ՄԱԼԹԱՅԻ ԻՇԽԱՆԸ ՀՐԱԺԵՇՏ ԱՌԱՒ ՀԱՅԱՍՏԱՆԷՆ

Մալ­թա­յի Ինք­նիշ­խան Մար­տա­կան Ուխ­տի Ար­քա­յազն ու Մեծ Վար­պետ Ֆրա Մե­թիու Ֆես­թինկ ա­ւար­տեց դէ­պի Ե­րե­ւան պաշ­տօ­նա­կան այ­ցե­լու­թիւ­նը՝ Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Սերժ Սարգսեա­նի հրա­ւէ­րին ըն­դա­ռաջ։ Այս առ­թիւ Մալ­թա­յի իշ­խա­նին հա­մար ե­րէկ տե­ղի ու­նե­ցաւ հրա­ժեշ­տի ա­րա­րո­ղու­թիւն։ Ու­ղե­ւո­րու­թեան եզ­րա­փա­կիչ փու­լին ա­ռանձ­նազ­րոյց մըն ալ տե­ղի ու­նե­ցաւ Նա­խա­գահ Սարգ­սեա­նի եւ Մալ­թա­յի իշ­խա­նին մի­ջեւ։ Ֆրա Մե­թիու Ֆես­թինկ բարձր գնա­հա­տեց իր շփում­նե­րուն շրջագ­ծով տե­ղի ու­նե­ցած բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րու ար­դիւնք­նե­րը ու շեշ­տեց, թէ այ­ցե­լու­թիւ­նը նոր էջ մը պի­տի բա­նայ երկ­կող­մա­նի յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն մէջ, խթան պի­տի հան­դի­սա­նայ փո­խա­դարձ հե­տաքրք­րու­թեան ա­ռա­րա­կայ ո­լորտ­նե­րէն ներս հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան խո­րաց­ման։ Հարկ է նշել, որ Մալ­թա­յի իշ­խա­նը քա­ռօ­րեայ այ­ցե­լու­թիւն մը ի­րա­կա­նա­ցուց դէ­պի Հա­յաս­տան եւ այս ըն­թաց­քին երկ­րի բարձ­րա­գոյն ղե­կա­վա­րու­թեան կող­մէ հիւ­րըն­կա­լուե­լու ա­ռըն­թեր ան այ­ցե­լեց ըն­կե­րամ­շա­կու­թա­յին կամ ա­ռող­ջա­պա­հա­կան բնա­գա­ւա­ռի՝ յա­տուկ ա­ռա­քե­լու­թեամբ շարք մը հաս­տա­տու­թիւն­ներ։

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 26, 2016