճա­ռով, ան­հա­մե­մատ ա­ւե­լի լաւ պի­տի ըլ­լար ծա­նու­ցում-տե­ղե­կատո­ւու­թեան մէջ բնո­րո­շել, շեշ­տել ու գո­վազ­դել լե­զուա­գի­տա­կան ար­դիա­կան տուեալ­նե­րու հա­մա­ձայն օ­տա­րա­խօս­նե­րու հա­մար յա­տուկ կեր­պով պատ­րաս­տուած ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նի լսա­տե­սո­ղա­կան մե­թո­տի փոր­ձուած ար­դիւ­նա­ւէ­տու­թիւ­նը, վստա­հու­թիւն ներշն­չե­լով դի­մող­նե­րուն եւ ո՛չ թէ գո­հա­նալ «Հա­յոց լե­զուի ա­րա­գա­ցուած դա­սըն­թացք» չոր բա­ցատ­րու­թեամբ: Ե­թէ տե­ղեակ ենք թէ ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նի ա­պա­գան վտան­գուած է, յա­տուկ ջան­քեր պէտք է գոր­ծադ­րենք այդ վտան­գը հե­ռաց­նե­լու կամ չէ­զո­քաց­նե­լու հա­մար: Անհ­րա­ժեշտ է քա­րոզ­չա­կան եւ գո­վազ­դա­կան ա­ւե­լի մեծ ջան­քեր թա­փել, տար­բեր մի­ջոց­ներ օգ­տա­գոր­ծել՝ տե­ղե­կատո­ւու­թիւ­նը ամ­բողջ Սփիւռ­քին եւ նոյ­նիսկ օ­տա­րա­ցած շրջա­նակ­նե­րու հասց­նե­լու հա­մար: Շատ Սփիւռ­քա­հա­յեր չեն գի­տեր Ա­մառ­նա­յին Դպրո­ցի գո­յու­թիւնն ան­գամ: Մինչ­դեռ Սփիւռ­քի նա­խա­րա­րու­թեան կազ­մա­կեր­պած «Ա­րի տուն» ծրա­գի­րը, որ սփիւռ­քա­հայ ե­րի­տա­սարդ­նե­րը 15 օ­րով կը հիւ­րըն­կա­լէ Հա­յաս­տա­նի մէջ եւ ա­նոնց կա­րե­լիու­թիւն կու տայ ճանչ­նա­լու հայ­րե­նի­քը, բո­լո­րի՛ն ծա­նօթ է եւ մեծ գնա­հա­տանք կը վա­յե­լէ Սփիւռ­քի մէջ, ո­րով­հե­տեւ ա­ռա­ջին օ­րէն իսկ լաւ գո­վազ­դուած է: Յու­սանք, որ յա­ռա­ջի­կայ տա­րի տե­ղե­կա­տուա­կան տար­բեր մի­ջոց­նե­րու օգ­տա­գործ­մամբ ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նի հե­տե­ւիլ ու­զող օ­տա­րա­խօս ա­շա­կերտ­նե­րու ըն­դու­նե­լի թիւ մը կ՚ու­նե­նանք ա­րեւմ­տեան աշ­խար­հէն: Սփիւռ­քա­հա­յու ինք­նու­թեան հիմ­քը հան­դի­սա­ցող եւ ա­պա­գան վտան­գուած ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նը հա­մազ­գա­յին մտա­հո­գու­թեան ա­ռար­կայ պէտք է դառ­նայ եւ ա­ռանձ­նա­յա­տուկ ու­շադ­րու­թեան պէտք է ար­ժա­նա­նայ: Այս գետ­նի վրայ Հա­յաս­տան եւ Սփիւռք եր­կուս­տեք պէտք է ի­րենց ջան­քե­րը չխնա­յեն եւ նուազ կրա­ւո­րա­կան ըլ­լան: Նա­խորդ տա­րի­նե­րուն Ա­մառ­նա­յին դպրո­ցի ծրագ­րին գոր­ծադ­րու­թեան մէջ կա­յին բազ­մա­թիւ թե­րու­թիւն­ներ, ո­րոնք հետզ­հե­տէ սրբագ­րուե­ցան: Մնաց այս մէ­կը: Կը յու­սանք որ ա՛յս ալ կը սրբագ­րուի:

