ՓԱՐԻԶԻ ՄԷՋ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Հա­յաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ե­դու­արդ Նալ­պան­տեան ե­րէկ աշ­խա­տան­քա­յին այ­ցե­լու­թիւն մը տուաւ Փա­րիզ, ուր տե­սակ­ցե­ցաւ Ֆրան­սա­յի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ժան-Մարք Էյ­րո­յի, ինչ­պէս նաեւ խումբ մը խորհր­դա­րա­նա­կան­նե­րու հետ։ Ե­րե­ւա­նի պաշ­տօ­նա­կան աղ­բիւր­նե­րու հա­ղոր­դում­նե­րով, Նալ­պան­տեան-Էյ­րօ հան­դիպ­ման ըն­թաց­քին բո­վան­դա­կա­լից զրոյց ծա­ւա­լուե­ցաւ հայ-ֆրան­սա­կան ա­ռանձ­նաշ­նոր­հեալ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու օ­րա­կար­գա­յին շարք մը հար­ցե­րուն, զա­նա­զան բնա­գա­ւառ­նե­րէ ներս հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան ընդ­լայն­ման նպա­տա­կով ձեռ­նար­կուած քայ­լե­րուն շուրջ։ Եր­կուս­տեք գո­հու­նա­կու­թիւն յայտ­նուե­ցաւ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու աշ­խոյժ զար­գաց­ման թա­փին ա­ռըն­չու­թեամբ։ Նա­խա­րար­նե­րը անդ­րա­դարձ կա­տա­րե­ցին միջ­խորհր­դա­րա­նա­կան աշ­խոյժ շփում­նե­րուն, ա­պա­կեդ­րո­նա­ցեալ նոյն­պէս աշ­խոյժ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան։ Ա­նոնք քննար­կե­ցին ա­ռեւտ­րատն­տե­սա­կան կա­պե­րու ընդ­լայն­ման ուղ­ղու­թեամբ եր­կու եր­կիր­նե­րու ղե­կա­վար­նե­րուն մի­ջեւ ձեռք բե­րուած պայ­մա­նա­ւո­րու­ծու­թիւն­նե­րու կա­տար­ման ըն­թաց­քը։ Նալ­պան­տեան եւ Էյ­րօ կանգ ա­ռին նաեւ Ֆրան­սա­խօ­սու­թեան մի­ջազ­գա­յին կազ­մա­կեր­պու­թեան շրջա­նակ­նե­րէն ներս հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան վե­րա­բե­րեալ հար­ցե­րու վրայ՝ Նո­յեմ­բե­րին նա­խա­տե­սուած գա­գա­թա­ժո­ղո­վին ըն­դա­ռաջ։

Բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րուն ըն­թաց­քին հան­գա­մա­նա­լից քննար­կում ծա­ւա­լուե­ցաւ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հիմ­նախնդ­րի խա­ղաղ կար­գա­ւոր­ման գոր­ծըն­թա­ցին շուրջ։ Ե­դուարդ Նալ­պան­տեան ընդգ­ծեց, որ Ատր­պէյ­ճան ա­միս­նե­րէ ի վեր կը շա­րու­նա­կէ մեր­ժել ի­րա­կա­նա­ցու­մը Վիեն­նա­յի եւ Սեն Փե­թերս­պուր­կի գա­գա­թա­ժո­ղով­նե­րուն նա­խա­գահ­նե­րու մա­կար­դա­կով ձեռք բե­րուած պայ­մա­նա­ւո­րուա­ծու­թիւն­նե­րը, հե­տե­ւո­ղա­կա­նօ­րէն կը սրէ ի­րա­վի­ճա­կը շփման գծին վրայ՝ այս­պէ­սով իսկ խո­չըն­դո­տե­լով բա­նակ­ցա­յին գոր­ծըն­թա­ցի յա­ռաջ մղման նպա­տա­կով հա­մա­պա­տաս­խան պայ­ման­նե­րու ստեղ­ծու­մը։ Եր­կուս­տեք շեշ­տուե­ցաւ Վիեն­նա­յի եւ Սեն Փե­թերս­պուր­կի պայ­մա­նա­ւո­րուա­ծու­թիւն­նե­րու լիա­կա­տար ի­րա­կա­նաց­ման կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը։

Հան­դիպ­ման ա­ւար­տին Նալ­պան­տեան եւ Էյ­րօ ստո­րագ­րե­ցին հա­մա­ձայ­նա­գիր մը, որ կը վե­րա­բե­րի Հա­յաս­տա­նի եւ Ֆրան­սա­յի մի­ջեւ ու­սա­նող­նե­րու եւ մաս­նա­գէտ­նե­րու փո­խա­նա­կու­թիւ­նը կար­գա­ւո­րե­լու։ Ա­նոնք ստո­րագ­րե­ցին նաեւ 2013 թուա­կիր ար­ձա­նագ­րու­թիւն մը՝ ստո­րագ­րուած Հա­յաս­տա­նի եւ Եւ­րո­միու­թեան մի­ջեւ։

Փա­րի­զի մէջ Նալ­պան­տեան Ֆրան­սա­յի Ծե­րա­կոյ­տի եւ Ազ­գա­յին ժո­ղո­վի՝ Հա­յաս­տա­նի հետ բա­րե­կա­մու­թեան խորհր­դա­րա­նա­կան խում­բի ան­դամ­նե­րուն հետ ալ ու­նե­ցաւ հան­դի­պում մը, ո­րու ըն­թաց­քին անդ­րա­դարձ կա­տա­րուե­ցաւ շարք մը տա­րած­քաշր­ջա­նա­յին խնդիր­նե­րու եւ ա­նոնց լուծ­ման հա­ւա­նա­կա­նու­թիւն­նե­րուն։ Նալ­պան­տեան ֆրան­սա­ցի խորհր­դա­րա­նա­կան­նե­րուն ներ­կա­յա­ցուց Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հա­կա­մար­տու­թեան կար­գա­ւոր­ման գոր­ծըն­թա­ցի յա­ռաջ մղման տե­սա­կէ­տէ հա­մա­պա­տաս­խան պայ­ման­նե­րու ստեղծ­ման նպա­տա­կով Հա­յաս­տա­նի եւ ԵԱՀԿ-ի Մինս­քեան խմբա­կի հա­մա­նա­խա­գահ եր­կիր­նե­րուն կող­մէ ձեռ­նար­կուած ջան­քե­րը։

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 28, 2016