ՄԻՆՍՔԻ ՄԷՋ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ
Հայաստանի Վարչապետ Կարէն Կարապետեան Մինսքի մէջ առանձնազրոյց մը ունեցաւ Ռուսաստանի Վարչապետ Տիմիթրի Մետվետեւի հետ։ Հարկ է նշել, որ երկու վարչապետները այնտեղ մասնակցեցան Եւրոասիոյ տնտեսական միութեան (ԵՏՄ) անդամ պետութիւններու վարչապետներու հաւաքին։ Եւրոասիոյ միջկառավարական խորհուրդի հերթական նիստը առիթ հանդիսացաւ նաեւ Կարէն Կարապետեանի եւ Տիմիթրի Մետվետեւի առանձնազրոյցին։
Երեւանի պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, հանդիպման ընթացքին Կարէն Կարապետեան եւ Տիմիթրի Մետվետեւ ընդգծեցին, որ Հայաստան եւ Ռուսաստան իրարու կապուած են նախ եւ առաջ դաշնակցային-ռազմավարական յարաբերութիւններով։ Վարչապետները կարեւորեցին այն քայլերը, որոնք կ՚առնուին երկկողմանի առեւտրատնտեսական յարաբերութիւններու առաւել խորացման ուղղութեամբ։ Կարէն Կարապետեան եւ Տիմիթրի Մետվետեւ համոզուած են նաեւ, որ Եւրոասիոյ տնտեսական միութենէն ներս Հայաստանի եւ Ռուսաստանի ներգրաւուածութիւնը կ՚ուրուագծէ նոր հնարաւորութիւններ եւ հեռանկարներ։