ՖՐԷԶՆՈՅԻ ՄԷՋ ՔԱՐՈԶ ՄԸ - Ա -
Թերեւս տարօրինակ թուի, բայց կան կարգ մը գիրքեր, գրութիւններ եւ կամ արձանագրուած խօսակցութիւններ՝ որոնք յաճախ կը կարդացուին կամ կը լսուին, առանց կրկնութիւն համարելու եւ կարծես ամէն անգամ որ կը կարդացուի կամ կը լսուի, ո՛չ թէ կրկնութեան այլ նոր հեղինակութեան մը տպաւորութիւնը կը թողու մարդուս վրայ։ Թէեւ վերը «տարօրինակ» կոչուեցաւ այս երեւոյթը, սակայն բնական է ասիկա, քանի որ միտքը ամէն անգամ կը նորոգուի եւ նորութիւններ կը տեսնէ անոնց մէջ։
Կան գրութիւններ կամ խօսակցութիւններ ալ, որոնք սկզբունքային, կարծես «սահմանադրային» հանգամանք մը ունին եւ «աղօթք»ի մը նման կը պահուին եւ յաճախ կը յիշուին՝ որպէս ուղեցոյց, որպէս սկզբունք, որպէս կեանքի ընթացքը լուսաւորող լուսարձա՛կ։
Ահաւասիկ ասոնցմէ մէկն է՝ Վեր. Յ. Մսըրլեանի կողմէ, 5 Յուլիս, 1953-ին, Ֆրէզնոյի Հայ Պանդխտաց Ժողովական եկեղեցւոյ մէջ խօսուած իր առաջին քարո՛զը։
Այս քարոզը տարւոյ մէջ մէկ-երկու անգամ կարդալը սովորութիւն ըրած եմ երկար ժամանակէ ի վեր, նոյնիսկ մի քանի անգամ ալ զայն բաժնած եմ իմ սիրելի՜ ընթերցող բարեկամներուս հետ։
Խորհելով որ օրաթերթի մը կեանքը որքան ալ երկար ըլլայ օրական գրութիւնները շուտ կը մոռցուին ընդհանրապէս, ուրեմն կ՚ուզեմ անգամ մը եւս ներկայացնել զայն իմ սիրելի՜ բարեկամներուս, որուն մէջ, վստա՛հ եմ, պիտի գտնեն նորութիւններ։
Ուրեմն, Վեր. Յ. Մսըրլեան, տեսնենք թէ ի՛նչ է ըսեր իր առաջին քարոզին մէջ՝ 1953 թուականին։
ԻՆՉՈ՞Ւ ԵԿԱՅ
Բնաբան. «Վասնզի Քրիստոս զիս մկրտելու չղրկեց. հապա Աւետարանը քարոզելու»։
Վերապատուելի Հիւսեան, Քրիստոսով բաղձալի քոյրեր եւ եղբայրներ,
Փառք կու տամ՝ Աստուծոյ իր անպատում շնորհքներուն համար որ վերջապէս մեզ իրար միացուց որպէս հօտ եւ հովիւ։
Ձեր զուարթ եւ ակնկառոյց դէմքերը գրաւական են այն թաքուն սիրոյն եւ ակնկալութեանց որ ամիսներու սպասումը խմորած է ձեր սրտերուն մէջ,
Անտարակոյս ա՛յս էր Աստուծոյ կամքը եւ այդ կամքը այսօր կատարուած է. Իրեն վայել է փառք յաւիտեանս, ամէն։
Եւ Դուք Վերապատուելի Հիւսեան, այս եկեղեցւոյ վաստակաւոր հովիւը, Տէրոջ հաւատարիմ եւ անխոնջ մշակը, այսօր այս Բեմը եւ այս եկեղեցւոյ ծառայութիւնը ինծի կը փոխանցէք հաւատքով եւ աղօթքով։ Ձեր ծառայութեան երեք տարիները այս եկեղեցւոյ կեանքին մէջ ամենէն քրիթիքական տարիներն էին։ Դուք բերդը ամո՛ւր պահեցիք, Հօտը հովուեցիք ամենայն իմաստութեամբ եւ զոհողութեամբ։ Այժմ Ձեր պաշտօնը լրիւ կատարած ըլլալով, գոհ սրտով իմ վզիս կը դնէք այս