Հա­լէ­պը, Պուրճ Հա­մու­տը, Քե­սա­պը, Այն­ճա­րը Սփիւռ­քի Թթխմոր Են

Հա­լէ­պի կո­րուս­տը հա­մա­զօր է ազ­գա­յին կո­րուս­տի: Չա­փա­զան­ցու­թիւն կամ զգա­ցա­կա­նու­թիւն պէտք չէ ո­րո­նել դժուա­րու­թեամբ ար­տա­յայ­տուող այս հաս­տա­տու­մին մէջ: Կեն­սա­կա­նօ­րէն կա­րի­քը կայ բա­ցատ­րե­լու ազ­գա­յին մա­կար­դա­կով հե­տե­ւանք­ներ ու­նե­ցող ի­րա­վի­ճակ մը, ո­րուն լու­սա­բա­նումն ու հիմ­նա­ւո­րու­մը պէտք է շա­տոնց տրուէր, անդ­րա­դառ­նա­լու հա­մար, թէ ի՞նչ կը նշա­նա­կէ հաս­տա­տուած եւ կազ­մա­ւո­րուած գա­ղու­թի մը գո­յա­տեւ­ման, մին­չեւ իսկ գո­յու­թեան վտան­գը:

Ան­մի­ջա­պէս պէտք է շեշ­տել, որ այս հար­ցը պէտք չէ ա­ռըն­չել պա­տե­րազ­մա­կան ա­նո­ղոք պայ­ման­նե­րու տակ դի­մադ­րող հա­լէ­պա­հա­յու­թեան ան­հա­տա­կան թէ կազ­մա­կեր­պա­կան ո­րո­շում­նե­րուն: Այդ ո­րո­շում­նե­րը, ի­րենց շար­ժա­ռիթ­նե­րով հան­դերձ, պէտք է յար­գուին եւ մին­չեւ իսկ օ­ժան­դա­կու­թեան ար­ժա­նա­նան մեր բո­լո­րին կող­մէ:

Ան­հա­տա­կան թէ ըն­տա­նե­կան մա­կար­դա­կի վրայ գո­յու­թե­նա­կան յար­գե­լի ո­րո­շում­նե­րը՝ ի­րենց կար­գին, ուր կո­րուստ­նե­րը ար­դէն իսկ ա­հա­ւոր են: Սա­կայն տեղ մը պէտք է սկսինք հա­շուար­կու­մը կա­տա­րել այն հա­ւա­քա­կան կո­րուս­տին, որ ազ­գա­յին ռազ­մա­վա­րա­կան մտա­հո­գու­թիւն պէտք է ըլ­լայ, իսկ սփիւռ­քա­հա­յու­թեան հա­մար՝ ազ­գա­յին ա­ւիւն հայ­թայ­թող կե­նա­րար աղ­բիւ­րի կո­րուստ:

Երբ (…) սկսան յա­ռա­ջա­նալ հայ­կա­կան սփիւռ­քի գաղ­թօ­ճախ­նե­րը, ա­նոնց կազ­մա­ւոր­ման աշ­խա­տան­քը մեկ­նա­կէտ ու­նէր ազ­գա­յին եւ կազ­մա­կեր­պա­կան այն ա­ռա­ջադ­րան­քը, թէ նոր կազ­մուող սփիւռ­քեան գա­ղութ­նե­րը «ժա­մա­նա­կա­ւոր գաղ­թա­կա­յան­ներ» են, ուր հա­յու­թեան գո­յու­թիւ­նը վերջ­նա­կան բնոյթ չու­նի: Սփիւռ­քեան այս բնա­կա­տե­ղի­նե­րուն գո­յու­թեան ի­մաս­տը կը կա­յա­նայ հայ­րե­նիք վե­րա­դար­ձի մէջ: Մին­չեւ հայ­րե­նա­կան վե­րա­դար­ձը՝ գաղ­թօ­ճախ­նե­րու պար­տա­կա­նու­թիւ­նը պի­տի ըլ­լայ հե­տապն­դել ազ­գա­յին գո­յա­տե­ւու­մի աշ­խա­տանք, հա­յե­ցի ինք­նու­թեան պահ­պա­նում(…):

