ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ ՄՕՏ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Երեւանի մօտ Լեհաստանի նորանշանակ դեսպան Եժի Նովաքովսքին։ Տեսակցութեան ներկայ էր նաեւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի արտաքին յարաբերութիւններու եւ արարողակարգի բաժնի տնօրէն Տ. Նաթան Արք. Յովհաննիսեան։
Վեհափառ Հայրապետը զրոյցի ընթացքին շնորհաւորութիւններ եւ բարեմաղթութիւններ յղեց նորանշանակ դեսպանին։ Նորին Սրբութիւնը հիւր դեսպանին հետ անդրադարձաւ հայ եւ լեհ ժողովուրդներու պատմական կապերուն, երկու երկիրներու միջեւ զանազան բնագաւառներէ ներս առկայ սերտ համագործակցութեան։ Լեհաստանի հայ համայնքին մասին խօսելով՝ Վեհափառ Հայրապետը գոհունակութեամբ ընդգծեց Լեհաստանի Կաթոլիկ եկեղեցւոյ կողմէ անոր նկատմամբ ցուցաբերուած զօրակցութիւնը։
Իր հերթին Նովաքովսքի շնորհակալութիւն յայտնեց ընդունելութեան համար եւ շեշտեց հայ եւ կաթոլիկ եկեղեցիներու ունեցած կարեւոր դերակատարութիւնը երկու երկիրներու եւ ժողովուրդներու կեանքէն ներս։
ՇՔԱՆՇԱՆՆԵՐՈՒ ՅԱՆՁՆՈՒՄ
Միւս կողմէ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ երէկ տեղի ունեցաւ շքանշաններու յանձնման արարողութիւն մը։ Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանի հանդիսութիւններու դահլիճին մէջ Վեհափառ Հայրապետը «Ս. Սահակ-Ս. Մեսրոպ» պատուոյ բարձր շքանշաններ շնորհեց երաժշտագէտ Վլատիլէն Բալայեանին, Սիմէոն Հախումեանին, «Կոմիտաս» լարային քառեակի գեղարուեստական ղեկավար Եդուարդ Թադէոսեանին եւ ժողովրդական արուեստագէտ Թովմաս Պօղոսեանին։
Եկեղեցական
- 11/27/2024