եկեղեցւոյ շատ ծանր, բայց խիստ ցանկալի եւ քաղցր լուծը։ Երբ խոնարհաբար ձեզի կը յաջորդեմ, կը ցանկամ ունենալ Եղիսէի նման ձեր Եղիայի լօդիկը, Յակոբի նման՝ ձեր Իսահակի օրհնութիւնը, Տիմոթէոսի նման՝ ձեր Պօղոսի արցունքոտ աղօթքը։ «Բարի պատերազմը պատերազմեցաք, ընթացքը կատարեցիք, հաւատքը պահեցիք։ Ասկէ ետեւ կայ ու կը մնայ ձեզ արդարութեան պսակը զոր Տէրը, արդար դատաւորը պիտի հատուցանէ ձեզ այն օրը»։
Սիրելիներ, այսօր ձեր եկեղեցական կեանքին մէջ նոր էջ մը կը բացուի վստահելով ինձ այս Բեմի «Կենաց Բան»ին քարոզութիւնը եւ ձեր ծառան ըլլալու առանձնաշնորհքը։
Ցարդ ձեզի ծառայող ընտիր հովիւներու շարքին, գուցէ ես ամենէն երիտասարդն ու անփորձն եմ։
Ձեր վսհատութիւնը եւ հաւատքը մեծապէս կը խրախուսէ զիս։ Երախտապարտ եմ ձեզի եւ կ՚ողջունեմ ձեզ Քրիստոս Յիսուս մեր Տէրոջմով։
Ինչո՞ւ եկանք։
Նախ, եկանք շինելու այս վէմին վրայ՝ որ Աստուած Քրիսոտս Յիսուսով արդէն դրած է մեր մէջ, եւ որուն վրայ «կենդանի քարերու պէս օրէ օր կը շինուինք» Սուրբ Հոգւոյն տաճար մ՚ըլլալու։ Ես չեկա՛յ աւրելու, հապա՝ շինելո՛ւ։ Ես չեկայ նոր հիմ դնելու, հապա դրուածին վրայ շինելու։ «Վասնզի մէկը ա՛լ ուրիշ հիմ չի կրնար դնել դրուածէն զատ՝ որ է Յիսուս Քրիստոս»։
Տէրոջ ծառաներ. Յ. Սանդիկեան, Ա. Վարդանեան, Մ. Կ. Փափազեան, Յ. Չագմագճեան, Ա. Պ. Հիւսեան այս վէմին վրայ շինեցին եւ անոնց շինածը կրակով փորձուելէ վերջ ընտի՛ր գտնուեցաւ։ Մին տնկեց, միւսը ջրեց, այլ մէկը հնձեց, բայց Աստուած է որ աճեցուց։
Ո՛չ տնկողը բան մըն է, ոչ ալ ջրողը, հապա Աստուա՛ծ որ կ՚աճեցնէ։
Ես ալ ընտիր մշակներուն ամենէն յետինն եմ։
Բայց ինծի տրուած շնորհքի չափովը ես ալ իմ կարգիս պիտի ցանեմ ու ջրեմ եւ ելքը Տէրոջը ձեռքերուն յանձնեմ։
Ես եկայ նաեւ Աւետարա՛նը քարոզելու։
«Վասնզի Քրիստոս զիս մկրտելու չղրկեց, հապա Աւետարանը քարոզելու»։
Ինծի կ՚ըսեն. «Գալիֆորնիա առողջ օդ եւ տաքուկ արեւ ունի»։ Բայց ես օդ ծծելու եւ կռնակս տաքցնելու չեկա՛յ։
Ինծի կ՚ըսեն. «Գալիֆորնիա առատ պտուղ ունի, հանգիստ տեղ է»։ Բայց ես չեկա՛յ ուտելու եւ խմելու։
Ինչպէս ամենայն տեղ մահը մի՛ է, հոս ալ մարդիկ կը մեռնին։ Կը մաղթեմ որ ձեր ննջեցեալները քիչ ըլլան։ Ես պիտի թաղեմ ձեր ննջեցեալները ամենայն երկիւղածութեամբ եւ փափկութեամբ։ Բայց Քրիստոս զիս մեռելներ թաղելու չղրկե՛ց։
Ուրա՜խ եմ որ իմ ժամանած րոպէին իսկ ինձ իմաց տուին թէ երկու պսակ կը սպասեն ինձ…
- Պիտի շարունակուի։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Հոկտեմբեր 21, 2016, Իսթանպուլ