«ԿԱԶՓՐՈՄ»Ի ՀԵՏ ԿԱՅՈՒՆ ԱՇԽԱՏԱՆՔ

Ռու­սաս­տա­նի կա­զի ըն­կե­րու­թեան «Կազփ­րոմ»ի վար­չու­թեան նա­խա­գահ Ա­լեք­սէյ Միլ­լեր ե­րէկ շփում­ներ ու­նե­ցաւ Ե­րե­ւա­նի մէջ, ուր հիւ­րըն­կալ­ուե­ցաւ ա­մե­նա­բարձր մա­կար­դա­կի վրայ։ Օ­րուան տե­ւո­ղու­թեան ան ըն­դու­նուե­ցաւ Հա­յաս­տա­նի Նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեա­նի եւ Վար­չա­պետ Կա­րէն Կա­րա­պե­տեա­նի կող­մէ։

Պաշ­տօ­նա­կան աղ­բիւր­նե­րու հա­ղոր­դում­նե­րով, Սերժ Սարգ­սեա­նի մօտ տե­ղի ու­նե­ցած զրոյ­ցին ըն­թաց­քին քննար­կուե­ցաւ հայ-ռու­սա­կան ռազ­մա­վա­րա­կան դաշ­նակ­ցա­յին յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու եւ միջ­պե­տա­կան հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան կա­րե­ւոր բա­ղադ­րիչ­նե­րէն ու­ժա­նիւ­թի, մա­նա­ւանդ՝ բնա­կան կա­զի ո­լոր­տին հետ ա­ռըն­չա­կից զա­նա­զան հա­րցեր։ Ընդգ­ծուե­ցաւ, որ այս նիւ­թը եր­կու եր­կիր­նե­րու նա­խա­գահ­նե­րուն՝ Սերժ Սարգ­սեա­նի եւ Վլա­տի­միր Փու­թի­նի երկ­կող­մա­նի պար­բե­րա­կան հան­դի­պում­նե­րուն ժա­մա­նակ միշտ կը գտնուի օ­րա­կար­գի վրայ։ Ե­րէ­կուան զրոյ­ցին ըն­թաց­քին ընդգ­ծուե­ցաւ, որ Եւ­րոա­սիոյ տնտե­սա­կան միու­թեան (ԵՏՄ) ան­դամ­նակ­ցու­թիւ­նը Հա­յաս­տա­նի առ­ջեւ նոր հե­ռան­կար­ներ կը բա­նայ՝ փոխ­շա­հա­ւէտ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան եւ տնտե­սա­կան գետ­նի վրայ մրցու­նա­կու­թեան բարձ­րաց­ման տե­սա­կէ­տէ։ Այս բո­լոր հան­գա­մանք­նե­րը ուղ­ղա­կիօ­րէն կ՚ա­ռըն­չուին նաեւ ու­ժա­նիւ­թի բնա­գա­ւա­ռին։ Հե­տե­ւա­բար, անդ­րա­դարձ կա­տա­րուե­ցաւ նաեւ եր­կու եր­կիր­նե­րուն մի­ջեւ ստո­րագ­րուած բնա­կան կա­զի վե­րա­բե­րեալ հա­մա­ձայ­նագ­րին։ Շօ­շա­փուե­ցան բնա­կան կա­զի սա­կա­գի­նը զեղ­չե­լու վե­րա­բե­րեալ հնա­րա­ւո­րու­թիւն­նե­րը։ Ա­լեք­սէյ Միլ­լեր ներ­կա­յա­ցուց նաեւ «Կազփ­րոմ-Ար­մե­նիա» ըն­կե­րու­թեան մի­ջո­ցաւ Հա­յաս­տա­նի մէջ ռու­սա­կան ըն­կե­րու­թեան ծա­ւա­լած գոր­ծու­նէու­թիւ­նը, կա­տա­րած ներդ­րում­նե­րը, յա­ռա­ջի­կա­յի հա­մար մշա­կուած ծրագ­րե­րը։ Այս ամ­բող­ջին մէջ կա­րե­ւոր տեղ պի­տի զբա­ղեց­նեն նաեւ ըն­կե­րա­յին բնոյ­թով նա­խագ­ծե­րը։

