Ա­ՐԱՆ

-Մա՛մ, գալ շա­բաթ չեմ ու­զեր եր­թալ այս գոր­ծու­նէու­թեան: Օ­տար մար­դիկ ե­կան այ­սօր, ա­նոնք բարձ­րա­խօ­սով ու քա­մե­րա­յով սկսան նկա­րել ու պա­տե­րազ­մի մա­սին հար­ցում­ներ հարց­նել. ես բան մը չը­սի, չու­զե­ցի յի­շել այդ օ­րե­րը, բայց ըն­կեր­ներս մէ­կիկ-մէ­կիկ սկսան պատ­մել ի­րենց ապ­րած պա­տե­րազ­մա­կան դէպ­քե­րուն մա­սին,- դո­ղա­լով կ՚ը­սէ Ա­րան մօր, ո­րու ձեռ­քը այն­քան ա­մուր կը սեղ­մէ, որ միայն սար­սա­փա­հար մէ­կը այդ­պէս կ­­՚ը­նէ:

Մայ­րը գիր­կը կ՚առ­նէ Ա­րան, կը հան­դար­տեց­նէ զինք ու ու­շադ­րու­թիւ­նը շե­ղեց­նե­լով.

-Հա­տէ՛, ե­կուր տե՛ս, քե­զի ինչ հա­մով բա­ներ պատ­րաս­տած եմ: Կե՛ր, որ իջ­նենք, պտտինք ես ու դուն. քե­զի նոր գծագ­րու­թեան տետ­րեր պիտ առ­նեմ,- կ՚ը­սէ մա­նու­կին:

Կը հե­կե­կար ու­թա­մեայ ման­կի­կը, այն­պէս ինչ­պէս կը պա­տա­հէր ան­ցեալ տա­րի, երբ իւ­րա­քան­չիւր պայ­թիւն, հրա­ցա­նաձ­գու­թիւն, բարձր ձայն մ՚իսկ լսէր. այս վի­ճա­կը ա­նոր մօտ յա­ռա­ջա­ցած էր այն օ­րուը­նէ, երբ հրթի­ռը ի­րենց տու­նը մտած էր, չէր ճա­գած բա­րե­բախ­տա­բար, բայց ա­ւե­րը տա­րա­ծած էր ամ­բողջ տան մէջ: Ա­րան այդ պա­հուն կը գծէր: Գծե­լը միակ սի­րե­լի զբա­ղումն է ա­նոր: Ինք­նամ­փոփ ման­կիկ մըն է ան, պա­տաս­խան­ներն ալ ամ­փոփ են ու կարճ: Ան կը գծէր գե­ղե­ցիկ տնակ­ներ, պար­տէզ­ներ, լեռ­ներ ու տնա­կին դէ­մի պար­տէ­զին մէջ, ա­թո­ռի մը վրայ նստած, դէ­մը գծագ­րու­թեան ի­րե­րը լա­րած ե­րի­տա­սարդ մը, որ բնու­թեան գե­ղեց­կու­թիւ­նը կ­­՚ըն­դօ­րի­նա­կէ վար­պետ վրձնա­հա­րուած­նե­րով:

Ա­սի­կա իր վեր­ջին գծագ­րու­թիւնն էր ծննդա­վայ­րին մէջ, մայրն ու հայ­րը կար­ծես այս պատ­կե­րին մէջ տե­սած էին ի­րենց զաւ­կին ա­պա­գան, եւ որ­պէս քա­ջա­լե­րանք այս գծագ­րու­թիւ­նը գե­ղե­ցիկ շրջա­նա­կի մը մէջ ան­ցու­ցած ու իր մահ­ճա­կա­լին հան­դի­պա­կաց պա­տին վրայ կա­խած էին: Ա­րան գծագ­րու­թիւ­նը դի­տե­լով կը քնա­նար:

Սա­կայն այդ դժո­խա­յին ակն­թար­թին սոս­կու­մը կը վե­րապ­րէր Ա­րան ա­մէն վայր­կեան, սոս­կում մը, որ մա­նու­կի մը հա­մար ա­հա­ւոր է. միայն մօ­րը գիր­կը կը խա­ղա­ղեց­նէր զինք, նոյ­նիսկ գծել չէր ու­զեր. քնա­ցած պա­հուն ալ կը դո­ղար ու ար­ցունք կը հո­սէր ա­նոր փակ կո­պե­րուն ե­զեր­քէն:

