ՍԵԼԻՆԱ ՏՈՂԱՆ TCA-Ի ՀՐԱՒԷՐՈՎ ԱՅՑԵԼԵՑ ԱՄՆ

Թուր­քիա-Միա­ցեալ Նա­հանգ­ներ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու զար­գաց­ման հե­տա­մուտ Ա­մե­րի­կա­յի թրքա­կան հա­մա­խո­հու­թեան (TCA) հրա­ւէ­րին ըն­դա­ռաջ Իս­թան­պու­լի ՃՀՓ­-ա­կան ե­րես­փո­խան Սե­լի­նա Տո­ղան վեր­ջերս այ­ցե­լեց ԱՄՆ։ Սե­լի­նա Տո­ղա­նին ա­ռըն­թեր այս ու­ղե­ւո­րու­թեան մաս­նակ­ցե­ցան նաեւ Թուր­քիա­յէն խումբ մը ի­գա­կան սե­ռէ քա­ղա­քա­կան գոր­ծիչ­ներ։ Ճամ­բոր­դու­թիւ­նը կազ­մա­կեր­պուած էր ԱՄՆ-ի նա­խա­գա­հա­կան ընտ­րու­թիւն­նե­րուն ըն­դա­ռաջ։ Այժ­մու կան­խա­տե­սում­նե­րով, շատ հա­ւա­նա­կան է, որ ԱՄՆ-ի յա­ջորդ նա­խա­գա­հը դառ­նայ Հի­լը­րի Քլին­թըն՝ նոյն­պէս ի­գա­կան սե­ռէ քա­ղա­քա­կան գոր­ծիչ մը։

TCA-ի նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ ԱՄՆ այ­ցե­լած այս քա­ղա­քա­կան գոր­ծիչ­նե­րը տե­սակ­ցե­ցան գոնկ­րէ­սա­կան­նե­րու, քա­ղա­քա­կան խորհր­դա­կան­նե­րու, ինչ­պէս նաեւ զա­նա­զան մամ­լոյ սպա­սա­ւոր­նե­րու հետ, ո­րոնք կը հե­տե­ւին ԱՄՆ-ի նա­խա­գա­հա­կան ընտ­րու­թիւն­նե­րուն, նա­խընտ­րա­կան քա­րո­զար­շա­ւին։ Թուր­քիա­յէն մեկ­նած քա­ղա­քա­կան գոր­ծիչ­նե­րը տե­ղե­կու­թիւն­ներ քա­ղե­ցին նա­խընտ­րա­կան քա­րո­զար­շա­ւի ման­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րուն եւ ԱՄՆ-ի նա­խա­գա­հա­կան դրու­թեան շուրջ։ Խում­բը այ­ցե­լեց նաեւ Ո­ւա­շինկ­թը­նի մօտ Թուր­քիոյ դես­պա­նա­տուն, նաեւ հան­դի­պե­ցաւ ա­մե­րի­կաբ­նակ թուր­քե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն հետ։

Նկա­տի ու­նե­նա­լով, որ ներ­կա­յիս Թուր­քիոյ մէջ ալ նա­խա­գա­հա­կան դրու­թեան հաս­տա­տուի­լը դար­ձած է այժ­մէա­կան նիւթ մը՝ թուրք գոր­ծիչ­նե­րը ԱՄՆ-ի մէջ փոր­ձե­ցին ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րը ըն­կա­լել նաեւ այս տե­սան­կիւ­նէն։ Ա­նոնք ընդգ­ծե­ցին, որ ու­ժե­րու՝ իշ­խա­նու­թեան թե­ւե­րու տա­րան­ջա­տու­մը ԱՄՆ-է ներս հաս­տա­տուած նա­խա­գա­հա­կան դրու­թեան բնո­րո­շիչ ստո­րո­գե­լի­նե­րէն մին է։ 

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 31, 2016