ՊԱՀՊԱՆԵԼ ՀՐԱԴԱԴԱՐԸ
ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահները՝ Ճէյմս Ուորլիք (Միացեալ Նահանգներ), Իկոր Փոփով (Ռուսաստան), Փիէռ Անտրիու (Ֆրանսա), նաեւ շրջանային նախագահի յատուկ ներկայացուցիչ դեսպան Անճէյ Կասպրչիկ երէկ աւարտեցին իրենց ուղեւորութիւնը՝ դէպի Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան տարածքաշրջան։ Այցելութեան վերջին փուլին միջնորդները երէկ Երեւանի մէջ հիւրընկալուեցան Հայաստանի բարձրագոյն ղեկավարութեան կողմէ։ Անոնք միեւնոյն ժամանակ համատեղ յայտարարութիւն մը հրապարակեցին տարածքաշրջանային այցելութեան աւարտին։
Եռանախագահները երէկ Երեւանի մէջ տեսակցեցան Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի, Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեանի եւ Պաշտպանութեան նախարար Վիգէն Սարգսեանի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Նախագահ Սարգսեան միջնորդներուն հետ քննարկեց Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի խաղաղ կարգաւորման գործընթացին եւ առկայ խնդիրներուն վերաբերեալ հարցեր։ Համանախագահները Սերժ Սարգսեանին ներկայացուցին Պաքուի եւ Ստեփանակերտի մէջ իրենց ունեցած վերջին հանդիպումներուն արդիւնքները։ Կարեւորուեցաւ բանակցային գործընթացէն ներս հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման ուղղեալ յանձնառութիւններուն նկատմամբ կողմերուն հաւատարմութիւնը, Վիեննայի եւ Սեն Փեթերսպուրկի մէջ բարձր մակարդակի վրայ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններու կատարուիլը։
Եդուարդ Նալպանտեանի մօտ տեղի ունեցած հանդիպման ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ ղարաբաղեան հիմնախնդրի խաղաղ կարգաւորման վերաբերեալ շարք մը հարցերու։ Նախարարը այս առումով ընդգծեց, որ Ատըր-պէյճան քանի մը ամիսէ ի վեր կը մերժէ իրականացնել Վիեն-նայի եւ Սեն Փեթերսպուրկի գագաթաժողովներուն ընթացքին նախագահներու մակարդակով ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւնները՝ այսպէսով իսկ խոչընդոտելով բանակցային գործընթացը յառաջ մղելու ուղղեալ համապատասխան պայմաններու ստեղծումը։ Ըստ Նալպանտեանի, ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահ երկիրները ուղղած են բազմաթիւ կոչեր՝ որպէսզի կողմերը զերծ մնան առաւելապաշտական ու սադրիչ հռետորաբանութենէ եւ գործողութիւններէ։ Հակառակ այս բոլորին Պաքու կը շարունակէ այդ գործելաոճը, որու թարմ ապացոյցն են վերջին օրերուն բանակցային գործընթացի էութիւնը եւ ոգին խեղաթիւրող Ատրպէյճանի ղեկավարութեան յայտարարութիւնները՝ որոնք միանշանակ վնասակար են բանակցային գործընթացին համար։
Իր կարգին, Վիգէն Սարգըս-եանն ալ միջնորդներուն հետ զրուցելու ժամանակ ընդգծեց, որ բանակցային գործընթացին մէջ յառաջընթաց ապահովելու համար կարեւոր է հրադադարի անվերապահ պահպանումը։ Նախարարը ներկայացուց բանակցային գործընթացի ռազմաքաղաքական ծալքերը եւ հայ-ազէրի հակամարտ զօրքերու շփման գծին իրավիճակը։ Ըստ Վիգէն Սարգսեանի, անցեալ Ապրիլի ռազմական գործողութիւններէն յետոյ ալ Ատրպէյճան կը շարունակէ ապակայունացնել շփման գծի վրայ իրավիճակը, կրակոցները կ՚աճին պարբերաբար, կը մեծնայ կիրառուող զէնքերուն տրամաչափը՝ պատ-ճառ դառնալով նոր զոհերու։ Հետեւաբար Հայաստան կը կարեւորէ շփման գծի վրայ հրադադարի անվերապահ պահպանումը եւ հակամարտ կողմերու միջեւ վստահութեան ամրապնդումը՝ բանակցային գործընթացէն ներս յառաջընթաց արձանագրելու տեսակէտէ։ Կողմերը կարծիքներ փոխանակեցին նաեւ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներու՝ Վիեննայի եւ Սեն Փեթերսպուրկի մէջ ձեռք բերուած համաձայնութիւններու հիման վրայ բանակցային գործընթացը շարունակելու, Անճէյ Կասպրչիկի գործնական հնարաւորութիւնները ընդլայնելու ուղիներուն վերաբերեալ։