ԼԵ­ԶՈ­ՒԱ­ԿԱՆ-ՈՒՂ­ՂԱԳ­ՐԱ­ԿԱՆ ՈՒ­ՐԱ­ԽԱ­ՌԻԹ ՆՈ­ՐՈՒ­ԹԻՒՆ ՄԸ

Այս տա­րուան հա­ճե­լի նո­րու­թիւ­նը այն էր, որ ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նի մեր խում­բի ա­շա­կերտ­նե­րուն բաժնուած Ծրա­գի­րի լե­զուն ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէնն էր եւ օգ­տա­գոր­ծուած ուղ­ղագ­րու­թիւնն ալ՝ Մես­րո­պեան դա­սա­կա­նը: Ա­սի­կա, շնոր­հիւ՝ Հա­մալ­սա­րա­նի Հա­յա­գի­տա­կան Հե­տա­զօ­տու­թիւն­նե­րու Ինս­տի­տու­տին: Նոյն­պէս, նա­խորդ տա­րի­նե­րուն, դա­սըն­թաց­քի վեր­ջա­ւո­րու­թեան, ա­շա­կերտ­ներս միայն մէկ թեստ-քննու­թիւն կ՚անց­նէին, որ իմ կող­մէս պատ­րաս­տուած կ՚ըլ­լար: Իսկ այս տա­րի Հա­մալ­սա­րա­նը նոյն­պէս թեստ-քննու­թիւն մը պատ­րաս­տած էր: Եւ հա­ճե­լի նո­րու­թիւ­նը այն էր, որ այդ թես­տին վրայ հար­ցում­նե­րը ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նով ներ­կա­յա­ցուած էին, նաեւ՝ Մես­րո­պեան դա­սա­կան ուղ­ղագ­րու­թեամբ:

Զգա­լի յա­ռաջ­խա­ղացք մըն է սա, Հա­յաս­տան-Սփիւռք կա­պե­րու ամ­րապնդ­ման մէջ, ե­թէ իր շա­րու­նա­կու­թիւ­նը ու­նե­նայ, մա­նա­ւանդ որ մե­զի կը յի­շեց­նէ ան­ցեալ տա­րի Սփիւռ­քի նա­խա­րար տիկ. Հրա­նոյշ Յա­կո­բեա­նի եւ Ա­ճա­ռեա­նի ա­նուան Լե­զուի Ինս­տի­տու­տի տնօ­րէն Վիկ­տոր Կա­տուա­լեա­նի միաս­նա­բար կազ­մա­կեր­պած հա­մա­ժո­ղո­վը, որ նուի­րուած էր հայ լե­զուի եր­կու ճիւ­ղե­րու եւ եր­կու ուղ­ղագ­րու­թիւն­նե­րու միաս­նա­կա­նաց­ման հար­ցին: Այդ ժո­ղո­վը յու­սադ­րած էր մեզ, մաս­նա­կից­ներս, թէ ո­րոշ փո­փո­խու­թիւն­ներ կա­րող են կա­տա­րուիլ յա­ռա­ջի­կա­յին, դան­դա­ղօ­րէն: Գու­ցէ այդ խորհր­դա­ժո­ղո­վի ար­դիւնքն էր Ա­մառ­նա­յին Դպրո­ցի 2016-ի լե­զուա­կան գետ­նի վրայ ցու­ցա­բե­րած այս ճկու­նու­թիւ­նը: Սպա­սենք եւ տես­նենք: Ա­մէն պա­րա­գա­յի, շնոր­հա­ւո­րե­լի է գա­ղա­փա­րը եւ ա­նոր գոր­ծադ­րու­թիւ­նը: Կը մնայ յու­սալ եւ մաղ­թել որ հա­մա­ցան­ցի վրայ տե­ղադ­րուած հա­յե­րէ­նի ա­րա­գա­ցուած դա­սըն­թաց­քի Տե­ղե­կատո­ւու­թիւնն ալ յա­ռա­ջի­կա­յին ու­նե­նայ իր ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէն տար­բե­րա­կը՝ դա­սա­կան ուղ­ղագ­րու­թեամբ, ա­րե­ւե­լա­հա­յե­րէ­նի եւ անգ­լե­րէ­նի կող­քին...: Ա­սի­կա դիւ­րու­թիւն կու տայ ա­շա­կեր­տին կամ իր ծնող­քին, որ­պէս­զի լաւ հասկ­նան Տե­ղե­կատուու­թեան լե­զուն, որ կը պա­րու­նա­կէ ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նի մէջ ոչ շատ ծա­նօթ բա­ռեր, եզ­րեր, ինչ­պէս՝ «Հայտ» (դի­մում­նա­գիր), «գրանց­վել» (ար­ձա­նագ­րուիլ), եւլն.: Գոր­ծին յա­ջո­ղու­թիւ­նը տե­ղե­կատո­ւու­թե­նէն կը սկսի, ո­րուն լե­զուն Սփիւռ­քա­հա­յոց հասկ­ցա­ծը եւ օգ­տա­գոր­ծա­ծը պէտք է ըլ­լայ:

