ՄԱԼԹԱՅԻ ԻՇԽԱՆԻՆ ԵՐԵԱՆԻ ՇՓՈՒՄՆԵՐԸ
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ բարձր արարողակարգով հիւրընկալեց Մալթայի Ինքնիշխան Մարտական Ուխտի Արքայազն ու Մեծ Վարպետ Ֆրա Մեթիու Ֆեսթինկը, որ պետական այցելութիւն մը տուաւ Երեւան։ Նախագահական ապարանքէն ներս դիմաւորման պաշտօնական արարողութիւն տեղի ունեցաւ հիւր իշխանին համար։ Նախագահ Սարգսեան նաեւ պետական շքանշանով մը պարգեւատրեց Մալթայի արքայազնը։
Օրուան տեւողութեան երկու ղեկավարները ունեցան առանձնազրոյց մը, գլխաւորեցին ընդլայնուած կազմով պատուիրակութիւններու բանակցութիւնները, նաեւ հանդէս եկան համատեղ մամլոյ ասուլիսով։ Նախագահ Սարգսեանի կողմէ պաշտօնական ճաշկերոյթ մըն ալ սարքուեցաւ ի պատիւ Ֆրա Մեթիու Ֆեսթինկի։