Միջնորդներու Երեւանի շփումներուն առընչութեամբ երէկ մամլոյ ասուլիս մը սարքեց Ճէյմս Ուորլիք՝ Երեւանի մօտ ԱՄՆ-ի դեսպանատան մէջ։ Ըստ իրեն, համանախագահները յոյս ունին, որ հրադադարի նկատմամբ յարգանքը երկար կը պահպանուի։ Բաց աստի, Ուորլիքի խօսքերով, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահները՝ Սերժ Սարգսեան եւ Իլհամ Ալիեւ պէտք է յանձնառութիւն ստանձնեն՝ վարելու համար այնպիսի բանակցութիւններ, որոնք պիտի ապահովեն վերջնական կարգաւորումը։ «Մենք կ՚ուզենք տեսնել քաղաքական կամք կողմերուն մօտ ու կը կարծենք, որ համանախագահները առիթ պիտի ունենան յառաջիկային հանդիպելու», ըսաւ Ուորլիք, որու կարծիքով հայերու եւ ազէրիներու երազանքն է՝ կարենալ կողք կողքի ապրիլ խաղաղ ու անվը-տանգ։ Միջնորդներու ջանքերը ուղղուած են այս նպատակին եւ տարածքաշրջանի ժողովուրդները արժանի են խաղաղութեան մէջ ապրելու։ «Մենք կ՚ուզենք կրկնապատկել մեր ջանքերը, հասնելու համար կարգաւորման մը, որ ընդունելի պիտի ըլլայ երկու կողմերուն համար։ Կը յուսամ, որ բանակցութիւններու յառաջընթացին զուգահեռ մարդկային շփումներու առումով ալ պիտի տեսնենք յառաջընթաց։ Ապրիլին բոլորս ականատես եղանք իսկական ողբերգութեան մը, որ խլեց կեանքեր։ Սա ցոյց կու տայ, որ խաղաղ կարգաւորման ուղղեալ բանակցութիւնները ունին մեծ նշանակութիւն։ Ապրիլի ողբերգութենէն յետոյ շփման գիծը հնարաւորինս հանգիստ եղած է եւ նոյնիսկ մէկ զոհը արդէն չափէն շատ է։ Յոյս ունինք, որ հրադադարի նկատմամբ յարգանքը երկար պիտի պահպանուի», ըսաւ Ուորլիք եւ ընդգծեց, թէ համանախագահները կը ձգտին յառաջ շարժիլ եւ լուծում գտնել բացառապէս բանակցային ճանապարհով։ «Ես Պաքուի մէջ ըսի՝ եթէ ոչ հիմա, ապա՝ երբ։ Մենք կ՚ուզենք տեսնել քաղաքական կամք նախագահներուն կողմէ եւ վստահ եմ, որ այդ կամքով մենք պիտի կարենանք յառաջընթաց ունենալ», աւելցուց Ուորլիք։
Երեւանի մէջ ամերիկացի դիւանագէտը տեղեկացուց նաեւ, որ միջնորդներու տարածքաշրջանային այցելութեան ընթացքին քննարկումներ կը ծաւալուին ԵԱՀԿ-ի դիտորդական առաքելութեան ընդլայնման հարցին շուրջ։ Ըստ իրեն, երկու նախագահներն ալ համաձայն են յառաջ ընթանալ խաղաղութեան ճանապարհով։ Ուորլիք շեշտեց, որ Արցախի կարգավիճակի հարցը քննարկումներու փուլի մէջ է եւ խօսքը կը վերաբերի վերջնական կարգաւորման։ Ան յոյս յայտնեց, թէ խնդիրը պիտի քննարկուի նաեւ հանրային մակարդակի վրայ։
Տարածքաշրջանային այցելութեան աւարտին միջնորդներուն կողմէ հրապարակուած համատեղ յայտարարութեան մէջ ալ ընդգծուեցաւ նախագահներու հաւանական նոր հանդիպման մը հարցը։ «Ամենաբարձր մակարդակով նման երկխօսութիւնը անհրաժեշտ է կարգաւորման հարցին մէջ յառաջընթաց արձանագրելու նպատակով», մատնանշուած է միջնորդներու յայտարարութեան մէջ։ Տեղեկացուած է նաեւ, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարները Դեկտեմբերի սկիզբին պիտի տեսակցին Համպուրկի մէջ՝ ԵԱՀԿ-ի անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու տարեկան հաւաքին շրջագծով։