«ԿԼՈՊԱԼ ՀԱՅԵՐԸ»
Երէկ, IDeA հիմնադրամի նախաձեռնութեամբ «Հայաստանի Հանրապետութիւն» եւ The New York Times օրաթերթերուն մէջ հրապարակուեցաւ բաց նամակ մը, որ կը կրէր «Կլոպալ հայերու ապագան այսօր է» վերնագիրը։ Այս բաց նամակը ստորագրած էին հայաշխարհի կարգ մը ծանօթ դէմքեր, որոնք համբաւ ձեռք բերած են զանազան բնագաւառներու մէջ։ Ստորագրադիրներն էին՝ Նուպար Աֆէեան (Միացեալ Նահանգներ), Ռուբէն Վարդանեան (Ռուսաստան), Գագիկ Ատիբէկեան (Լիւքսեմպուրկ), Անտրէ Անտոնեան (Ճաբոն), Աբէլ Աղամբէկեան (Ռուսաստան), Տէր Մեսրոպ Քհնյ. Արամեան (Հայաստան), Կարօ Արմէն (Միացեալ Նահանգներ), Շարլ Ազնաւուր (Զուիցերիա), Լորտ Արա Տարզի (Անգլիա), Եդուարդ Ճէրէճեան (Միացեալ Նահանգներ), Չարլզ Ղայիլեան (Միացեալ Նահանգներ), Սալփի Ղազարեան (Միացեալ Նահանգներ), Վարդան Գրիգորեան (Միացեալ Նահանգներ), Փիէռ Կիւրճեան (Պելժիա), Արթիւր Ճանիբէկեան (Ռուսաստան), Սամուէլ Կարապետեան (Ռուսաստան), Անտրէյ Մկրտչեան (Հայաստան), Միխայիլ Պօղոսեան (Ռուսաստան), Կրէկ Սարգսեան (Գանատա), Սեմ Սիմոնեան (Միացեալ Նահանգներ), Սերժ Չիւրիւք (Ֆրանսա), Պատուելի Տիգրան Թեւրիզեան (Միացեալ Նահանգներ) եւ Ռալֆ Եիրիկեան (Հայաստան)։
«Կլոպալ հայերու ապագան այսօր է» խորագրեալ բաց նամակը կը մատնանշէ պատմական հնարաւորութիւն մը՝ հայերու միաւորման եւ Հայաստանի ապագան միասնաբար կերտելու համար։ Նամակին մէջ մատնանշուած է, որ այս շաբաթ աշխարհի խոշորագոյն հայկական կազմակերպութիւնը՝ Հայկական բարեգործական ընդհանուր միու-թիւնը (ՀԲԸՄ) Նիւ Եորքի մէջ կը տօնէ իր 110-ամեակը։ Այս հանգրուանը բացառիկ հնարաւորութիւն մըն է Հայաստանի ապագան վերաձեւելու համար եւ մտածելու, թէ իւրաքանչիւրը ինչպէս կրնայ մասնակցիլ վաղուան առաւել հզօր Հայաստանի կերտման։
Հայաստանի եւ Սփիւռքի առջեւ ծառացած մարտահրաւէրներուն դիմակայելու համար հիմնուած ՀԲԸՄ տարիներու ընթացքին խթանած է ընկերատնտեսական նախաձեռնութիւնները եւ աշխարհով մէկ հոգացած՝ կրթական, մշակութային եւ մարդասիրական կարիքները։ Բաց նամակին ստորագրադիրները այս առթիւ ՀԲԸՄ-ը շնորհաւորած են՝ Սփիւռքի համայնքներէն ներս հայկական ինքնութեան պահպանման գործին մէջ անգնահատելի դերակատարութեան կապակցութեամբ։ Նախնիները հողէն բռնի տեղահանուած աշխարհասփիւռ հայերը մեծ աւանդ ունեցած են իրենց ապաստան տուած երկիրներու զարգացման գործին մէջ։ Բաց նամակի հեղինակները աւելի վերջ նշած են հետեւեալը.
