ԱԶՆԱՒՈՒՐԻ ԱՍՏՂԸ ՀՈԼԻՎՈՒՏԻ ՄԷՋ

Ֆրան­սա­հայ աշ­խար­հահռ­չակ եր­գիչ Շարլ Ազ­նա­ւուր պի­տի ու­նե­նայ իր պա­տուոյ աստ­ղը՝ Հո­լի­վու­տի «Փառքի ծա­ռու­ղի»ին մէջ։

«Ար­մէնփ­րէս»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, Հո­լի­վու­տի «Փեն­թէյճս» թա­տե­րաս­րա­հին առ­ջեւ վա­ղը տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ մաս­նա­ւոր ա­րա­րո­ղու­թիւն մը, ո­րու ըն­թաց­քին Գա­լի­ֆոր­նիոյ նա­հան­գա­յին խոր­հուր­դի ան­դամ Քե­ւըն տը Լէոն «Փառ­քի պո­ղո­տա»յին վրայ պա­տուոյ աստղ մը պի­տի շնոր­հէ աշ­խար­հահռ­չակ եր­գի­չին։ Հարկ է նշել, որ օր մը վերջ ալ՝ Հոկ­տեմ­բե­րի 28-ին վե­րո­յի­շեալ թա­տե­րաս­րա­հին մէջ նա­խա­տե­սուած է Շարլ Ազ­նա­ւու­րի հա­մեր­գը։

92-ա­մեայ Շարլ Ազ­նա­ւուր ար­դէն ութ տաս­նա­մեա­կէ ի վեր ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան գոր­ծու­նէու­թիւն կը ծա­ւա­լէ։ Իր հա­մերգ­նե­րը միշտ կը ստեղ­ծեն լայն ար­ձա­գանգ, մինչ ամ­բողջ աշ­խար­հի մէջ նոյն հե­տաքրք­րու­թեամբ կը վա­ճա­ռուին նաեւ Ազ­նա­ւու­րի ձայ­նագ­րու­թիւն­նե­րը։

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 26, 2016