Իսկ Կա­րէն Կա­րա­պե­տեա­նի մօտ տե­ղի ու­նե­ցած զրոյ­ցին ըն­թաց­քին կող­մե­րը քննար­կե­ցին ու­ժա­նիւ­թի ո­լոր­տէն ներս հայ-ռու­սա­կան հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան, զար­գաց­ման հե­ռան­կար­նե­րուն, ինչ­պէս նաեւ Հա­յաս­տա­նի մէջ «Կազփ­րոմ»ի գոր­ծու­նէու­թեան վե­րա­բե­րեալ հար­ցե­րու լայն շրջա­նակ։ Վար­չա­պետ Կա­րա­պե­տեան ար­դիւ­նա­ւէտ գնա­հա­տեց «Կազփ­րոմ-Ար­մե­նիա»ի մի­ջո­ցաւ Հա­յաս­տա­նէ ներս այս ո­լոր­տի զար­գաց­ման ուղ­ղեալ կա­զաու­ժա­նիւ­թա­յին ծրագ­րե­րը։ Ընդգ­ծուե­ցաւ, որ «Կազփ­րոմ»ը Հա­յաս­տա­նի մէջ ու­նի ա­մե­նա­խո­շոր ներդ­րու­մա­յին ծրա­րը։ Կա­րա­պե­տեա­նի խօս­քե­րով, Հա­յաս­տա­նի ու­ժա­նիւ­թի անվ­տան­գու­թեան ուղ­ղեալ ծրագ­րե­րը, ան­խա­փան կա­զա­մա­տա­կա­րար­ման ա­պա­հո­վու­մը, ի­րա­կա­նա­ցուած ներդ­րու­մա­յին խո­շոր ծրագ­րե­րը կեան­քի կո­չուած են «Կազփ­րոմ»ի ղե­կա­վա­րու­թեան պատ­րաս­տա­կա­մու­թեան եւ ան­մի­ջա­կան ջան­քե­րուն շնոր­հիւ։

Իր կար­գին, Ա­լեք­սէյ Միլ­լեր շնոր­հա­ւո­րեց Կա­րէն Կա­րա­պե­տեա­նը՝ Հա­յաս­տա­նի վար­չա­պետ նշա­նա­կուե­լուն կա­պակ­ցու­թեամբ ու մաղ­թեց ար­դիւ­նա­ւէտ գոր­ծու­նէու­թիւն։ Ար­ձա­նագ­րե­լով ծա­ւա­լուած եր­կա­րա­տեւ աշ­խա­տան­քի դրա­կան ար­դիւնք­նե­րը՝ Միլ­լեր ընդգ­ծեց, որ Հա­յաս­տան ու­նի բնա­կան կա­զի մա­տա­կա­րար­ման մեծ ցանց մը, ար­դա­րեւ 96 տո­կո­սի հա­սած է երկ­րէն ներս կա­զի բաշ­խու­մը։ Սա բարձր մա­կար­դակ մըն է եւ եր­կի­րը ու­նի նաեւ կա­զա­մա­տա­կա­րար­ման լուրջ հա­մա­կարգ մը։ Միլ­լեր վստա­հե­ցուց, որ «Կազփ­րոմ» ա­պա­գա­յին եւս պատ­րաստ է Հա­յաս­տա­նի մէջ ի­րա­կա­նաց­նել իր առ­ջեւ դրուած բո­լոր խնդիր­նե­րը։ Միլ­լեր խօ­սե­ցաւ նաեւ «Կազփ­րոմ-Ար­մե­նիա» ըն­կե­րու­թեան գոր­ծու­նէու­թեան տե­սա­կա­ւոր­ման ա­ռանձ­նա­յատ­կու­թեան մա­սին։ Ան կա­րե­ւո­րեց Հրազ­դա­նի ջրաե­լեկտ­րա­կա­յա­նի հին­գե­րորդ պլո­քի եւ Ա­բո­վեան քա­ղա­քի ստոր­գետ­նեայ կա­զա­պա­հեստ-կա­յա­նի հե­տա­գայ շա­հա­գործ­ման ար­դիւ­նա­ւէ­տու­թիւ­նը։ Միլ­լեր ընդգ­ծեց «Կազփ­րոմ»ի գոր­ծու­նէու­թեան ըն­կե­րա­յին պա­տաս­խա­նա­տուու­թեան բա­ղադ­րի­չը։ Ըստ ի­րեն, ըն­թաց­քի մէջ է բազ­մա­կող­մա­նի հնա­րա­ւո­րու­թիւն­նե­րով ու­սում­նա­մար­զա­կան հա­մա­լի­րի մը շի­նա­րա­րու­թիւ­նը, որ «Կազփ­րոմ»ի ներդ­րումն է Հա­յաս­տա­նի ե­րի­տա­սարդ սե­րուն­դի ա­պա­գա­յին հա­մար։

Զրոյ­ցի ա­ւար­տին Կա­րէն Կա­րա­պե­տեան Ա­լեք­սէյ Միլ­լե­րը պար­գե­ւատ­րեց Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան վար­չա­պե­տի յու­շա­մե­տայ­լով՝ եր­կու եր­կիր­նե­րու մի­ջեւ տնտե­սա­կան կա­պե­րու զար­գաց­ման եւ ամ­րապնդ­ման ուղ­ղու­թեամբ ներդ­րուած նշա­նա­կա­լի ա­ւան­դին հա­մար։

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 26, 2016