ԻՐԵՐԱՄԵՐԺ ԳՈՐԾՕՆՆԵՐ
Անգարայի եւ Պաղտատի իշխանութիւններուն միջեւ առկայ լարուածութիւնը կը շարունակէ առաջնահերթօրէն զբաղեցնել միջազգային օրակարգը։ Ամերիկեան «The New York Times» թերթը գրեց, որ Ուաշինկթընի ղեկավարութիւնը կը ջանայ լուծում մը գտնել այս հարցին։ Մուսուլի ազատագրման համար նախատեսուած գործողութեան Թուրքիոյ մասնակցութեան վրայ կը կեդրոնանայ ներկայ հարցը։ Հետեւաբար, ամերիկեան կողմն ալ զանազան վարկածներ կը մշակէ՝ այս հարցը յաղթահարելու որոնումներուն մէջ, առանց ԻՇԻՊ-ի («Իրաք-Շամի իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորում) դէմ պայքարը կաղացնելու։ Տարածքաշրջանի դերակատարներն ալ այս հարցին շուրջ առայժմ նպաստաւոր դիրքորոշում մը չունին։ Իրան հակազդեցութիւն ցոյց տուաւ Թուրքիոյ Մուսուլի գործողութիւններուն մասնակցելու նախաձեռնութեան շուրջ։ Թեհրանի մօտեցումը այն է, որ ահաբեկչութեան դէմ պայքարի պատրուակով ուրիշ երկիրներու գերակայութեան դէմ ոտնձգութիւնը անընդունելի է։ Հիւսիսային Իրաքի քրդական ինքնավարութեան ղեկավարութիւնը տեղեկացուց, որ Թուրքիայէն չէ պահանջուած կատարել ռմբակոծումներ։ Իրաքի ռազմական իշխանութիւնները յայտնեցին, թէ Թուրքիա որեւէ ձեւով չի մասնակցիր Մուսուլի գործողութիւններուն։ Մինչդեռ, Անգարայի իշխանութիւնները կը հաղորդեն, որ թրքական ռազմաօդանաւեր մասնակցութիւն կը բերեն Մուսուլի ռմբակոծումներուն։
Մինչ այդ, ռուսական «Իզվեստիա» թերթն ալ գրեց, որ Սուրիոյ մէջ թուրք զինեալ ուժերուն կողմէ ձեռնարկուած «Եփրատի վահան» ծրագրին համար Մոսկուա լրաքաղութեան աջակցութիւն կ՚ապահովէ։ Թուրք զինեալ ուժերուն կողմէ պաշտպանուած ընդդիմադիր խմբաւորումները Սուրիայէ ներս կը պատերազմին ԻՇԻՊ-ի եւ ՓՔՔ-ՓԵՏ-ի դէմ։ Այս հարցի պարագային ալ ամերիկեան կողմը ունի մտահոգութիւններ՝ ՓԵՏ-ի ենթարկուած հարուածներուն բերումով։
Միւս կողմէ, Մերձաւոր Արեւելքի ներկայ բարդ իրավիճակին մէջ Անգարա երէկ հիւրընկալեց երկու կարեւոր դէմք։ Այսպէս, Ֆրանսայի Արտաքին գործոց նախարար Ժան-Մարք Էյրօ եւ Պաղեստինի ղեկավար Մահմուտ Ապպաս շփումներ ունեցան ամենաբարձր մակարդակի վրայ՝ հիւրընկալուելով նաեւ Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանի կողմէ։