ԷՍԱԵԱՆ ՍԱՆՈՒՑ ՄԻՈՒԹԵԱՆ 70-ԱՄԵԱԿԻ ՅՈԲԵԼԵՆԱԿԱՆ ՁԵՌՆԱՐԿՆԵՐՈՒ ՇԱՐՔԸ ՊԻՏԻ ՍԿՍԻ ԱՐՄԱՒԵՆԻ ՄԻՐՕՂԼՈՒԻ ԳՐՔԻ ՇՆՈՐՀԱՆԴԷՍՈՎ
Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Էսաեան սանուց միութեան վարչութեան ատենապետուհի Մարիամ Տրամէրեանն ու համանուն վարժարանի հայերէնի ուսուցչուհիներէն Արմաւենի Միրօղլուն։ Անոնք փութացած էին մեզ հրաւիրելու համար յառաջիկայ շաբաթ նախատեսուած կարեւոր ձեռնարկի մը։ Ինչպէս հաղորդած էինք, վաստակաւոր կրթական մշակ Արմաւենի Միրօղլու վերջին շրջանին Երեւանի մէջ պաշտպանեց թեզ մը, որու հիման վրայ լոյս տեսաւ «Պոլսահայերը (1923-1939)» անուն գիրքը։ Ուրեմն, ներկայիս պատրաստութիւններ կը տեսնուին այս գիրքի շնորհանդէսին համար։ Էսաեանի սան եւ ուսուցչուհի Արմաւենի Միրօղլուի գիրքի շնորհանդէսին բնական հասցէն դարձած է Էսաեան սանուց միութիւնը։ Մեր հիւրերը երէկ մատնանշեցին, թէ այս գինեձօնը կը զուգադիպի նաեւ Էսաեան սանուց միութեան հիմնադրութեան 70-ամեակի յոբելենական շրջանին եւ այս ծիրին մէջ պիտի հանդիսանայ առաջին գործունէութիւնը։
Գինեձօնի ընթացքին բանախօսութիւններով հանդէս պիտի գան Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան, ինչպէս նաեւ Երեւանէն՝ յայտնի պատմաբան Աշոտ Մելքոնեան, որոնք պիտի արժեւորեն Արմաւենի Միրօղլուի կողմէ տարուած աշխատանքին նշանակութիւնը։