ՍԵՐԺ ՍԱՐԳՍԵԱՆ ՏԵՍԱԿՑԵՑԱՒ ՍՈՒՐԻԱՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏ

Հա­յաս­տա­նի Նա­խա­գահ Սերժ Սարգսեան նա­խըն­թաց օր Ե­րե­ւա­նի մէջ հան­դի­պում մը ու­նե­ցաւ սու­րիա­հայ հա­մայն­քի եւ հայ­կա­կան շարք մը կա­ռոյց­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն հետ։ Տե­սակ­ցու­թեան ներ­կայ էին նաեւ սու­րիա­հա­յոց խնդիր­նե­րու լուծ­ման հե­տա­մուտ բա­րե­րար­ներ եւ պա­տաս­խա­նա­տու պաշ­տօ­նեա­ներ։ Սերժ Սարգ­սեան նշեց, որ հան­դիպ­ման մաս­նա­կից­նե­րը հրա­ւի­րած է քննար­կե­լու ա­ջակ­ցու­թեան նոր գա­ղա­փար­ներ, նոր ծրագ­րեր, ինչ­պէս նաեւ սու­րիաբ­նակ հա­յե­րէն ան­մի­ջա­կա­նօ­րէն տե­ղե­կա­նա­լու վեր­ջին զար­գա­ցում­նե­րուն եւ առ­կայ ի­րա­վի­ճա­կին, այդ կա­ցու­թեան մէջ գտնուող հայ­կա­կան հա­մայն­քի ներ­կայ կա­րիք­նե­րուն մա­սին, մտքեր փո­խա­նա­կե­լու հա­մար Հա­յաս­տա­նի մէջ հաս­տա­տուած ու ներ­գաղ­թած սու­րիա­հա­յոց ա­ջակ­ցու­թեան ծրագ­րե­րուն շուրջ։

«Դժբախ­տա­բար, ար­դէն եր­կար ժա­մա­նա­կէ ի վեր Սու­րիան ու յատ­կա­պէս Հա­լէ­պը դուրս չեն գար մի­ջազ­գա­յին լրա­հո­սէն՝ այն­տեղ տե­ղի ու­նե­ցող ող­բեր­գա­կան ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րուն պատ­ճա­ռով։ Մե­զի հա­մար նկա­տի ու­նիմ հա­յերս, Սու­րիան, Հա­լէ­պը սոսկ ծա­նօթ ա­նուն­ներ չեն, ինչ­պէս շատ-շա­տե­րու հա­մար, այլ եր­կիր, բնա­կա­վայր, ուր կ՚ապ­րին մեր հայ­րե­նա­կից­նե­րը։ Եւ այս իսկ պատ­ճա­ռով է, որ մին­չեւ այ­սօր Հա­լէ­պի մէջ կը գոր­ծէ մեր ա­ւագ հիւ­պա­տո­սու­թիւ­նը, այն պա­րա­գա­յին, երբ բո­լոր եր­կիր­նե­րու դի­ւա­նա­գի­տա­կան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը վա­ղուց լքած են Հա­լէ­պը։ Միան­շա­նակ կրնամ ը­սել, որ մեր մօ­տե­ցու­մը ե­ղած է եւ այ­սօր ալ կը մնայ հե­տե­ւեա­լը՝ իւ­րա­քան­չիւր սու­րիա­հայ ի­րա­ւունք ու­նի Հա­յաս­տան գա­լու, ա­ւե­լին, ե­թէ ան այ­նուա­մե­նայ­նիւ Սու­րիան կը լքէ, ցան­կա­լի է, որ գայ Հա­յաս­տան։ Մենք պատ­րաստ ենք հնա­րա­ւո­րը ը­նել, որ­պէս­զի գո­նէ նուա­զա­գոյն պայ­ման­ներ ստեղ­ծենք եւ ժա­մա­նա­կի ըն­թաց­քին այդ մար­դիկ կա­րե­նան հա­մա­րուիլ մեր հա­սա­րա­կու­թեան եւ ար­դէն ի­րենք կա­րե­նան լու­ծել ի­րենց խնդիր­նե­րը», ը­սաւ Նա­խա­գահ Սարգ­սեան։

Բե­րիոյ Թե­մի Ա­ռաջ­նորդ Տ. Շա­հան Արք. Սարգ­ի­սեան եւ հան­դիպ­ման միւս մաս­նա­կից­նե­րը հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գա­հին հետ բաժ­նե­ցին Սու­րիոյ մէջ շա­րու­նա­կուող պա­տե­րազ­մա­կան ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րուն պատ­ճա­ռով ստեղ­ծուած ի­րա­վի­ճա­կին վե­րա­բե­րեալ ի­րենց մտա­հո­գու­թիւն­նե­րը։ Սու­րիա­հայ հա­մայն­քին միաս­նա­կան ու­ժե­րով սա­տար կանգ­նե­լու ա­ռաջ­նա­հեր­թու­թիւն­նե­րուն վրայ կանգ առ­նե­լով ա­նոնք շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նե­ցին Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան, ինչ­պէս նաեւ հայ­կա­կան կա­ռոյց­նե­րուն կող­մէ սու­րիա­հա­յոց բո­լոր հնա­րա­ւոր մի­ջոց­նե­րով տա­րի­նե­րէ ի վեր հե­տե­ւո­ղա­կա­նօ­րէն ցու­ցա­բե­րուող սրտցաւ ու հո­գա­տար վե­րա­բեր­մուն­քին եւ ա­ջակ­ցու­թեան հա­մար։

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 29, 2016