Չորեքշաբթի 25, Դեկտեմբեր 2024
ՈՒՔՐԱՅՆՈՅ ՄԷՋ ՀԱՅ ՄԸ ԶՈՀ
Ուքրայնոյ Մելիթոփոլ քաղաքին մէջ ծագած հրաձգութեան մը հետեւանքով զոհուեցան հայ մը եւ վրացի մը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, զոհերու անուններն են՝ Սարգիս Պաղտասարեան եւ Զուրապ Օնանիզի։
Ըստ շրջանի դատախազութեան հաղորդումներուն, սա քրէական աշխարհի ներկայացուցիչներու միջեւ ծագած դէպք մը չէ։ Հրաձգութիւնը երկու երիտասարդներու ծայրայեղութեան պատճառով ծագած է։ Անոնք նախապէս չեն ունեցած քրէական անցեալ, չեն դատապարտուած, իսկ ներկայ հրաձգութիւնը ծագած է աղջկան մը պատճառով։ Վեց հոգիէ բաղկացեալ խումբ մը կէս գիշերին գինով վիճակի մը մէջ սկսած է հրաձգութեան։ Յիշեալ վեց հոգիէն բոլորին ալ ինքնութիւնը ճշդուած է։
Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 26, 2016