ՄՇԱԿՈՅԹԻ ՇԱԲԱԹԸ ԳԱՏԸԳԻՒՂԻ ՄԷՋ

Այս տա­րի եւս Գա­տը­գիւ­ղի ըն­տա­նի­քը, ա­ռի­թն ու­նե­ցաւ մէկ­տե­ղուե­լու Ս. Թարգ­ման­չաց վար­դա­պե­տաց տօ­նա­կա­տա­րու­թեան խոր­հուր­դին շուրջ։ Թա­ղի Ս. Թա­գա­ւոր ե­կե­ղեց­ւոյ հո­վա­նա­ւո­րու­թեամբ կա­տա­րուած հան­դի­սու­թիւն­նե­րով, թէ՛ կըրտ-սեր եւ թէ ե­րէց սե­րուն­դի ան­դամ­ներ հա­ղորդ դար­ձան Մշա­կոյ­թի շաբ­թուան փո­խան­ցած պատ­գա­մին։

Ս. ԳՐԱ­ՅԻՆ ՍԵՐ­ՏՈ­ՂՈՒ­ԹԻՒՆ

Ս. Թա­գա­ւոր ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ, 14 Հոկ­տեմ­բեր, Ուր­բաթ, մի­ջօ­րէին, ե­կե­ղեց­ւոյ քա­րո­զիչ Տ. Յա­րու­թիւն Աբեղայ Տա­մա­տեա­նի ա­ռաջ­նոր­դու­թեամբ տե­ղի ու­նե­ցաւ ճա­շու ժա­մեր­գու­թիւն, որ­մէ յե­տոյ ներ­կայ հա­ւա­տա­ցեալ­ներ հա­մախմ­բուե­ցան «Պա­լըք­ճեան» սրա­հին մէջ։

Հայր Սուր­բը, ներ­կա­նե­րուն բա­րի գա­լուստ մաղ­թե­լէ յե­տոյ ը­սաւ, թէ աշ­խա­տու­թեան նպա­տակն էր, հա­յե­րէ­նի մէջ տկա­ր ժո­ղո­վուր­դի ան­հատ­նե­րուն եւս ծա­նօ­թաց­նել Թարգ­մա­նիչ վար­դա­պետ­նե­րը եւ ի­րենց ո­գին փո­խան­ցե­լ ներ­կայ հա­սա­րա­կու­թեան եւս։ Ա­պա, Թարգ­ման­չաց վար­դա­պե­տաց ո­գիին աղ­բիւ­րը հան­դի­սա­ցող՝ Ս. Ա­ւե­տա­րա­նի կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը շեշ­տեց եւ հա­մա­ռօտ տե­ղե­կու­թիւն­ներ տուաւ, թէ ա­ռա­ջին թարգ­մա­նու­թեան աշ­խա­տան­քը ին­չո՞ւ սկսած էր Աս­տ-ւա­ծա­շուն­չով՝ փո­խա­նակ ու­րիշ գիր­քե­րու։

Հուսկ, թա­ղի վաս­տա­կա­ւոր ու­սուց­չու­հի­նե­րէն Ա­նի Պա­րո­նեան, հա­մա­ռօտ դա­սա­խօ­սու­թեամբ մը ներ­կա­նե­րուն տե­ղե­կու­թիւն­ներ փո­խան­ցեց Ս. Սա­հակ Պար­թեւ Հայ­րա­պե­տի եւ Ս. Մես­րոպ Մաշ­տո­ցի մա­սին։ Բա­նաս­տեղ­ծու­թիւն­նե­րու ըն­թերց­մամբ եւ սի­րոյ սե­ղա­նով իր ա­ւար­տին հա­սաւ մէկ­տե­ղու­մը։

ՇԱ­ՐԱԴ­ՐՈՒ­ԹԵԱՆ ՄՐՑՈՒՄ

Գա­տը­գիւ­ղի Ս. Թա­գա­ւոր ե­կե­ղե­ցին, կազ­մա­կեր­պեց շա­րադ­րու­թեան մրցում մը, ո­րուն մաս­նակ­ցե­ցան թա­ղի Ա­րա­մեան-Ուն­ճեան եւ Սկիւ­տա­րի Գալ­ֆա­եան վար­ժա­րան­նե­րու 7-րդ եւ 8-րդ դա­սա­րան­նե­րէն ա­շա­կերտ­ներ։ Պա­տա­նի­ներ, մտա­ծե­լով ի­րենց լե­զուի, մշա­կոյ­թի եւ կամ ե­կե­ղեց­ւոյ մա­սին՝ դա­սա­կան շա­րադ­րու­թե­նէ մը տար­բեր ըլ­լա­լով, մտեր­մա­բար յայտ­նե­ցին ի­րենց զգա­ցում­նե­րը։

Մրցու­մի մէջ աս­տի­ճան ստա­ցան հե­տե­ւեալ աշակերտները.

