ԱՅԺՄԷՆ ՀԱՇՈՒԱՐԿՆԵՐ

Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Մեւ­լիւտ Չա­վու­շօղ­լու յայ­տա­րարեց, որ Ապ­րի­լի 24-ի նա­խա­շե­մին Թուր­քիա մի­ջոց­նե­րու կը ձեռ­նար­կէ Հա­յաս­տա­նի քայ­լե­րուն դէմ։ 

«A Haber» ­կա­յա­նին տուած հար­ցազ­րոյ­ցին մէջ Չա­վու­շօղ­լու ը­սաւ, թէ Հա­րա­ւա­յին Կով­կա­սի բո­լոր խնդիր­նե­րու կի­զա­կէ­տին կը գտնուի Հա­յաս­տան։ Իր այս յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րը ար­ձա­գանգ գտած են ինչ­պէս Ատր­պէյ­ճա­նի, այն­պէս ալ Հա­յաս­տա­նի զա­նգուա­ծա­յին լրատուու­թեան մի­ջոց­նե­րուն մօտ։

«Թուր­քիա օգ­նու­թեան ձեռք եր­կա­րեց Հա­յաս­տա­նին, ի պա­տաս­խան ան նող­կա­լի ձե­ւով մեր­ժեց զայն։ Եր­կիր մը, որ խնդիր ու­նի հա­րե­ւան բո­լոր եր­կիր­նե­րուն հետ, պէտք է ինք­զին­քին նա­յի հա­յե­լիի մէջ», հա­մո­զուած է նա­խա­րա­րը։

Նոյն հար­ցազ­րոյ­ցի տե­ւո­ղու­թեան Չա­վու­շօղ­լու դի­տել տուաւ, որ Ապ­րի­լի 24-ի նա­խա­շե­մին Հա­յաս­տա­նի քայ­լե­րուն դէմ Թուր­քիա ձեռ­նար­կած է բո­լոր անհ­րա­ժեշտ քա­ղա­քա­կան, մշա­կու­թա­յին ու դի­ւա­նա­գի­տա­կան մի­ջոց­նե­րուն։ «Ապ­րի­լի 24-ին՝ Չա­նաքքա­լէի պա­տե­րազ­մի տա­րե­լի­ցին նուի­րուած ձեռ­նար­կին ժա­մա­նակ մենք խա­ղա­ղու­թեան ու բա­րե­կա­մու­թեան պատ­գամ պի­տի ու­ղար­կենք ամ­բողջ աշ­խար­հին», ը­սաւ Չա­վու­շօղ­լու։

Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րը, միեւ­նոյն ժա­մա­նակ, խօ­սե­ցաւ Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու նա­խա­գահ Պա­րաք Օ­պա­մա­յի կող­մէ Ապ­րի­լի 24-ին հրա­պա­րա­կուե­լիք պատ­գա­մին ա­ռըն­չու­թեամբ։ Ըստ ի­րեն, Օ­պա­մա­յի այս տա­րուան ե­լոյ­թը պի­տի ըլ­լայ իր նա­խորդ ե­լոյթ­նե­րուն նման, հա­կա­ռակ պա­րա­գա­յին, ան բա­ցա­սա­կան ազ­դե­ցու­թիւն պի­տի գոր­ծէ Թուր­քիոյ եւ ԱՄՆ-ի յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն վրայ։ Հայ­կա­կան լրա­տուա­մի­ջոց­նե­րը այս կա­պակ­ցու­թեամբ հան­դէս կու գան այն մեկ­նա­բա­նու­թեամբ, թէ Չա­վու­շօղ­լու ար­դէն կը մտա­ծէ Օ­պա­մա­յի Ապ­րի­լի 24-ի պատ­գա­մին մա­սին։ 

Նոյն հար­ցազ­րոյ­ցին մէջ Չա­վու­շօղ­լու մատ­նան­շած է նաեւ, որ Թուր­քիա կը վե­րա­դարձ­նէ երկ­րի հայ հա­մայն­քին սե­փա­կա­նու­թիւն­նե­րը ու կը վե­րա­նո­րո­գէ ե­կե­ղե­ցի­նե­րը։ 

Շաբաթ, Մարտ 14, 2015