Մայրն ու հայ­րը այդ օրն իսկ ո­րո­շած էին լքել ծննդա­վայ­րը ի­րենց մէկ հա­տի­կին նոր կեանք պար­գե­ւե­լու հա­մար: Ա­նոնք հոգ չէին ը­ներ ո՛չ գոր­ծը, ո՛չ ապ­րուս­տը. միայն զաւ­կին խա­ղաղ մի­ջա­վայ­րի մը մէջ հա­սակ նե­տելն էր ի­րենց մտա­հո­գու­թիւ­նը:

Ա­միս մը ետք, ա­նոնք ըն­տա­նեօք փո­խադ­րուե­ցան Ե­րե­ւան: Ա­րան կա­մաց-կա­մաց ըն­տե­լա­ցաւ նոր մի­ջա­վայ­րին, սա­կայն սկիզ­բը լաւ չէր ան, դեռ կ՚ապ­րէր կար­ծես այդ վայր­կեան­նե­րը, մօր ձեռքն էր իր միակ փրկու­թիւ­նը, հո­վա­նին, սփո­փան­քը: Գի­շեր-ցե­րեկ մօր քո­վէն չէր հե­ռա­նար, չէր խա­ղար ու չէր իսկ գծեր: Ճա­րա­հատ, մայրն ու հայ­րը բժիշ­կի մը դի­մե­ցին՝ զա­ւա­կը աս վի­ճա­կէն դուրս բե­րե­լու հա­մար: Բժիշ­կը վստա­հե­ցուց, որ մտա­հո­գիչ բան չկայ, ժա­մա­նա­կի կը կա­րօ­տի, քա­նի որ Ա­րան չա­փա­զանց զգա­յուն է, միայն պէտք է զգոյշ ըլ­լալ, մա­նու­կին դէմ պա­տե­րազ­մա­կան հար­ցե­րու մա­սին չխօ­սիլ, բազ­մա­կող­մա­նի զար­գաց­ման գոր­ծու­նէու­թեանց մղել զինք ու հետզ­հե­տէ կ­­՚անց­նին այս սար­սափ­նե­րը:

Ի­րա­պէս ալ, ա­հա տա­րի մըն է ա­նոնք Ե­րե­ւա­նի մէջ են ու Ա­րան շատ ու­րախ է, հանգս­տա­ցած, նոյ­նիսկ նոր ե­րե­ւան­ցի ըն­կեր­ներ ու­նի, ո­րոնց հետ կը խա­ղայ տան մօ­տա­կայ այ­գին: Սա­կայն իր ա­մե­նա­սի­րե­լին՝ գծագ­րու­թիւ­նը կը մնայ: Սկսած է ան նոր գծագ­րու­թիւն­ներ գծել, այս ան­գամ կը պատ­կե­րէ Ե­րե­ւա­նի գե­ղեց­կու­թիւ­նը ու պատ­կեր­նե­րը մէ­կիկ-մէ­կիկ կը շա­րուին տան ե­րե­ւե­լի ան­կիւն­նե­րը գե­ղեց­կաց­նե­լով:

