«ԲԱՐԻ ԳԱԼՈՒՍՏ ՀԱՅԱՍՏԱՆ 2016» ԶԲՕՍԱՇՐՋՈՒԹԵԱՆ ՖՈՐՈՒՄԸ՝ ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ
Երէկ, Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ «Բարի գալուստ Հայաստան 2016» խորագրեալ զբօսաշրջութեան ֆորում մը։ Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) Հայաստանի մասնաճիւղին մէջ տեղի ունեցաւ այս հաւաքոյթը, որու ընթացքին քննարկուեցան Հայաստանի զբօսաշրջութեան բնագաւառի ներկան եւ հեռանկարային գործերը։ Պետական մարմիններէ սկսեալ մինչեւ մասնաւոր հատուածը՝ այս ֆորումը համախմբեց զբօսաշրջութեան բնագաւառի բազմաթիւ ներկայացուցիչներ, որոնք կարծիքներ փոխանակեցին այս ոլորտի զարգացման հեռանկարներուն շուրջ։ Ֆորումի մասնակիցներուն առջեւ ելոյթներ ունեցան նաեւ Հայաստանի Մշակոյթի նախարար Արմէն Ամիրեան եւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Արխիւի եւ թանգարաններու բաժանմունքի վարիչ Տ. Ասողիկ Քհնյ. Կարապետեան։ «Արմէն-փրէս»ի հաղորդումներով, ան մատնանշեց, թէ Հայաստանի մէջ կրօնական զբօսաշրջութեան զարգացման անհրաժեշտութիւն գոյութիւն ունի։ Ըստ իրեն, Հայաստանի զբօսաշրջական ընկերութիւնները չեն միջազգայնացներ կրօնական զբօսաշրջութեան արտադրանքը։ «Կրօնի միջոցաւ, հոգեւոր մշակոյթի միջոցաւ բազմաթիւ ցաւոտ հարցեր կը գտնեն իրենց լուծումը», ըսաւ ան եւ աւելցուց, որ Հայաստանի զբօսաշրջութեան ոլորտը այլ ժողովուրդներու համար գրաւիչ է նաեւ կրօնական զբօսաշրջութեան տեսանկիւնէն։