ՉԱՎՈՒՇՕՂԼՈՒ. «ԹՈՒՐՔԻԱ ՄՈՒՍՈՒԼԻ ԳՈՐԾՈՂՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍ ԿԸ ԿԱԶՄԷ»

Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Մեւ­լիւտ Չա­վու­շօղ­լու ե­րէկ յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րով հան­դէս ե­կաւ Ի­րա­քէ ներս Մու­սու­լի գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րուն ա­ռըն­չու­թեամբ ու շեշ­տեց, որ ե­թէ Թուր­քիոյ դէմ սպառ­նա­լիք մը յա­ռա­ջա­նայ, ա­պա եր­կի­րը իր բո­լոր հնա­րա­ւո­րու­թիւն­նե­րը շարժ­ման պի­տի ան­ցը­նէ, նե­րա­ռեալ ցա­մա­քա­յին գոր­ծո­ղու­թեան մը վար­կա­ծը։ Ան որ­պէս օ­րի­նակ ցոյց տուաւ Սու­րիոյ մէջ Թուր­քիոյ կող­մէ «Ի­րաք-Շա­մի իս­լա­մա­կան պե­տու­թիւն» (Ի­ՇԻՊ) ա­հա­բեկ­չա­կան խմբա­ւոր­ման դէմ առ­նուած քայ­լե­րը։ «Ինչ­պէս որ Սու­րիոյ մէջ Ի­ՇԻՊ-ի սպառ­նա­լի­քը այ­լեւս յոր­դե­ցուց մեր համ­բե­րու­թիւ­նը, Ի­րա­քի պա­րա­գա­յին ալ Սին­ճա­րի եւ միւս շրջան­նե­րէն ներս մե­զի ուղ­ղեալ սպառ­նա­լի­քը ե­թէ ա­ւել­նայ՝ ա­պա մենք այդ սպառ­նա­լի­քը կը չէ­զո­քաց­նենք, օգ­տա­գոր­ծե­լով մի­ջազ­գա­յին ի­րա­ւուն­քէն բխած մեր ի­րա­ւունք­ներն ու մեր զօր­քը, նե­րա­ռեալ ցա­մա­քա­յին գոր­ծո­ղու­թեան վար­կա­ծը», ը­սաւ Մեւ­լիւտ Չա­վու­շօղ­լու ու շեշ­տեց, թէ Թուր­քիա ու­նի իր տե­ղը Մու­սու­լի գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րուն ամ­բող­ջին մէջ։

Չա­վու­շօղ­լու մեկ­նա­բա­նեց նաեւ այն լու­րե­րը, ըստ ո­րոնց Սու­րիա­յէ ներս «Եփ­րա­տի վա­հան» գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րուն շրջագ­ծով Ռու­սաս­տան լրա­քա­ղու­թեան տուեալ­ներ կը փո­խան­ցէ Թուր­քիոյ։ Նա­խա­րա­րը նշեց, որ Ան­գա­րա տե­ղե­կա­ցու­ցած էր, թէ Ի­ՇԻՊ-ի դէմ ա­մէն տե­սակ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւն պի­տի կա­տա­րէ։ Իսկ Ռու­սաս­տա­նի պա­րա­գա­յին՝ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու բնա­կա­նո­նա­ցու­մէն վերջ ար­դէն կող­մե­րուն մի­ջեւ ձե­ւա­ւո­րուած է դրու­թիւն մը, որ կ՚ընդգր­կէ զի­նուո­րա­կան­նե­րը, դի­ւա­նա­գէտ­նե­րը եւ լրա­քա­ղու­թիւ­նը։

Ի լրումն այս բոլորին, Մեւ­լիւտ Չա­վու­շօղ­լու ընդգծեց, որ ԱՄՆ-ի ներխուժումէն յետոյ Իրաք դարձած է անկառավարելի երկիր մը։

Միւս կող­մէ, Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու Պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րար Էշ­թըն Քար­թըր ե­րէկ Փա­րի­զի մէջ յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րով հան­դէս ե­կաւ տա­րած­քաշր­ջա­նի վեր­ջին ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րուն շուրջ։ Ըստ ի­րեն, Ի­ՇԻՊ-ի գործ­նա­կան մայ­րա­քա­ղա­քին՝ Ռաք­քա­յի եւ Մու­սու­լի ա­զա­տագր­ման գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րը պի­տի հա­մընկ­նին։ «Մեր գոր­ծըն­կեր­նե­րուն հետ պատ­րաս­տու­թիւն­նե­րու ձեռ­նար­կած ենք Ռաք­քա­յի մե­կու­սաց­ման հա­մար։ Մու­սու­լի գոր­ծո­ղու­թեան հետ մեր քայ­լե­րը պի­տի հա­մընկ­նին։ Սա մաս կը կազ­մէ մեր ծրագ­րին ու մենք պատ­րաս­տուած ենք այս ուղ­ղու­թեամբ», ը­սաւ ա­մե­րի­կա­ցի նա­խա­րա­րը եւ ա­ւել­ցուց, որ Ռու­սաս­տան տեղ չու­նի Ռաք­քա­յի վե­րա­բե­րեալ ի­րենց ծրագ­րին մէջ։

Իսկ Եւրոխորհրդարանը երէկ հանդէս եկաւ կոչով մը՝ որպէսզի Իրան օգտագործէ իր ազդեցութիւնը Սուրիոյ իշխանութիւններուն վրայ։ Եւրոխորհրդարանը միեւնոյն ժամանակ Եւրոմիութեան կոչ ուղղեց, որպէսզի Ռուսաստանի եւ ԱՄՆ-ի հետ միասին նպաստէ Իրանի եւ Սէուտական Արաբիոյ յարաբերութիւններու կարգաւորման։

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 26, 2016