ԿԱՐՄԻՐ ԳԻԾԵՐԸ ՀԱՏՈՒԱԾ
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան յայտարարեց, որ Ատրպէյճան հատած է բոլոր կարմիր գիծերը։ Վերջերս Լիւպլիանայի մէջ շփումներ ունենալու ժամանակ Եդուարդ Նալպանտեան հարցազրոյց մը տուաւ Սլովենիոյ «Delo» օրաթերթին։ Այս առթիւ ան անդրադարձաւ բազմաբնոյթ խնդիրներու, ներառեալ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրը։ Նալպանտեանի հետ տեսակցութիւնը իրականացուցած լրագրողը Փոլոնա Ֆրէլիխ Նալպանտեանին հարց տուած է հայ-ազէրի սահմանի լարուած իրավիճակին շուրջ։ Թղթակիցը յիշեցուցած է, որ Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան մօտ սկսած են խօսիլ դանդաղ ընթացող պատերազմի մը մասին։ Ո՞վ կը ձգտի սրել իրավիճակը եւ «ի՞նչ նպատակով»։ Ի պատասխան Նալպանտեան ըսաւ հետեւեալը.
«Գիտէք, այս մասին շատ յստակ ձեւով արտայայտուեցան ԵԱՀԿ-ի Մինսքան խմբակի համանախագահները։ Սովորաբար, միջնորդները կը փորձեն ըլլալ չէզոք եւ չընել հասցէական յայտարարութիւններ։ Բայց, քանի որ Ատրպէյճան հատեց բոլոր կարմիր գիծերը, Յունուարի 27-ին համանախագահները՝ Միացեալ Նահանգներ, Ռուսաստան եւ Ֆրանսա, հանդէս եկան հասցէական յայտարարութեամբ, ուր Ատրպէյճանին կոչ ուղղեցին դադրեցնել հրադադարի խախտումները։ Անոնք կոչ ուղղեցին, որպէսզի Պաքու չքննադատէ Մինսքեան խմբակի համանախագահները, չքննադատէ բանակցային գործընթացը, այսինքն՝ ցուցաբերէ առաւել շինիչ մօտեցում, որպէսզի հնարաւոր ըլլայ հասնիլ կարգաւորման։ Ակնյայտ է, որ Ատրպէյճան մեր տարածքաշրջանէն ներս կը հրահրէ լարուածութիւնը։ Վերջին տասը տարիներու ընթացքին Ատրպէյճան աւելցուցած է իր ռազմական պիւտճէն՝ զայն հասցնելով 163 միլիոն ամերիկեան տոլարէն գրեթէ 5 միլիառ ամերիկեան տոլարի։ Սա կը նշանակէ, որ 30 անգամ մեծցուցած է իր ռազմական պիւտճէն։ Դժուար, թէ հնարաւոր ըլլայ գտնել միջազգային բեմահարթակի վրայ այնպիսի պետութիւն մը, որ 30 անգամ մեծցուցած ըլլայ իր ռազմական պիւտճէն։ Ատրպէյճան ոչ միայն կը մեծցնէ իր ռազմական պիւտճէն, այլեւ կը սպառնայ նոր ռազմական գործողութիւններով, նոր պատերազմով։ Բոլորին յայտնի է, որ պատերազմը խնդրի լուծման միջոց չէ եւ բոլոր պատերազմներէն յետոյ պէտք է վերադառնալ բանակցութիւններու սեղանին շուրջ։ Իսկ այսօր մենք հնարաւորութիւն ունինք բանակցութիւնները շարունակելու՝ Մինսքեան խմբակի համանախագահներուն միջնորդութեամբ։ Համանախագահները՝ ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի մշտական անդամները, ԱՄՆ, Ռուսաստան եւ Ֆրանսա, նախագահներու մակարդակով ղարաբաղեան հիմնահարցի կարգաւորման վերաբերեալ հանդէս եկած են հինգ յայտարարութիւններով։ Հայաստան պատրաստ է կարգաւորման երթալ վերոյիշեալ յայտարարութիւններուն հիման վրայ»։
Նալպանտեանին հարցում մըն ալ ուղղուած է, թէ արդեօք Ուքրայնոյ ճգնաժամը ազդեցութիւն կ՚ունենա՞յ նախկին խորհրդային տարածքաշրջանէ ներս առկայ սառեցեալ հակամարտութիւններուն վրայ։ Այս կապակցութեամբ ան յայտնած է հետեւալը.
«Դուք գիտէք, որ Ատրպէյճանի կողմէ սադրանքներու եւ հրադադարի խախտումներու հետեւանքով տարածքաշրջանէ ներս լարուածութիւն գոյութիւն ունէր նաեւ մինչեւ Ուքրայնոյ իրավիճակին սրումը։ Համանախագահները կոչ կ՚ուղղէին ստեղծել հրադադարի խախտումներու հետաքննութեան դրութիւն մը։ Ատրպէյճան հրաժարեցաւ։ Համանախագահները կոչ կ՚ուղղէին, որպէսզի դիպուկահարները դուրս բեր-ւին Արցախի եւ Ատրպէյճանի շփման գծէն, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի սահմանէն։ Ատրպէյճան կրկին հրաժարեցաւ։ Այսինքն՝ իրավիճակի սրման ամբողջ պատասխանատուութիւնը կը վիճակի Ատրպէյճանի վրայ, որովհետեւ ան կը հրաժարի համանախագահներու վերոյիշեալ առաջարկներէն, ներառեալ վստահութեան ամրապնդման միջոցներուն վերաբերեալ մնացեալ բոլոր առաջարկները»։