«Մենք վաղուց սորված ենք համարկիլ մեզի հիւրընկալած երկիրներուն մէջ եւ հաւատարիմ քաղաքացիներ ըլլալ՝ Հայ Եկեղեցւոյ եւ քրիստոնեայ մեր հաւատքի միջոցաւ պահպանելով պատմական ինքնութիւնը եւ լեզուն։ Մենք կ՚ողջունենք բոլոր հայորդիներու եւ կազմակերպութիւններու՝ Հայ Աւետարանչական ընկերակցութեան, Հայ օգնութեան միութեան, «Կիւլպէնկեան» հիմնարկի եւ միւսներու երկարաժամկէտ նուիրատուութիւնները, որոնք նպաստած են Սփիւռքի պահպանման բարեգործական ծրագրերու միջոցաւ։ Ի թիւս այլոց, մենք կը ճանչնանք անկախութենէն ի վեր Հայաստանի զարգացման գործին մէջ հսկայական աւանդ ունեցած բարերարներու Քըրք Քըրքորեանի եւ Լուիզ Սիմոն-Մանուկեանի անունները։ 1990-ականներու սկիզբին այս յառաջամարտիկներու ջանքերը հնարաւորութիւն տուին ստեղծելու հաստատութիւններ եւ ենթակառուցուածքներ, որոնք ունին կենսական նշանակութիւն։ Նախկին Խորհրդային Միութենէն անկախանալէ քառորդ դար անց Հայաստանի երիտասարդ Հանրապետութիւնը տակաւին խոցելի է, ինչպէս եւ հայկական ինքնութիւնը աշխարհի մէջ։ Այժմ մենք պատմական խաչմերուկի վրայ ենք եւ սթափ գնահատելով առկայ մարտահրաւէրները, մեր առջեւ նաեւ աննախադէպ հնարաւորութիւն կը տեսնենք։
«Սա հայկական աշխարհը բարգաւաճման մղելու, յետխորհրդային պետութիւնը կլոպալ ազգի մը համար զարգացող, ժամանակակից, անվտանգ, խաղաղ եւ յառաջադէմ հայրենիք դարձնելու հնարաւորութիւնն է։ Հայաստանի երկարաժամկէտ ընկերատնտեսական զարգացման հնարաւորութիւնն է՝ ոչ միայն յանուն մեր քաղաքացիներու, այլեւ երախաներու ու մեր ժողովուրդի ապագային։ Յառաջ շարժուելով՝ ամբողջ աշխարհի հայութիւնը առաւել յանձնառու պէտք է ըլլայ՝ ընկերային ազդեցութեան թէ առեւտրային ներդրումներու, նորառարութիւններու, փորձառութեան աշխոյժ ներգրաւման միջոցաւ։ Երկարաժամկէտ հեռանկարով պէտք է ձգտինք առնուազն համապատասխանեցնել Հայաստանը համաշխարհային այնպիսի չափանիշներու, որոնք կը գործեն մեզմէ շատերը հիւրընկալած երկիրներուն մէջ։ Բացի անհատական ջանքերէ, մենք կը փափաքինք բոլոր հայորդիներու եւ հայկական կազմակերպութիւններու միջեւ համագործակցութեան եւ համախմբման աննախադէպ ոգի ստեղծել։ Կոչ կ՚ուղղենք հայերուն՝ ազգի ընկերային, տնտեսական, մշակութային եւ փորձագիտական ուժը վերականգնելու ուղղութեամբ իրականացնել երկարաժամկէտ ներդրումներ, Հայաստանը ունենալով առանցքին։ Միեւնոյն ժամանակ, մենք Հայաստանի կառավարութեան կոչ կ՚ուղղենք՝ զարգացման նոր, համատեղ ջանքերու վրայ հիմնուած ռազմավարութիւններ հաստատելու միջոցաւ այս պատգամին արձագանգելու։
«Յանուն Հայաստանի յառաջխաղացման աշխատող անհատները, ինչպէս նաեւ հասարակական եւ մասնաւոր կազմակերպութիւնները հայ ժողովուրդի ապագան աւելի լաւ դարձնելու համար պէտք է համախմբուին, միաւորեն իրենց միջոցները եւ համագործակցին։ Մենք վստահ ենք, որ յաջողութեան հասնելու համար կարելի չէ մեկուսացած՝ որպէս Հայաստան եւ Սփիւռք գործել։ Մենք պէտք է համախմբուինք եւ միասնական ուժ դառնանք։ Մենք այս քայլը կը նախաձեռնենք Հայաստանը միասնաբար յառաջ մղելու երկարաժամկէտ յանձնառութեամբ եւ կ՚ողջունենք բոլոր անոնք, որոնք կը միանան մեզի։
«Մենք միասին «Կլոպալ հայեր»ն ենք։ Եկած է ժամանակը, որպէսզի կլոպալ հայերը հանդէս գան համարձակ նախաձեռնութեամբ»։