«Կեանք ու կռիւ»՝ մեծ պաստառներուն վրայ
Երեւանի շարժանկարային սրահներուն մէջ մեծ պաստառներուն «Կեանք ու կռիւ» շարժանկարը կը ցուցադրուի: Մէկ ամիսէն աւելի է, որ ցուցադրութեան իջած է այս շարժանկարը, եւ տակաւին ցուցադրութիւնը կ՚ընթանայ լեցուն դահլիճներու մէջ, հանդիսատեսին հետաքրքրութիւնը չէ պակսած այս գործին հանդէպ:
«Մոսկուա» շարժապատկերասրահին մէջ այս շարժանկարի առաջին ցուցադրութեան ներկայ եղած են Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան Առաջին տիկին Ռիթա Սարգսեանի, Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի եւ այլ պաշտօնատար անձանց հետ:
Շարժանկարին առաջին ցուցադրութիւնը նուիրուած էր Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 25-ամեակին եւ Հայաստանի անկախութեան յոբելենական տարուան ընթացքին շարժանկարին հիմնական ուղերձն է՝ վերարժեւորել կեանքը, գնահատել շրջապատող մարդիկը, սիրել հայրենիքը:
«Կեանք ու կռիւ» շարժանկարի բեմագրութեան հեղինակը եւ բեմադրիչը ժամանակակից հայ շարժապատկերային արուեստի ամենէն յայտնի ընտանիքներէն մէկուն՝ Մկրտչեան ընտանիքի զաւակ է: Դերասան Մհեր (Ֆրունզիկ) Մկրտչեանի եղբօր՝ բեմադրիչ Ալպէրթ Մկրտչեանի որդին է Մհեր Մկրտչեան (որ նաեւ իր տաղանադաւոր հօրեղբօր անունը կը կրէ), որուն Հայաստանի մէջ նկարահանած առաջին շարժանկարն է՝ «Կեանք ու կռիւ»ը: Մինչ այդ ան շարժանկարներ նկարահանած է Ռուսաստանի մէջ, եւ հակառակ անոր, որ նշանաւոր ընտանիքի կը պատկանի, ծանօթ անուն չէր հայաստանեան հանդիսատեսին:
Ան հայաստանեան շարժանկարային դաշտ մտաւ հայ մարդը յուզող նիւթով մը, որ արցախեան պատերազմն է, եւ մէկ անգամէն իր տեղը գրաւեց ժամանակակից շարժապատկերային արուեստի անուններուն մէջ, դարձաւ սիրուած թէ՛ երիտասարդ եւ թէ՛ երէց սերունդին կողմէ: «Կեանք ու կռիւ» շարժանկարը ոմանք նկատեցին արցախեան պատերազմի մասին նկարահանուած լաւագոյն գործը, որ թէ՛ վաւերագրական արժէք ունի եւ թէ՛ բարձր է անոր գեղարուեստական որակը: Թերեւս այս շարժանկարը բաւական ակներեւ կերպով ցոյց կու տայ, թէ ինչպիսի դաժան դէմք ունեցած է պատերազմը: Այսօրուան սերունդը տեղակ չէ, թէ ինչպէս էր կեանքը՝ 1990-ականներու սկիզբը, երբ նոր սկսած էին փոփոխութիւնները Հայաստանի մէջ եւ պատերազմը իր անմիջական ազդեցութիւնը ձգած էր նաեւ թիկունքի վրայ, մանաւանդ՝ մայրաքաղաքային կեանքը իր նախկին հունէն դուրս ելած էր, օրական զարգացումներ տեղի կ՚ունենային թէ՛ մարդկային հոգեբանութեան, նոր իրավիճակին յարմարելու առումով, թէ՛ ալ՝ քաղաքական գետնի վրայ:
Այդ օրերու փոքրիկ արտացոլումը կարելի է տեսնել Մհեր Մկրտչեանի այս շարժանկարին մէջ:
