ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԸՄԲՌՆՈՒՄ

Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Րէ­ճէպ Թայ­յիպ Էր­տո­ղան նա­խըն­թաց ե­րե­կո­յեան հե­ռա­խօ­սազ­րոյց մը ու­նե­ցաւ Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու Նա­խա­գահ Պա­րաք Օ­պա­մա­յի հետ։ Ան­գա­րա­յի պաշ­տօ­նա­կան աղ­բիւր­նե­րու հա­ղոր­դում­նե­րով, Էր­տո­ղան այս առ­թիւ շեշ­տեց, թէ տա­րած­քաշր­ջա­նը պէտք է մաք­րա­գոր­ծուի բո­լոր ա­հա­բեկ­չա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րէն, նե­րա­ռեալ Ի­ՇԻՊ-ն («Ի­րաք-Շա­մի իս­լա­մա­կան պե­տու­թիւն» ա­հա­բեկ­չա­կան խմբա­ւո­րում) ու ՓՔՔ-ն։ Միեւ­նոյն ժա­մա­նակ Էր­տո­ղան ու­շադ­րու­թիւն հրա­ւի­րեց Մու­սու­լի պա­րա­գա­յին ձեռ­նար­կուած գոր­ծո­ղու­թեան նրբան­կա­տօ­րէն յա­ռաջ մղուե­լուն վրայ։

Հե­ռա­խօ­սազ­րոյ­ցի ըն­թաց­քին եր­կու նա­խա­գահ­նե­րը անդ­րա­դար­ձան Ի­ՇԻՊ-ի դէմ պայ­քա­րի ծի­րէն ներս հե­տա­գայ փու­լե­րուն։ Ըստ Օ­պա­մա­յի, Թուր­քիա-Սու­րիա սահ­մա­նա­մերձ շրջա­նը Ի­ՇԻՊ-էն մաք­րա­գոր­ծուած է Ա­զատ Սու­րիոյ բա­նա­կին կող­մէ եւ ա­մե­րի­կեան կող­մը բարձր կը գնա­հա­տէ այդ պայ­քա­րին ի նպաստ Թուր­քիոյ կող­մէ ցու­ցա­բե­րուած զօ­րակ­ցու­թիւ­նը։ Սու­րիոյ ժո­ղո­վուր­դին, Թուր­քիոյ, ԱՄՆ-ի եւ այլ եր­կիր­նե­րու ուղ­ղեալ սպառ­նա­լի­քի նուա­զեց­ման տե­սան­կիւ­նէն Էր­տո­ղան եւ Օ­պա­մա անհ­րա­ժեշտ հա­մա­րե­ցին ներ­կայ բա­րե­յա­ջող գոր­ծըն­թա­ցին տե­ւա­կա­նա­ցումն ու Ի­ՇԻՊ-ի դէմ ուղ­ղեալ ճնշում­նե­րուն շա­րու­նա­կու­թիւ­նը։

Հե­ռա­խօ­սազ­րոյ­ցի ըն­թաց­քին Էր­տո­ղան յստա­կօ­րէն ընդգ­ծեց, թէ Թուր­քիա կը պաշտ­պա­նէ Ի­րա­քի տա­րած­քա­յին ամ­բող­ջա­կա­նու­թիւ­նը։ Ըստ Օ­պա­մա­յի, ա­մե­րի­կեան կող­մը կ՚ող­ջու­նէ Ան­գա­րա­յի եւ Պաղ­տա­տի երկ­խօ­սու­թիւ­նը՝ որ­պէս­զի Թուր­քիա Ի­ՇԻՊ-ի դէմ ստեղ­ծուած հա­մա­խո­հու­թեան պատ­շաճ մա­կար­դա­կով ու ձե­ւով մաս­նակ­ցու­թիւն ու­նե­նայ։ Եր­կու ղե­կա­վար­նե­րը վե­րա­հաս­տա­տե­ցին ի­րենց ա­ջակ­ցու­թիւ­նը Ի­րա­քի գե­րիշ­խա­նու­թեան եւ տա­րած­քա­յին ամ­բող­ջա­կա­նու­թեան նկա­տա­մամբ։ Ա­նոնք վե­րա­հաս­տա­տե­ցին նաեւ ի­րենց վճռա­կա­մու­թիւ­նը ամ­բողջ տա­րած­քաշր­ջա­նէ ներս Ի­ՇԻՊ-ի դէմ պայ­քա­րի ուղ­ղու­թեամբ, գլխա­ւո­րու­թեամբ Սու­րիան եւ Ի­րա­քը։ Եր­կու ղե­կա­վար­նե­րը հա­մա­կար­ծիք գտնուե­ցան, որ ան­թոյ­լատ­րե­լի է Հիւ­սի­սա­յին Ի­րա­քէ ներս ՓՔՔ­-ի գո­յու­թիւ­նը։