Առաջին՝ Ազ­նիւ Սար­րաֆ (Ա­րա­մեան Ուն­ճեան վար­ժա­րան, Է. դա­սա­րան), երկրորդ՝ Տի­լա­րա Կե­զէր (Գալ­ֆա­եան վար­ժա­րան, Է. դա­սա­րան), երրորդ՝ Սա­րին Նեւ­րուզ (Ա­րա­մեան-Ուն­ճեան վար­ժա­րան, Ը. դա­սա­րան)։ Յիշատակութեան ար­ժա­նա­ցան՝ Թա­պի­թա Կէօ­րիւր (Գալ­ֆա­եան վար­ժա­րան, Ը. դա­սա­րան), Մա­րալ Ա­պա­հու­նի (Ա­րա­մեան-Ուն­ճեան վար­ժա­րան, Է. դա­սա­րան)։ (Սոյն շա­րադ­րու­թիւն­նե­րը կարդալ՝ թերթիս Ուրբաթ օրուան «Նոր Սերունդ» էջին վրայ)։

ՄՐՑԱ­ՆԱ­ԿԱ­ԲԱՇ­ԽՈՒ­ԹԻՒՆ՝ ԳԱԼՖԱԵԱՆԻ ՄԷՋ

Գալ­ֆա­եան վար­ժա­րա­նի մէջ, Ս. Թարգ­ման­չաց վար­դա­պե­տաց տօ­նին առ­թիւ հանդի­սու­թիւն մը տե­ղի ու­նե­ցաւ Հոկ­տեմ­բերի 21-ին։ Ներ­կայ ե­ղան Տ. Յա­րու­թիւն Աբեղայ Տա­մա­տեան, Տ. Գրի­գոր Ա. Քհնյ. Տա­մա­տեան, Քոյր Գա­յիա­նէ Տուլ­քա­տի­րեան, տնօ­րէնուհի Թա­մար Ներ­կիզ, կրթա­կան մշակ­ներ եւ սա­ներ։ Պատ­րաս­տուած կո­կիկ եւ հա­ճե­լի յայ­տագ­րի ա­ւար­տին՝ Թա­մար Ներ­կիզ շնոր­հա­ւո­րեց ներ­կա­նե­րուն Ս. Թարգ­ման­չաց տօ­նը եւ շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց Ս. Թա­գա­ւոր եկե­ղեց­ւոյ կազ­մա­կեր­պած շա­րադ­րու­թեան մրցու­մին հա­մար։ Ա­պա, բեմ հրա­ւի­րեց Հայր Սուր­բը, որ­պէս­զի յայ­տա­րա­րէ աս­տի­ճա­նա­կիր ա­շա­կերտ­նե­րը։

Ան շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց Գալ­ֆա­յեա­նի Տան տնօ­րէ­նու­թեան եւ վաս­տա­կա­ւոր ու­սու­ցիչ Ա­րու­սեակ Մրկտի­չօղ­լուին, ի­րենց մաս­նակ­ցու­թեան եւ օ­ժան­դա­կու­թեան հա­մար։ Այ­նու­հե­տեւ բեմ հրա­ւի­րուե­ցան բո­լոր մաս­նա­կից ա­շա­կերտ­նե­րը, ո­րոնք Հայր Սուր­բի եւ Տէր Հօր ձե­ռամբ ստա­ցան վկա­յա­գրեր եւ խա­չեր։ Ա­պա, Հայր Սուր­բը յայ­տա­րա­րեց, թէ Տի­լա­րա Կեզէր եր­կորդ հան­դի­սա­ցած է, իսկ Թա­պի­թա Կէօ­րիւր ար­ժա­նի նկա­տուած՝ յի­շա­տա­կու­թեան։