Ու­րիշ օգ­տա­կար նո­րու­թիւն մըն էր նաեւ այն, որ Հա­մալ­սա­րա­նի Հա­յա­գի­տա­կան Հե­տա­զօ­տու­թիւն­նե­րու Ինս­տի­տու­տի փոխ-տնօ­րէն դոկտ. Մհեր Յով­հան­նիսեա­նի կար­գադ­րու­թեամբ, դա­սա­ժա­մե­րուն միշտ ներ­կայ էին Հա­մալ­սա­րա­նի ա­շա­կերտ­նե­րէն եր­կու «կա­մա­ւոր­ներ», որ­պէս դա­սա­խօ­սին օգ­նա­կան: Ո­րե­ւէ բա­նի որ պէտք ու­նե­նա­յինք, ի­րենք կը հո­գա­յին:

«ՀԱ­ՅԵ­ՐԷ­ՆԻ Ա­ՐԱ­ԳԱ­ՑՈ­ՒԱԾ ԴԱ­ՍԸՆ­ԹԱՑ»Ի (ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նի) ԾՐԱ­ԳԻ­ՐԸ

Որ­պէս բո­վան­դա­կու­թիւն, ծրա­գի­րը կ՚ընդգր­կէր «Հնչիւ­նա­բա­նու­թիւն», «Բա­ռա­պա­շար», «Գրա­ւոր լե­զու եւ ուղ­ղագ­րու­թիւն», «Ըն­թեր­ցա­նու­թիւն», «Քե­րա­կա­նու­թիւն» եւ «Բա­նա­ւոր հա­ղոր­դակ­ցու­թիւն»:

Դա­սա­ւան­դու­թեան ամ­բողջ ծան­րու­թիւ­նը բնա­կա­նա­բար կը կեդ­րո­նա­նար քե­րա­կա­նու­թեան վրայ, ո­րուն ըն­թաց­քը դան­դա­ղեց­նող պա­րա­գայ մըն էր քե­րա­կա­նա­կան բա­ցատ­րու­թիւն­նե­րը տար­բեր լե­զու­նե­րով կրկնե­լու անհ­րա­ժեշ­տու­թիւ­նը, որ­պէս­զի իւ­րա­քան­չիւր ա­շա­կերտ լաւ հասկ­նայ կա­նո­նը եւ ի հար­կին հար­ցում­ներ ուղ­ղէ: Այս գետ­նի վրայ ա­րա­բե­րէ­նը իս­կա­կան խո­չըն­դոտ մըն է, երբ ա­շա­կեր­տը ա­րա­բե­րէ­նէ բա­ցի ու­րիշ ո­րե­ւէ մի­ջան­կեալ լե­զու չի հասկ­նար...: Բա­րե­բախ­տա­բար Սէու­տա­կան Ա­րա­բիա­յէն ե­կող ա­շա­կեր­տու­հիս կը թարգ­մա­նէր բա­ցատ­րու­թիւն­ներս:

ԹԵՍՏ-ՔՆՆՈՒ­ԹԻՒՆ­ՆԵՐ ԵՒ ԱՐ­ԴԻՒՆՔ­ՆԵՐ

Դա­սա­ւան­դու­թիւն­նե­րու ա­ւար­տին տե­ղի ու­նե­ցան քննու­թիւն­ներ: Ա­շա­կերտ­ներս Յու­լիս 26-ին հա­յե­րէ­նով եւ գրա­ւոր կեր­պով պա­տաս­խա­նե­ցին անգ­լե­րէ­նով իմ պատ­րաս­տած թեստ-քննու­թեան քե­րա­կա­նա­կան հար­ցում­նե­րուն: Նոյն­պէս, Յու­լիս 27-ին ա­նոնք միշտ գրա­ւոր կեր­պով պա­տաս­խա­նե­ցին Հա­մալ­սա­րա­նի հա­յե­րէ­նով պատ­րաս­տած թեստ-քննու­թեան հար­ցում­նե­րուն: Նոյն օ­րը մէկ ու կէս էջ ուղ­ղագ­րու­թեան քննու­թիւն մը ը­րինք եւ Յու­լիս 28-ին ա­շա­կերտ­նե­րուս ա­ռա­ջար­կե­ցի այս դա­սըն­թաց­քէն ի­րենց տպա­ւո­րու­թիւն­նե­րը գրել հա­յե­րէ­նով: Դժգո­հե­ցան, ու­զե­ցին անգ­լե­րէ­նով շա­րադ­րել:

Յա­մե­նայն դէպս յա­ջո­ղե­ցան շատ պարզ, սկսնա­կի հա­յե­րէ­նով յայտ­նել ի­րենց գո­հու­նա­կու­թիւ­նը՝ ու­սուց­ման ձե­ւէն, ճա­շե­րէն (ո­րոնք շատ «ա­ղուոր» էին), թան­գա­րան­նե­րու այ­ցե­լու­թիւն­նե­րէն եւ օ­տար ըն­կեր­ներ ճանչ­նա­լու կա­րե­լիու­թե­նէն: Միակ դժգո­հու­թիւ­նը օ­դա­փո­խի­չի բա­ցա­կա­յու­թիւնն էր՝ տօ­թա­կէզ դա­սա­րա­նին մէջ: Պէտք է նշել նաեւ որ այս տա­րի ա­շա­կերտ­նե­րը պան­դո­կէն հա­մալ­սա­րան փո­խադ­րող հան­րա­շար­ժե­րու ու­շաց­ման հար­ցը կար­գադ­րուած էր եւ եր­բեք դա­սե­րէն ու­շա­ցում չար­ձա­նագ­րուե­ցաւ:

ՓԱԿ­ՄԱՆ ՀԱՆ­ԴԻ­ՍՈՒ­ԹԻՒՆ

Ա­մառ­նա­յին Դպրո­ցի փակ­ման հան­դի­սա­ւոր ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը տե­ղի ու­նե­ցաւ Ուր­բաթ, Յու­լիս 29-ի ե­րե­կո­յեան, Հա­մալ­սա­րա­նի մեծ դահ­լի­ճին մէջ: Ե­ղան ար­տա­սա­նու­թիւն­ներ, ե­լոյթ ու­նե­ցան ու­սու­ցիչ­ներ, ա­շա­կերտ­ներ, կա­տա­րուե­ցան եր­գեր ու ազ­գա­յին պա­րեր: Հա­ճե­լի էր լսել մա­նա­ւանդ օ­տա­րա­խօս­նե­րու հա­յե­րէն ար­տա­սա­նու­թիւն­նե­րը: Ընդ­հա­նուր խան­դա­վա­ռու­թեան մէջ ա­շա­կերտ­նե­րը ստա­ցան ի­րենց հա­ւաս­տագ­րե­րը: Յա­ջորդ օր ար­դէն կը մեկ­նէին ի­րենց եր­կիր­նե­րը՝ ա­մառ­նա­յին ար­ձա­կուր­դը օգ­տա­կար ձե­ւով ան­ցու­ցած ան­ձե­րու գո­հու­նա­կու­թեամբ, ինչ­պէս նաեւ հայ­րե­նի­քի ճա­նա­չո­ղու­թեամբ հարս­տա­ցած:

ԴՈԿՏ. ՀԻԼ­ՏԱ ԳԱԼ­ՖԱ­ՅԵԱՆ-ՓԱ­ՆՈ­ՍԵԱՆ

«Նոր Յա­ռաջ», Փա­րիզ

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 24, 2016