Մայ­րը շաբ­թուան բո­լոր օ­րե­րը զինք այս գոր­ծու­նէու­թե­նէն միւ­սը կը փո­խադ­րէ, գծագ­րու­թեան դա­սե­րու ալ կ՚եր­թայ Ա­րան ու միշտ «ապ­րե­ս»­նե­րով յա­գե­ցած կը վե­րա­դառ­նայ հոն­կէ: Շա­բաթ օ­րերն ալ կը յա­ճա­խէ սու­րիա­հայ մա­նուկ­նե­րու գոր­ծու­նէու­թիւն­նե­րուն կեդ­րոն­նե­րը, ուր­կէ սա­կայն վշտա­ցած կը վե­րա­դառ­նայ այս շա­բաթ: Մայրն ալ կը վրդո­վի ան­շուշտ, երբ կը տե­ղե­կա­նայ լրա­տուա­մի­ջոց­նե­րուն այն­տեղ այ­ցե­լու­թեան մա­սին. հասկ­նա­լի է ա­նոնց տե­ղե­կու­թիւն­նե­րու ո­րո­նու­մը ներ­կա­յիս ա­րար աշ­խար­հի լրա­տուա­մի­ջոց­նե­րուն ա­մե­նա­ցան­կա­լի ու հե­տաքրք­րա­կան նո­րու­թիւն­նե­րուն մա­սին, ո­րոնք կը վե­րա­բե­րին սու­րիա­կան ի­րա­վի­ճա­կին առ­հա­սա­րակ եւ սու­րիա­հայ հա­մայն­քին մաս­նա­ւո­րա­պէս, սա­կայն չա­փա­հաս­նե­րուն տուած տե­ղե­կու­թիւն­նե­րը բա­ւա­րար չե՞ն ար­դեօք, ո­րոնք իւ­րա­քան­չիւր դրուա­գին հետ կը վե­րապ­րին ցաւ ու վիշտ. կամ չե՞ն յա­գեց­ներ ա­նոնց մար­մա­ջը, պէ՞տք է մա­նուկ­նե­րուն ալ ցաւ պատ­ճա­ռել, յի­շեց­նել ու նե­ղաց­նել, ա­նոնց հո­գի­նե­րուն սպիա­ցած վէր­քե­րը բոր­բո­քել:

Հարց­ման նշան­նե­րը կը շա­րուին այս­պէս մօր մտքին մէջ, բայց ան կը փոր­ձէ մեղ­մել իր ու զաւ­կին վիշ­տը ու ա­հա ա­նոնք հան­րա­խա­նու­թի մը մէջ են, կը շրջին ման­կա­կան խա­ղա­լիք­նե­րու, գրե­նա­կան պի­տոյք­նե­րու, գծագ­րու­թեան ի­րե­րու բաժ­նին մէջ: Երբ մայ­րը Ա­րա­յին ցոյց կու տար գծագ­րու­թեան տետ­րե­րու տե­սա­կա­նին, ու­շադ­րու­թիւ­նը կը գրա­ւէ այլ մայր մը, որ զաւ­կին հետ խա­ղա­լիք­նե­րը կը զննէ ու ա­նոր ցուց­մունք­ներ կու տայ, թէ ո՞ր խա­ղա­տե­սա­կը ա­ւե­լի օգ­տա­կար է: Ա­րա­յին տա­րե­կից փոք­րիկ ման­չուկ մըն է ա­նոր ձա­գու­կը, բայց ա­ւե­լի տա­քա­րիւն, վառվ­ռուն ու հա­մար­ձակ կ՚ե­րե­ւի.

-Մամ, տե՛ս աս զէն­քը ի՞նչ ա­ղուոր է,- ու զի­նուո­րի պէս խրոխտ կե­ցուածք մը կ՚առ­նէ,- պո՛ւմ, պո՛ւմ, ինչ հա­ճե­լի է ա­սանկ մէկ հա­րուա­ծով զար­նել դէ­մի­նին,- յօն­քերն ալ պռստած կ՚ար­տա­յայ­տուի ան:

-Չէ՛, ձա­գուկս,- կ­­՚ը­սէ մայ­րը ու հա­զիւ թէ պի­տի շա­րու­նա­կէ ման­չու­կը կը մի­ջամ­տէ.

-Գի­տեմ, մա՛մ, ինչ պի­տի ը­սես. Լաւ, չեմ ու­զեր,- կ՚ը­սէ ձա­գու­կը հա­մա­ձայն շեշ­տով:

Հա­պա, կա­րե­լի չէ մա­նուկ­նե­րը նման վայ­րագ խա­ղա­լիք­նե­րով դաս­տիա­րա­կել, բայց ար­դեօք պա­տե­րազ­մի մա­սին հար­ցաքն­նել կա­րե­լի՞ է, կը մտա­ծէ Ա­րա­յին մայ­րը:

Ա­ՆԻ ԲՐԴՈ­ՅԵԱՆ-ՂԱ­ԶԱ­ՐԵԱՆ

 

 

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 27, 2016