ՄՐՑԱ­ՆԱ­ԿԱ­ԲԱՇ­ԽՈՒ­ԹԻՒՆ Ա­ՐԱ­ՄԵԱՆԻ ՄԷՋ

Միւս կողմէ, Ա­րա­մեան-Ուն­ճեան վար­ժա­րա­նին մէջ ալ Ս. Թարգ­ման­չաց տօ­նի առ­թիւ նոյն օրը յետմիջօ­րէին տեղի ունեցաւ հան­դի­սու­թիւն մը, որուն եւս ներ­կայ ե­ղան Տ. Յա­րու­թիւն Աբեղայ Տա­մա­տեան, Տ. Գրի­գոր Ա. Քհնյ. Տա­մա­տեան, Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ թա­ղա­յին խոր­հուր­դի ա­տե­նա­պետ Ար­ման Պիւ­քիւ­ճեան, տնօ­րէնուհի Թա­լին Պէր­պէ­րօղ­լու, կրթա­կան մշակ­ներ, ա­շա­կերտ­ներ եւ ծնող­ներ։ Վար­ժա­րա­նի ա­շա­կերտ­նե­րը եր­գե­րով, բա­նաս­տեղ­ծու­թիւն­նե­րով, թա­տերակնե­րով եւ պա­րով յի­շա­տա­կե­ցին Ս. Թարգ­մա­նիչ վար­դա­պետ­նե­րը եւ Մշա­կոյ­թի շա­բա­թը։ Հան­դի­սու­թեան ա­ւար­տին, Թա­լին Պէր­պէ­րօղ­լու ան­գամ մը եւս յի­շե­ցուց օ­րուան խորհուրդին ի­մաս­տը, շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց Ս. Թա­գա­ւոր Ե­կե­ղեց­ւոյ, մրցու­մի կազ­մա­կեր­պու­թեան հա­մար եւ բեմ հրա­ւի­րեց Հայր Սուր­բը, որ­պէս­զի յայ­տա­րա­րէ ար­դիւնք­նե­րը։

Իր կարգին, Հայր Սուր­բը շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց վար­ժա­րա­նի տնօ­րէ­նու­թեան եւ վաս­տա­ւոր ու­սու­ցիչ­նե­րէն Նաժ­տա Տեմիր­ճիօղ­լուի, փոք­րիկ սա­կայն ի­մաս­տա­լից մրցու­մի մը օ­ժան­դա­կու­թեան հա­մար։ Սոյն աշ­խա­տու­թեամբ պա­տա­նի­ներ ցոյց տուին ի­րենց ըմբռ­նում­նե­րը Ս. Սա­հա­կի եւ Ս. Մես­րո­պի մա­սին։ Յայտ­նի ե­ղաւ, թէ ա­շա­կերտ­ներ Թարգ­մա­նիչ վար­դա­պետ­նե­րը եւ Թարգ­ման­չաց շար­ժու­մը շատ տար­բեր տե­սա­կետ­նե­րէ ըմբռ­նե­լու եւ զայն շա­րադ­րե­լու փոր­ձա­ռու­թիւ­նը ու­նե­ցած էին։

Ա­պա մի առ մի բեմ հրա­ւի­րուե­ցան մաս­նա­կից ա­շա­կերտ­նե­րը եւ Տէր Հօր ձե­ռամբ ի­րենց յանձ­նուե­ցան վկա­յա­գր­եր եւ խա­չե­ր։ Հայր Սուր­բը յայ­տա­րա­րեց, թէ Ազ­նիւ Սար­րաֆ հան­դի­սա­ցած էր ա­ռա­ջին, Սա­րին Նեւ­րուզ՝ եր­րորդ, իսկ Մա­րալ Ա­պա­հու­նի ար­ժա­նա­ցա՝ յի­շա­տա­կու­թեան պար­գե­ւի։

ՈՒ­ՍՈՒ­ՑԻՉ­ՆԵ­ՐՈՒ ՀԵՏ ՀԱ­ՒԱ­ՔՈՅԹ

Հանդիսութեան աւարտին, Ս. Թա­գա­ւոր եկե­ղեց­ւոյ քա­րո­զիչ Յա­րու­թիւն Աբեղայ Տա­մա­տեան, եկե­ղեց­ւոյ ե­րէց Գրի­գոր Ա. Քհնյ. Տա­մա­տեան, ե­կե­ղեց­ւոյ տիկ­նանց կազ­մի կող­մէ պաստ­րաս­տուած սի­րոյ սե­ղա­նին շուրջ հիւ­րա­սի­րե­ցին Թա­լին Պէր­պէ­րօղ­լուի գլխա­ւո­րու­թեամբ՝ վար­ժա­րա­նի կրթա­կան մշակ­նե­րը։ Ներ­կայ էին նաեւ Ար­ման Պիւ­քիւ­ճեան եւ տիկ­նանց կազ­մի ան­դամ­ուհինե­րը։