Չորս ընկերներ եւ անոնց երկու քոյրերն են նիւթը, պատերազմին զուգընթաց անոնց ճակատագիրները: Տղոց ընկերութիւնը ծնած է դպրոցական նստարանէն եւ կը շարունակուի պատերազմի տարիներուն: Դէպքերը կը զարգանան պատերազմի, սիրոյ, ընկերութեան, հաւատարմութեան եւ մարդկային այլ արժէքներու շուրջ. եւ շարժանկարը ցոյց կու տայ, թէ Հայաստանի համար այդ դժնդակ տարիներուն ինչպէս դասաւորուած են չորս ընկերներուն եւ անոնց երկու քոյրերուն ճակատագիրները:
Ինչպէս կարելի է դատել շարժանկարի խորագրէն՝ դէպքերը տեղի կ՚ունենան կռուի դաշտին մէջ՝ Արցախ եւ կեանքի մէջ՝ Երեւան:
Շարժանկարի գլխաւոր հերոսներէն մէկուն՝ երիտասարդ տղայի մը հայրը կը մահանայ Արցախի մէջ: Ինչպէս հետագային կը պարզուի, թէ ան քնացած մնացած է կռուի ամենէն թէժ պահերէն մէկուն ընթացքին եւ արդիւնքին հայկական կողմը կորուստներ ունեցած է, թշնամին յառաջացած է, զոհուած են հայեր: Այդ կորուստը չկարենալով տանիլ՝ հրամանատարը ինքնասպան կ՚ըլլայ: Պարզ չէ այն պարագան, որ տղան հօր այդ արարքին հանդէպ մեղքի զգացումէ՞ն, թէ՞ պարզապէս հօր օրինակին հետեւելով Երեւանի մէջ կը ձգէ քոյրն ու մայրը եւ կը մեկնի ռազմակաճակատ: Անոր մայրը, որ ամուսինին մահը կը սգայ, վիշտէն կը հիւանդանայ եւ Հայաստանէն դուրս կ՚երթայ՝ բուժուելու:
Պատերազմի կը մեկնի նաեւ երիտասարդ տղուն ընկերը, որուն սիրած աղջիկը ստիպուած կ՚ամուսնանայ հարուստ փեսացուի մը հետ, որ կը հոգայ մօրը բժշկական ծախսերը:
Հրամանատարին որդին նոյնպէս կը զոհուի, ծանր վէրքեր կը ստանայ նաեւ անոր ընկերը, սակայն հանդիսատեսը չի տեղեկանար՝ կը մահանա՞յ ան, թէ՞ վիրաւորուելէ ետք ապաքինման շրջանէ կ՚անցնի: Այս մէկը կարծես պատերազմի անաւարտութեան մասին կը խօսի, այնպէս ինչպէս անաւարտ մնացած է պատերազմը, նոյնպէս ալ անաւարտ ու անորոշ կը մնայ շարժանկարին նիւթը: Զինուորական ուղղաթիռով զինք կը տեղափոխեն, սակայն արիւններու մէջ ալ կ՚աւարտի շարժանկարը եւ հանդիսատեսը տեսակ մը սպասումով կը հեռանայ դահլիճէն:
Ընդհանրապէս, արցունք կորզող ժապաւէն է «Կեանք ու կռիւ»ը: Հերոսներուն ճակատագիրները իրարմէ տարբեր են, բայց պատմութիւնը մէկ է, զոր ապրած է ամբողջ հայութիւնը: Արցախեան պատերազմէն եւ Հայաստանի անկախութենէն քսան եւ աւելի տարիներ յետոյ ալ հայոց պատմութեան այդ տարիները տակաւին վէրքի կը նմանին եւ կարելի չէ առանց յուզումի դիտել մեր ճակատագրական պատերազմը պատկերող այս շարժանկարը: Յուզիչ է մանաւանդ, երբ կը գիտակցիս, որ շարժանկարին հերոսները իրենց կեանքը կը զոհեն յանուն հայրենիքի, յանուն անկախութեան եւ խաղաղութեան:
Հանգուցային կէտ մը եւս կայ շարժանկարին մէջ. այդ մէկը հայ եւ ազէրի զինուորներու ներքին համագործակցութիւնն է: Ներքին թշնամիին կերպարը այսօր ալ արդիական է, եւ հանդիսատեսը նողկանքով կը լեցուի Մհեր Մկրտչեանի շարժանկարին մէջ կերտուած ներքին թշնամիին կերպարին հանդէպ:
Շատ ողջունելի է բեմադրիչ Մհեր Մկրտչեանի ընտրութիւնը՝ դերասաններ ներգրաւելու եւ անոնց դերեր բաշխելու առումով: Շարժանկարին հիմնական դերակատարները երիտասարդ ու հայ հանդիսատեսին թերեւս անծանօթ անուններ են, բայց անոնց խաղը՝ մեծ ու գեղարուեստական շարժանկարին մէջ պարզապէս հիացմունք կը յառաջացնէ: Այս մէկը վկայութիւնն է դերասանական նոր սերունդի կայացման, որու ապացոյցը մենք տեսանք «Կեանք ու կռիւ՝« շարժանկարին մէջ, եւ այդ երիտասարդներուն համար այլեւս դիւրին պիտի ըլլայ աշխատանք գտնել, այսինքն՝ նոր դերեր ստանձնել:
Հարկ է նշել տաղանդաւոր դերասան Սամուէլ Թադէոսեանի մասին, որ նաեւ շարժանկարի գլխաւոր դերակատարն է: Ան տակաւին հայոց բանակի զինուոր է, եւ կարելի է պատկերացնել, թէ որքան երիտասարդ է ան եւ որքան դերասանական ու պատերազմական փորձառութիւն ունեցած է՝ իր առաջին կարեւոր շարժանկարի միջոցաւ: Այլ դերեր ստանձնած են Անի Խաչիկեան, Էլէն Սարգսեան, Նանօր Պետրոսեան, որ շարժանկարին մէջ սփիւռքահայ աղջկայ դեր ստանձնած է, եւ յատկանշական է, որ Եւրոպայի մէջ իր ուսումը ձգելով հասած է Արցախ՝ բժշկական օգնութիւն ցոյց տալու վիրաւոր զինուորներուն: Իսկ այդ մէկը վերջին շրջանին հայրենադարձ կամաւորներու կերպարը կ՚ընդգծէ: Քիչ չեն այն սփիւռքահայերը, որոնք իրենց ապրած երկիրներուն մէջ մեծնալով հայրենասիրութեան գաղափարով եւ հայրենիքի հանդէպ տածած սիրով, հետագային ձգած են իրենց գործերը եւ կամաւորական աշխատանք տարած՝ հայրենիքի մէջ:
Երիտասարդ դերակատաներու կարգին են Սամուէլ Թոփալեան, Հայկ Մարգարեան, Ռուդիկ Մարտիրոսեան:
Աւագ սերունդի դերասաններէն շարժանկարին մէջ ներգրաւուած են Դաւիթ Յակոբեան, Ամիրան Գալստան, Գէորգ Յովակիմեան, Վարդան Պետրոսեան։ Վերջինիս առաջին դերակատարումն էր բանտէն ազատ արձակուելէ ետք, եւ հակառակ արհեստավարժ շպարման, շպարին տակէն նշմարելի էին այն սպիները, զորս դերասանը ստացած էր ինքնաշարժի արկածին պատճառով, որմէ ետք դատավարութեան եւ բանտարկութեան երկար շրջան անցուցած էր: Իր որդին՝ Հայկ Պետրոսեան նոյնպէս դերակատարում ունի Մհեր Մկրտչեանի այս գործին մէջ: Նկարահանումները կատարուած են Արցախ, Գորիս, Իջեւան, Երեւան եւ այլ վայրեր։ «Կեանք ու կռիւ»ը ցուցադրուած է նաեւ Արցախի մէջ, իսկ ե՞րբ կը ցուցադրուի հեռատեսիլէն, այդ մէկը շարժանկարի արտադրիչ ՇԱՐՄ ընկերութեան որոշելիքն է:
Պատերազմի դաշտին եւ թիկունքին իրադարձութիւնները ձեւով մը հայրենասիրութեան դասեր են, սակայն շարժանկարին մէջ հայրենասիրութեան մասին ոչ մէկ խօսք ու ուղղակի քարոզ կայ, ամէն ինչ տեղի կ՚ունենայ ինքնաբերաբար, հանգամանքներու եւ ժամանակի բերումով:
Ժապաւէնի զգացմունքայնութիւնը նաեւ երաժշտութեան շնորհիւ է: Երաժշտութեան հեղինակներն են երգահաններ՝ Արմէն Մարտիրոսեանն ու Արթուր Գրիգորեանը: Արմէն Մարտիրոսեան հիմնական, իսկ Արթուր Գրիգորեան վերջին հատուածի երաժշտութեան հեղինակն է: Հանդէս կու գայ նաեւ Հայաստանի Ազգային ֆիլհարմոնիք նուագախումբը: Իսկ շարժանկարի վերջին հատուածը Շուշիի ազատագրումն է՝ ամբողջ սերունդի երազանքին իրականացումը, որու ճանապարհին ինկան լաւագոյնները եւ որ հայոց նորօրեայ պատմութեան ամենէն հերոսական էջն է:
«Կեանք ու կռիւ» ժապաւէնը նոր նշաձող սահմանած է պատերազմական նիւթին, բեմագրութեան, դերասաններու ընտրութեան առումով եւ այս օրերուն նաեւ տեղեկացանք, որ բեմադրիչ Մհեր Մկրտչեան ստանձնած է շարժանկարի երկրորդ մասի նկարահանման աշխատանքները: Երկրորդ մասէն հանդիսատեսը բնականաբար աւելի մեծ սպասումներ ունի:
Տեղեկութիւն մը եւս, որ շատ կարեւոր է. շարժանկարի առաջին մասին ժամանակ բեմադրիչը հնարաւորութիւն ունեցած է օգտուելու իսկական զինամթերքէ, զինուորական ուղղաթիռներէ, զինուորական արհեստավարժ խումբէ ու խորհրդատուութենէ, որ կենդանի կը դարձնէ պատերազմական կեանքը բեմին վրայ: Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան Յատուկ ջոկատայիններու խումբը եղած է ստեղծագործական խումբին հետ։ Այս մէկը վկայութիւն է, որ հայ զինուորը, բանակը բացի սահման հսկողի իր դերի գիտակցումէն, կանգնած է նաեւ հայ արուեստի ու մշակոյթի կողքին:
ԲԵՄԱԴՐԻՉԸ
Ռուսաստանի մէջ տեւական աշխատանք կատարելէ ետք Մհեր Մկրտչեան վերադարձած է Հայաստան, եւ ստանձնած է իր հօրեղբօր՝ Մհեր Մկրտչեանի հիմնած եւ անոր անունը կրող «Մհեր Մկրտչեան» արթիստական թատրոնի գեղարուեստական ղեկավարի գործը: Մինչ այդ իր հայրը՝ Ալպէրթ Մկրտչեան այդ գործին մէջ էր, սակայն վերջինիս տարիքը արդէն բաւական յառաջացած է, եւ ան իր որդին առաջարկած է իրեն փոխարէն, եւ որ ընդունուած է քաղաքապետարանին կողմէ: Մհեր Մկրտչեան կրտսերը ծնած է 1972 թուականին: 1989-1995 թուականներուն միջեւ ուսանած է Մոսկուայի Շարժապատկերային արուեստի պետական համառուսական համալսարանին մէջ: 2006 թուականէն սկսեալ հանդէս եկած է որպէս բեմադրիչ եւ բեմագիր: Ստացած է մրցանակներ՝ Ռուսաստանի մէջ, իսկ հայաստանեան շարժանկարային դաշտին մէջ, առայժմ իր առաջին քայլն է, որ առած է՝ «Կեանք ու կռիւ» շարժանկարով:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