Նման ազ­գա­յին ա­ռա­ջադ­րանք բնա­կա­նա­բար կը պա­հան­ջէր ստեղ­ծու­մը հայ­կա­կան հա­մա­խումբ կեան­քի մը, որ օժ­տուած պի­տի ըլ­լայ իր կրթա­կան, մշա­կու­թա­յին, մար­զա­կան, բա­րե­սի­րա­կան, կրօ­նա­կան եւ քա­ղա­քա­կան կա­ռոյց­նե­րով: Գաղ­թօ­ճախ­նե­րու կազ­մա­կեր­պա­կան կեն­սա­փոր­ձը ա­պա­ցու­ցեց, որ ակն­կա­լուած հա­մա­խումբ կեան­քի յա­ռա­ջաց­ման ի խնդիր նա­խա­տե­սուած կա­ռոյց­նե­րու հա­մար անհ­րա­ժեշտ են թոյ­լա­տու պայ­ման­ներ, ուր կա­րե­լի պի­տի ըլ­լայ ա­պա­հո­վել հա­յե­ցի ինք­նու­թիւ­նը, պահ­պա­նել եւ ա­ւելց­նել ան­դա­մա­կան համ­րան­քը, եւ զարկ տալ հա­յե­ցի մշա­կոյ­թի դրսե­ւոր­ման (…):

Ափ­սոս, ա­րեւմ­տեան սփիւռ­քը, այ­սինքն՝ եւ­րո­պա­կան եւ ա­մե­րի­կեան ցա­մա­քա­մա­սե­րու վրայ կայք հաս­տա­տած գաղ­թօ­ճախ­նե­րը դժուա­րու­թիւ­նը ու­նե­ցան սփիւռ­քի ազ­գա­յին ա­ռա­ջադ­րան­քը ի­րա­գոր­ծե­լու: Ա­նոնց կը պակ­սէր մեզ հիւ­րըն­կա­լող եր­կիր­նե­րու թոյ­լա­տու պայ­ման­նե­րը: Ա­րեւմ­տեան կեն­ցա­ղի եւ ըն­կե­րա­յին կեան­քի պայ­ման­նե­րը մե­ծա­գոյն խո­չըն­դոտ­ներն էին հայ­կա­կան հա­մա­խումբ կեան­քի մը յա­ռա­ջաց­ման: Այս պայ­ման­նե­րը մին­չեւ այ­սօր եւ տա­կա­ւին ա­պա­գա­յի հա­մար կը մնան ու պի­տի մնան ի զօ­րու: Ի­րա­կա­նու­թիւ­նը այն է, որ վեր­ջին տաս­նա­մեակ­նե­րուն ա­րեւմ­տեան սփիւռ­քի մէջ հա­մա­խումբ կեան­քի ո­րե­ւէ աշ­խու­ժա­ցում ար­դիւնք է մի­ջի­նա­րե­ւե­լեան գա­ղութ­նե­րէն եւ հայ­րե­նի­քէն հաս­նող ա­ւի­շին:

Սա­կայն տար­բեր է մի­ջի­նա­րե­ւե­լեան գաղ­թօ­ճախ­նե­րու պա­րա­գան: Այս տա­րա­ծաշր­ջա­նին մէջ, հա­կա­ռակ այ­լա­զան քա­ղա­քա­կան վե­րի­վայ­րում­նե­րու, հայ­կա­կան հա­մա­խումբ կեան­քի եւ հա­յա­պահ­պա­նու­մի հա­մար կը տի­րեն յար­մար մի­ջա­վայր եւ պայ­ման­ներ: Հոն հայ մշա­կոյ­թի, ըն­կե­րա­յին կեան­քի ու ազ­գա­յին նկա­րագ­րի զար­գա­ցում­նե­րը նուազ տա­րո­ղու­թեամբ վտան­գուած են: Հոն մեր հա­մա­խումբ կեան­քը կը գոր­ծէ, մեր ինք­նու­թեան պահ­պա­նու­մը ա­ւե­լի ար­դիւ­նա­ւէտ է, մեր մշա­կոյ­թի փո­խան­ցու­մը հեշտ է(…):

