ԿԻՒԼԹԱՆ ՔԸՇԱՆԱՔ ՀՍԿՈՂՈՒԹԵԱՆ ՏԱԿ

Տիար­պա­քը­րի գլխա­ւոր քա­ղա­քա­պետ Կիւլ­թան Քը­շա­նաք առ­նուե­ցաւ հսկո­ղու­թեան տակ՝ ա­հա­բեկ­չու­թեան հար­ցաքն­նու­թեան շրջագ­ծով։ Նոյն­պէս ձեր­բա­կա­լուե­ցաւ նաեւ հա­մա­քա­ղա­քա­պետ Ֆը­րաթ Ան­լը։

Քը­շա­նաք ե­րէկ Ան­գա­րա­յի մէջ ներ­կա­յա­ցած էր Ազ­գա­յին մեծ ժո­ղո­վի պե­տա­կան հա­րուա­ծի հար­ցաքն­նու­թեան յանձ­նա­ժո­ղո­վին։ Ցուց­մունք­ներ տա­լէ վերջ ան ե­րե­կո­յեան ժա­մե­րուն վե­րա­դար­ձաւ Տիար­պա­քըր, ուր օ­դա­նա­ւէն դուրս գա­լէ վերջ հսկո­ղու­թեան տակ առ­նուե­ցաւ ոս­տի­կա­նու­թեան կող­մէ։ Տիա­րպա­քը­րի Հան­րա­պե­տա­կան ա­ւագ դա­տա­խա­զու­թեան կող­մէ ձեռ­նար­կուած հա­կաա­հա­բեկ­չա­կան քննու­թեան մը ծի­րէն ներս հսկո­ղու­թեան տակ առ­նուած Քը­շա­նաք եւ Ան­լը տա­րուե­ցան Անվ­տան­գու­թեան տնօ­րէ­նու­թիւն։ Ոս­տի­կա­նու­թիւ­նը միեւ­նոյն ժա­մա­նակ խու­զար­կում­ներ կա­տա­րեց քա­ղա­քա­պե­տա­րա­նէն եւ եր­կու ձեր­բա­կա­լեալ­նե­րու բնա­կա­րա­նէն ներս։

Ոս­տի­կա­նու­թիւ­նը անվ­տան­գու­թեան շատ խիստ մի­ջոց­ներ ձեռք ա­ռած է եւ թոյլ չի տրուիր, որ­պէս­զի ոե­ւէ մէ­կը մօ­տե­նայ քա­ղա­քա­պե­տա­րան։

Տե­ղա­կան մա­մու­լի հա­ղոր­դում­նե­րով, ՀՏՓ­-ա­կան շարք մը ե­րես­փո­խան­ներ ալ ան­մի­ջա­պէս փու­թա­ցած են Տիար­պա­քը­րի քա­ղա­քա­պե­տա­րան, ի­րենց հետ ու­նե­նա­լով նաեւ շարք մը հա­սա­րա­կա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ։

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 26, 2016