ԱԼՄԱԹԸԻ ՄԷՋ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՄՇԱԿՈՅԹԻ ԽԱՆԴԱՎԱՌ ԵՐԵԿՈՅ

Ղա­զախս­տա­նի հա­յե­րու միութ­եան «Մա­սիս» հան­րա­պե­տա­կան հա­սա­րա­կա­կան կազ­մա­կեր­պու­թեան նա­խա­գահ Էռ­նեսթ Վար­դե­րե­սեա­նի նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ Ալ­մա­թըի մէջ կազ­մա­կեր­պուե­ցաւ հայ­կա­կան մշա­կոյ­թի ե­րե­կոյ՝ նուի­րուած Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան ան­կա­խու­թեան 25-ա­մեա­կին:

Յա­տուկ ձեռ­նար­կին հա­մար պատ­րաս­տուած էր տե­սա­նիւթ՝ ան­կա­խու­թեան տա­րի­նե­րուն գի­տու­թեան, մշա­կոյ­թին, ճար­տա­րա­պե­տու­թեան, մարմ­նա­մար­զու­թեան, զբօ­սաշր­ջու­թեան  բնա­գա­ւառ­նե­րուն մէջ Հա­յաս­տա­նի ձեռք­բե­րում­նե­րուն մա­սին:

Ձեռ­նար­կին մաս­նակ­ցե­ցան շուրջ եր­կու հա­րիւր հո­գի, ո­րոնց կար­գին էին նաեւ տե­ղա­կան իշ­խա­նու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ, ա­նուա­նի ա­րուես­տա­գէտ­ներ, գիտ­նա­կան­ներ, բժիշկ­ներ: Դահ­լի­ճին մէջ տօ­նա­կան տրա­մադ­րու­թիւն կը տի­րէր։ Ներ­կա­նե­րը կը շնոր­հա­ւո­րէին զի­րար, Հա­յաս­տա­նին մաղ­թե­լով բա­րօ­րու­թիւն, աշ­խար­հաս­փիւռ հայ ժո­ղո­վուր­դին՝ ա­րեւ­շա­տու­թիւն, ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան նո­րա­նոր նուա­ճում­ներ: Հա­մեր­գի ժա­մա­նակ հնչե­ցին Շարլ Ազ­նա­ւու­րի, Առ­նօ Բա­բա­ջա­նեա­նի եր­գե­րը, պա­րի ե­ղա­նակ­ներ՝ հայ­կա­կան տու­տու­կի եւ դհո­լի, ինչ­պէս նաեւ ղա­զա­խա­կան տոմպ­ռա­յի նուա­-գակ­ցու­թեամբ կա­տա­րուե­ցան հայ­կա­կան եւ ղա­զա­խա­կան պա­րեր:

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 27, 2016