Այս բո­վան­դա­կու­թեան մէջ պէտք է զե­տե­ղել Հա­լէ­պի գա­ղու­թը: Այս ի­մաս­տով Հա­լէ­պի կո­րուս­տը նաեւ ազ­գա­յին կո­րուստ է: Նոյն կո­րուս­տը կը պա­տա­հի, երբ վտան­գուած է Պուրճ Հա­մու­տը, Քե­սա­պը կամ Այն­ճա­րը: Այս հա­յա­հոծ կեդ­րոն­նե­րը մեր մի­ջի­նա­րե­ւե­լեան գա­ղութ­նե­րու սիր­տը, ու­ղե­ղը եւ հա­րուա­ծող բա­զուկն են: Այս կեդ­րոն­նե­րը կը բնո­րո­շեն եւ կը հաս­տա­տեն մի­ջի­նա­րե­ւե­լեան մեր գաղ­թօ­ճախ­նե­րու կեն­սա­կան ար­ժէ­քը մեր ժո­ղո­վուր­դին, մեր հայ­րե­նի­քին եւ մեր պա­հան­ջա­տի­րու­թեան հա­մար:

Ա­ռա­ջին, մի­ջի­նա­րե­ւե­լեան տա­րած­քաշր­ջա­նի մեր գա­ղութ­նե­րը տաս­նա­մեակ­նե­րու ըն­թաց­քին յա­ջո­ղած են ստեղ­ծել հա­մա­խումբ հա­յե­ցի կեանք:

Երկ­րորդ, շնոր­հիւ ի­րենց հա­մա­խումբ կեան­քին՝ այս գա­ղութ­նե­րը կրցած են ստեղ­ծել կազ­մա­կեր­պուած հա­մայնք­ներ, ո­րոնք պաշ­տօ­նա­կան թէ ան­պաշ­տօն կեր­պով ճա­նա­չում ու­նին ի­րենց բնա­կած պե­տու­թեան կող­մէ:

Եր­րորդ, իբ­րեւ կազ­մա­կերպ հա­մայնք­ներ՝ այս գա­ղութ­նե­րը յա­ջո­ղած են զար­գաց­նել ըն­կե­րա­յին եւ մշա­կու­թա­յին նկա­տա­ռե­լի ինք­նիշ­խա­նու­թիւն:

Չոր­րորդ, ի­րենց աշ­խար­հագ­րա­կան դիր­քով այս գա­ղութ­նե­րը ա­ւե­լի մեր­ձա­կայ են հայ­րե­նի­քին, ինչ որ մե­ծա­պէս կը դիւ­րաց­նէ ներ­գաղ­թի աշ­խա­տան­քը:

Ա­մե­նէն կա­րե­ւո­րը, Հա­լէ­պը եւ մնա­ցեալ կեդ­րոն­նե­րը կեն­սա­տու ա­ւիւ­նը կը սրսկեն ա­րեւմ­տեան ցա­մա­քա­մա­սե­րու գա­ղութ­նե­րուն, որ­պէս­զի այս վեր­ջին­նե­րը շա­րու­նա­կեն ի­րենց ազ­գա­նուէր եւ հայ­րե­նա­կեդ­րոն աշ­խա­տան­քը:

Կա­րե­լի՞ է պատ­կե­րաց­նել մեր ազ­գա­յին ու հայ­րե­նա­կան կեան­քը՝ ա­ռանց Հա­լէ­պի, Պուրճ Հա­մու­տի, Քե­սա­պի եւ Այն­ճա­րի: Կա­րե­լի՞ է պատ­կե­րաց­նել սփիւռ­քը ա­ռանց թթխմո­րի…

ՍԵ­ԴՕ ՊՈ­ՅԱ­ՃԵԱՆ

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 25, 2016