ՆՈՐ ԳՈՐԾԸՆԹԱՑ
Պատրիարքական Աթոռի Եկեղեցականաց համագումարի արդիւնքի լոյսին տակ թրքահայութեան առջեւ արդէն ուրուագծուած է պատրիարքական ընտրութեան հորիզոնը։ Շուրջ ութ տարուան սպասողական, պղտոր ու վերիվայրումներով լի ժամանակաշրջանէ մը վերջ երէկ Գումգաբուի մէջ առնուեցաւ արմատական քայլ մը։ Այսպէսով կը սկսի նոր գործընթաց մը, որու հիման վրայ եզրափակուած կը համարուի Տ. Մեսրոպ Արք. Մութաֆեանի՝ որպէս պատրիարք գահակալութեան շրջանը եւ Թուրքիոյ Հայոց 85-րդ պատրիարքի ընտրութեան համար անվիճելիօրէն գոյացած կը համարուին անհրաժեշտ բոլոր նախադրեալները։ Եկեղեցականաց համագումարը այս առումով առած է արմատական քայլ մը՝ նկատի ունենալով բոլոր հաւասարակշռութիւնները։ Մեր եկեղեցական-վարչական աւանդութիւններն ու կանոնները, Պատրիարքական Աթոռի տուեալ պահու կայունութեան երաշխիքները ու մեր հաւատացեալ ժողովուրդի հոգեւոր կարիքները նրբանկատօրէն հաշուի առնուած են Եկեղեցականաց համագումարին կողմէ։ Այդ բոլոր գործօնները եկած են ըլլալ համոզիչ, թէ այլեւս նոր ընտրութեան մը ձեռնարկելու համար պահը հասունցած է եւ յաւելեալ յապաղումները կրնան յառաջացնել լուրջ բարդութիւններ։
Ըստ մեր ստացած տեղեկութիւններուն, հոգեւորականաց համագումարի ընթացքին առնուած այս արմատական քայլին ենթագետինը համախոհաբար եւ համագործակցաբար պատրաստած են՝ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան եւ Կրօնական Ժողովի Ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան։ Անոնց ներդաշնակ որոնումներու արդիւնքին Պատրիարքական Աթոռը առած է այս բախտորոշ քայլը, որմէ վերջ հիմա կ՚ակնկալուի պետութեան հաւանութիւնը, որպէսզի թրքահայութիւնը այլեւս ունենայ իր նոր պատրիարքը։ Մեր աւանդական կանոններուն եւ նախընթացներուն հիման վրայ կատարուելիք ընտրութիւնով մը կրնայ համայնքի օրակարգէն միանգամայն միշտ դուրս մնալ մեծ խնդիր մը, ինչ որ յարմար գետին կրնայ ձեւաւորել բազմաթիւ խնդիրներու նոյնաժամանակ հարթուելուն տեսակէտէ։
Ինչպէս Գումգաբուի աղբիւրներուն կողմէ հաղորդուած է պաշտօնապէս, Տ. Արամ Արք. Աթէշեան այսօր արդէն մեկնած է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ։ Նորին Սրբազնութիւնը շուրջ տասնօրեայ ուղեւորութիւն մը կ՚իրականացնէ դէպի Նիւ Եորք։ Նոյեմբերի 6-ին ան պիտի վերադառնայ քաղաքս եւ իր վերադարձէն վերջ յաչս պետական իշխանութիւններուն դիմում մը պիտի ներկայացուի՝ պահանջելով պատկան մարմիններու թոյլտուութիւնը պատրիարքական ընտրութեան համար եւ սպասելով Ներքին գործոց նախարարութեան համապատասխան տնօրինութեան։
Հարկ է յիշեցնել, որ Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռի շուրջ հինգուկէս դարերու պատմութեան մէջ առաջին անգամ պատահեցաւ նման խնդիր մը, երբ օրուան պատրիարքը ֆիզիքապէս գոյութիւն ունենալով հանդերձ դադրեցաւ գահակալելու հնարաւորութենէն։ Հաշուի առնելով, որ Ազգային Սահմանադրութեամբ նախատեսուած վարչամեքենան գոյութիւն չունի այլեւս, հնարաւոր չեղաւ արագ լուծում մը գտնել սոյն արտասովոր հարցին։ Պատրիարքական Աթոռը սպասման ու որոնումներու բաւական երկար շրջանէ մը անցաւ եւ ի վերջոյ երէկուան Եկեղեցականաց համագումարի արդիւնքով յանգեցաւ ամենաճիշդ որոշման, որ կ՚ենթադրէ ծագած խնդիրը կարգաւորել մեր ժողովուրդի կամքին եւ մեր վարչական նախընթացներուն, Հայ Եկեղեցւոյ խոր աւանդութիւններուն համահունչ։