Քա­րո­զիչ Հայր Սուր­բը ող­ջոյ­նի խօս­քին մէջ յայտ­նեց, թէ Ս. Թարգ­ման­չաց վար­դա­պե­տաց տօ­նը կը նշուի նաեւ որ­պէս «Վար­դա­պետ­նե­րու եւ հայ ու­սու­ցիչ­նե­րու տօ­ն»։ Այս իմաստով ե­կե­ղեց­ւոյ հո­գե­ւո­րա­կան­նե­րը փա­փա­քած էին հա­մախմ­բուիլ վար­ժա­րա­նի ու­սուց­չաց կազ­մին հետ։ Նման մէկ­տե­ղում­նե­րը լաւ ա­ռիթ­ներ էին սերտ մթնո­լոր­տի մէջ հա­ւա­քա­կան կեան­քի մա­սին ար­տա­յայ­տուե­լու հա­մար։ Հայր Սուր­բը վար­ժա­րա­նի նախ­կին սա­նե­րէն Տքթ. Իգ­նա Սա­րըաս­լա­նի վեր­ջերս հրա­տա­րա­կուած գիր­քէն «Ժան­գո­տած կղպանք­նե­րով մի՛ մա­քա­ռիր, փակ դռնե­րով մի՛ պայ­քա­րիր, լու­սա­ւոր հո­րի­զոն­նե­րու վրայ բա­ցուող նոր դուռ մըն ալ դուն ե­ղի­ր» տո­ղե­րը յի­շե­լով՝ ը­սաւ. «Հո­գե­ւո­րա­կա­նի եւ ու­սու­ցի­չի գլխա­ւոր պար­տա­կա­նու­թիւնն է նոր հո­րի­զոն­ներ բա­նալ ի­րենց յանձ­նուած ա­շա­կերտ­նե­րուն։ Այս պար­տա­կա­նու­թիւ­նը որ­պէս­զի տա­նե­լի ըլ­լայ, կը պա­հան­ջուի ա­պա­գա­յի մա­սին յոյս ու­նե­նալ։ Երբ այդ յոյ­սը կորսնց­նել կը սկսինք, կը նշա­նա­կէ, թէ ժան­գո­տած այդ կղպանք­նե­րը պատ­րաստ են փա­կ պա­հե­լու մեր ա­պա­գան։ Այս ա­ռու­մով նոր հո­րի­զոն­նե­րու հա­մար պէտք է վառ պա­հել յոյ­սը։ Ե­կե­ղեց­ւոյ եւ վար­ժա­րա­նի պա­րա­գա­յին ալ այդ յոյ­սը պի­տի ներշն­չուի հո­գե­ւո­րա­կա­նի եւ ու­սու­ցի­չի հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեամ­բ»։ Ան յի­շե­ցուց թէ, ե­կե­ղեց­ւոյ եւ դպրո­ցի տօնն էր Ս. Թարգ­ման­չաց վար­դա­պե­տաց յի­շա­տա­կու­թիւ­նը եւ կոչ ուղ­ղեց բո­լոր ու­սու­ցիչ­նե­րուն՝ հե­տե­ւիլ Ս. Սա­հա­կի եւ Ս. Մես­րո­պի թո­ղած ու­ղիին։

Ա­պա ի­րենց սրտի խօս­քե­րով հան­դէս ե­կան վար­ժա­րա­նի ու­սու­ցիչ­նե­րը եւ ա­շա­կերտ­նե­րու հետ ի­րենց ապ­րած հա­ճե­լի փոր­ձա­ռու­թիւն­նե­րը բաժ­նե­ցին ներ­կա­նե­րուն հետ։ Ու­սուց­չաց կազ­մի ան­դամ­նե­րը եւս ի­րենց գո­հու­նա­կու­թիւ­նը յայտ­նե­ցին սոյն մէկ­տեղ­ման առ­թիւ ու շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նե­ցին կազ­մա­կեր­պիչնե­րուն։

ԽՈ­ՀԱ­ՆՈ­ՑԱՅԻՆ ԱՇ­ԽԱ­ՏՈՒ­ԹԻՒՆ

Մշա­կոյ­թի շաբ­թուան առ­թիւ, Հոկ­տեմ­բերի 22-ին, յետ ժա­մեր­գու­թեան, Ս. Թա­գա­ւոր ե­կե­ղեց­ւոյ «Պա­լըք­ճեան» սրա­հին մէջ, «Հա­յու սե­ղա­ն» ըն­կե­րու­թեան օ­ժան­դա­կու­թեամբ տե­ղի ու­նե­ցաւ խո­հա­նո­ցային աշ­խա­տու­թիւն մը։ Ներ­կայ էր նաեւ Տ. Յա­րու­թիւն Աբե­ղայ Տա­մա­տեան։ Տի­կին­ներ, ի մի հա­մա­քուած, հայ­կա­կան սե­ղա­նի մա­սին ի­րենց փոր­ձա­ռու­թիւ­նը զար­գա­ցու­ցին։

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 26, 2016