ԳԻՏԱԿԱՆՕՐԷՆ ՓԱՍՏՈՒԱԾ՝ ՀԱՅ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻ ԾԱԳՄԱՆ ՄԱՍԻՆ ՄՈՎՍԷՍ ԽՈՐԵՆԱՑԻԻ ՓՈԽԱՆՑԱԾՆԵՐՈՒՆ ՃՇՄԱՐՏՈՒԹԻՒՆԸ

Նո­րա­գոյն ծննդա­կան (genetic) հե­տա­զօ­տու­թիւն­նե­րով ա­պա­ցու­ցուած է հայ ժո­ղո­վուր­դի ծագ­ման թուագ­րու­թեան իս­կու­թիւ­նը, որ 5-րդ դա­րուն տուած է պատ­մա­հայր Մով­սէս Խո­րե­նա­ցին։ «Ար­մէնփրէս»ի փո­խանց­մամբ, այս մա­սին կը յայտ­նէ ա­մե­րի­կեան «Նիւ Եորք Թայմզ» պար­բե­րա­կա­նը։

Մով­սէս Խո­րե­նա­ցիի «Հա­յոց Պատ­մու­թիւն» աշ­խա­տու­թեան մէջ գրի առ­նուած ա­ւան­դազ­րոյ­ցին մէջ կը նշուի, որ հայ ժո­ղո­վուր­դը ծա­գած է Ն. Ք­. 2492 թուա­կա­նին։ Թէեւ պատ­մի­չը նշած է, որ ճա­նա­պար­հոր­դած է Բա­բե­լոն եւ ու­սում­նա­սի­րած հնա­դա­րեան աղ­բիւր­նե­րը, այդ ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նը եր­կար տա­րի­ներ կը հա­մա­րուէր ա­ռաս­պե­լա­կան։ Սա­կայն գիտ­նա­կան­նե­րու կա­տա­րած վեր­ջին հե­տա­զօ­տու­թիւն­նե­րը կ՚ա­պա­ցու­ցեն Խո­րե­նա­ցիի պատ­մու­թեան ար­ժա­նա­հա­ւա­տու­թիւ­նը։

Ինչ­պէս կը հա­ղոր­դէ «Նիւ Եորք Թայմզ», ծննդա­գէտ­նե­րը զննած են Հա­յաս­տա­նի եւ Լի­բա­նա­նի 173 հա­յե­րու ծի­նե­րը եւ զա­նոնք հա­մեմա­տած են աշ­խար­հի այլ 78 ազ­գե­րու ծի­նե­րուն հետ։ Պար­զուած է, որ հա­յե­րը խառ­նուրդ են հնա­գոյն ցե­ղա­խում­բե­րու, ո­րոնց ժա­ռանգ­նե­րը այ­սօր կը բնա­կին Սար­տի­նիոյ, Կեդ­րո­նա­կան Ա­սիոյ եւ քա­նի մը այլ տա­րած­քաշր­ջան­նե­րու մէջ։ Ծի­նա­յին ու­սում­նա­սի­րու­թիւն­նե­րուն հա­մա­ձայն՝ այդ ժո­ղո­վուրդ­նե­րու միա­խառ­նու­մը տե­ղի ու­նե­ցած է Քրիս­տո­սէն 3000-2000 տա­րի ա­ռաջ, ինչ որ լիո­վին կը հա­մընկ­նի Մով­սէս Խո­րե­նա­ցիի տուած թուագ­րու­թեան հետ։

Պրոն­զէ դա­րու վեր­ջը, երբ ցե­ղա­խում­բե­րու միա­ձու­լու­մը դեռ ըն­թաց­քի մէջ էր, տե­ղի ու­նե­ցած է ժո­ղո­վուրդ­նե­րու տե­ղա­շարժ՝ պայ­մա­նա­ւո­րուած ա­ռեւ­տու­րով, պա­տե­րազմ­նե­րով եւ ժո­ղովր­դագ­րա­կան ա­ճով։ Իսկ Ն. Ք­. 1200 թուա­կա­նէն ետք Մի­ջերկ­րա­կան ծո­վու ա­րե­ւե­լեան ա­փի պրոն­զէ­դա­րեան քա­ղա­քակր­թու­թիւն­նե­րու անս­պա­սե­լի ան­կու­մը, կար­ծէք թէ, յան­գե­ցու­ցած է միւս ժո­ղո­վուրդ­նե­րէն հա­յե­րու մե­կու­սա­ցու­մին։ Հե­տա­գայ տա­րի­նե­րուն հա­յե­րու եւ միւս ժո­ղո­վուրդ­նե­րու մի­ջեւ էա­կան միա­ձու­լում­ներ տե­ղի չեն ու­նե­ցած, ո­րուն մա­սին կը վկա­յեն ծննդա­կան հե­տա­զօ­տու­թիւն­նե­րը։ Այս մե­կու­սա­ցու­մը պայ­մա­նա­ւո­րած է հայ­կա­կան մշա­կու­թա­յին շարք մը ա­ռանձ­նա­յատ­կու­թիւն­ներ՝ լե­զուն, այ­բու­բե­նը, կրօ­նը։

Բա­ցի այդ, ծննդա­կան հե­տա­զօ­տու­թիւն­նե­րը շե­ղում­ներ ցոյց տուած են հայ­կա­կան ա­րե­ւե­լեան եւ ա­րեւմ­տեան հա­տուած­նե­րու մի­ջեւ, որ յա­ռա­ջա­ցած է 500 տա­րի ա­ռաջ՝ Օս­մա­նեան եւ Սե­ֆեան կայս­րու­թիւն­նե­րու մի­ջեւ բռնկած պա­տե­րազ­մի սկիզ­բը, երբ Հա­յաս­տա­նը բաժ­նուե­ցաւ թրքա­կան եւ պարս­կա­կան կայս­րու­թիւն­նե­րու մի­ջեւ։

«Այս ՏՆԹ ու­սում­նա­սի­րու­թիւ­նը ընդ­հա­նուր գի­ծե­րով կը հաս­տա­տէ հայ­կա­կան պատ­մու­թեան մա­սին մեր գի­տե­լիք­նե­րը», ը­սած է Հա­րա­ւա­յին Գա­լի­ֆոր­նիոյ հա­մալ­սա­րա­նի պատ­մա­բան Յով­հան Սի­մո­նեա­նը։

Հե­տա­զօ­տող­նե­րու հե­տաքրք­րա­կան բա­ցա­յայ­տում­նե­րէն է նաեւ այն պա­րա­գան, որ հա­յե­րը շատ ա­ւե­լի մօտ ե­ղած են 8 հա­զար տա­րի ա­ռաջ գիւ­ղատն­տե­սու­թիւ­նը Եւ­րո­պա բե­րած նէո­լի­թեան երկ­րա­գործ­նե­րուն, քան Մի­ջին Ա­րե­ւել­քի ներ­կա­յիս բնա­կիչ­նե­րուն։ 

Հե­տա­զօ­տու­թեան ար­դիւնք­նե­րը ան­ցեալ ա­միս հրա­պա­րա­կուած են bioRxiv թուայ­նա­ցուած գրա­դա­րա­նին մէջ։ 

Շաբաթ, Մարտ 14, 2015