Կը հա­ղոր­դուի, որ Էր­տո­ղան-Օ­պա­մա հե­ռա­խօ­սազ­րոյ­ցը տե­ւած է ժամ մը 25 վայր­կեան։ Սպի­տակ տան աղ­բիւր­ներն ալ փո­խան­ցե­ցին Պեշ­թե­փէի կող­մէ կա­տա­րուած հա­ղոր­դում­նե­րուն հա­մա­հունչ տե­ղե­կա­տուու­թիւն­ներ։ Ըստ մա­մու­լին մօտ լոյս տե­սած ման­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րուն, ընդ­հա­նուր փո­խըմբռ­նում մը գո­յա­ցած է եր­կու նա­խա­գահ­նե­րուն մի­ջեւ։ Էր­տո­ղան ա­ռա­ջար­կած է, որ­պէս­զի Սու­րիա­յէ ներս չորս նուրբ կէ­տեր մաք­րա­գոր­ծուին Ի­ՇԻՊ-էն՝ Թուր­քիոյ եւ ԱՄՆ-ի հա­մա­տեղ ջան­քե­րով։ Էր­տո­ղան յայտ­նած է, թէ կա­րե­լի է Ռաք­քան ա­զա­տագ­րել միաս­նա­կան ջան­քե­րով եւ ՓԵՏ-ի անհ­րա­ժեշ­տու­թիւ­նը խնդրոյ ա­ռար­կայ չէ։ Օ­պա­մա­յի հետ զրու­ցե­լու ըն­թաց­քին Էր­տո­ղան շեշ­տած է նաեւ այն մօ­տե­ցու­մը, թէ Թուր­քիա պի­տի չհան­դուր­ժէ, որ­պէս­զի Սին­ճար վե­րա­ծուի նոր Քան­տի­լի մը՝ ՓՔՔ­-ի հա­մար։ Ծա­նօթ է, որ ան վեր­ջին շրջա­նին այս ուղ­ղու­թեամբ ա­հա­զանգ կը հնչեց­նէ նաեւ հան­րա­յին կար­ծի­քին մօտ։

ՊՈԶ­ՏԱ­ՂԻ ԱՅ­ՑԸ

Միւս կող­մէ, Ար­դա­րա­դա­տու­թեան նա­խա­րար Պե­քիր Պոզ­տաղ դէ­պի Ո­ւա­շինկ­թըն այ­ցե­լու­թեան շրջագ­ծով հան­դի­պում մը ու­նե­ցաւ ԱՄՆ-ի Ար­դա­րա­դա­տու­թեան նա­խա­րար Լո­րեթ­թա Լին­չի հետ։ Տե­ղա­կան մա­մու­լի հա­ղոր­դում­նե­րով, Պոզ­տաղ իր պաշ­տօ­նակ­ցին ա­պա­ցոյց­ներ ներ­կա­յա­ցուց՝ ՖԵ­ԹԷՕ-ի պա­րագ­լուխ Ֆեթ­հուլ­լահ Կիւ­լէ­նի ու­նե­ցած դե­րա­կա­տա­րու­թեան շուրջ՝ 15 Յու­լի­սի զի­նեալ յե­ղաշրջ­ման ձա­խող փոր­ձին մէջ։ Ծա­նօթ է, որ թրքա­կան կող­մը կը պա­հան­ջէ Ֆեթ­հուլ­լահ Կիւ­լէ­նի ար­տա­յանձ­նու­մը, սա­կայն ան­կէ ալ ա­ռաջ ԱՄՆ-ի մէջ ձեր­բա­կա­լու­մը։ Ա­մե­րի­կեան կող­մին պաշ­տօ­նա­կան աղ­բիւր­նե­րը ներ­կա­յիս մատ­նան­շում­ներ կ՚ը­նեն Թուր­քիոյ կող­մէ ներ­կա­յա­ցուած ա­պա­ցոյց­նե­րու չա­փա­նիշ­նե­րուն։

 

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 28, 2016