«ԽԱՉ»ԻՆ ՆՇԱՆԱԿՈՒԹԻՒՆԸ
Քրիստոնեան կը սկսի իր օրը՝ իր աղօթքները եւ իր գործերը Խաչին նշանով՝ «յանուն Հօր եւ Որդւոյ եւ Հոգւոյն Սրբոյ. Ամէն» խաչակնքուելով։
Արդարեւ ինքզինք խաչակնքել՝ կեանքի մը սկսելու առաջին քա՛յլն է, «նոր»ը ցոյց տուող նշան մը՝ որուն ապաւինելով կը նետուի այդ «առաջին քայլ»ը։ Այս կերպով, քրիստոնեան իր օրը կը նուիրէ Աստուծոյ փառքին եւ կը դիմէ Փրկչին շնորհքին՝ որ իրեն կարելիութիւնը եւ կարողութիւնը կու տայ գործելու Ս. Հոգիով իբրեւ Հօր որդին։ Ուստի խաչին նշանը կը զօրացնէ մարդս՝ դժուարութիւններու, նեղութիւններու եւ փորձութիւններու մէջ, եւ կը քաջալերէ։
Խաչանիշը՝ Քրիստոսի կնիքը կը դրոշմէ քրիստոնեայի վրայ, որ Իրե՛ն պիտի պատկանի։ Ան նաեւ կը նշանակէ փրկութեան այն շնորհքը, զոր Քրիստոս մարդուս համար ձեռք ձգեց Իր Խաչով։
Եկեղեցին հաստատած է «խորհրդակերպեր», որոնք սրբազան նշաններ են, եւ սուրբ խորհուրդներուն հետ որոշ նշանակութեամբ, յատկապէս «հոգեւոր արդիւնք»ներու նշան են եւ Եկեղեցւոյ աղօթքով զանոնք ձեռք կը ձգեն։
Այս խորհրդակերպերով մարդիկ տրամադիր կը դառնան ընդունելու սուրբ խորհուրդներուն գլխաւոր արդիւնքը։ Անոնցմով կեանքի զանազան պարագաները կը սրբացուին։
Խորհրդակերպերը Եկեղեցւոյ կողմէ հաստատուած են սրբացնելու համար Եկեղեցւոյ կարգ մը պաշտօնատարութիւնները, կեանքի որոշ վիճակները, քրիստոնեայ կեանքին այլազան պարագաները, ինչպէս նաեւ մարդոց օգտակար եղող կարգ մը իրերու գործածութիւնը։
Այս խորհրդակերպերը կը բաղկանան աղօթքէ մը, որուն յաճախ կ՚ընկերանայ որոշ «նշան» մը, ինչպէս՝ ձեռադրումը, Խաչի նշանը, խաչակնքումը եւ օրհնեալ ջուրով սրսկումը։
Խորհրդակերպերը Սուրբ Հոգիին շնորհքը չեն տար, ինչպէս որ կու տան զայն սուրբ խորհուրդները, բայց Եկեղեցւոյ աղօթքով՝ անոնք մարդիկը կը նախապատրաստեն շնորհքը ընդունելու եւ անոր հետ գործակցելու։
Այս կերպով՝ լաւ տրամադրուած հաւատացեալներու մօտ, կեանքի գրեթէ բոլոր դէպքերը կը սրբանան աստուածային այն շնորհքով, որ կը բխի Քրիստոսի չարչարանքի, խաչելութեան, մահուան եւ Յարութեան զատկական խորհուրդէն, քանի որ Անկէ է որ բոլոր սուրբ խորհուրդները եւ խորհրդակերպերը կ՚առնեն իրենց զօրութիւնը։ Ուստի չկա՛յ գրեթէ ոչ մէկ նիւթական առարկայի պատուաւոր ու շնորհալի գործածութիւն, որ չկարենայ ուղղուիլ դէպի այս նպատակը՝ որ է՝ սրբացումը մարդուն եւ գովաբանութիւնն ու փառաբանութիւնը Աստուծոյ։
Խորհրդակերպերը՝ նախ եւ առաջ օրհնութիւններ են. զոր օրինակ, անձերու, սեղանի, առարկաներու եւ վայրերու։ Ամէն օրհնութիւն Աստուծոյ փառաբանութիւնն է ե՛ւ աղօթքը՝ ընդունելու Անոր պարգեւները։ Քրիստոսի մէջ քրիստոնեաները օրհնուած են Աստուծմէ «ամէն տեսակ հոգեւոր օրհնութիւններով», ինչպէս կ՚ըսէ Առաքեալը. (ԵՓՍ. Ա 3)։ Այս պատճառով իսկ Եկեղեցին իր օրհնութիւնը կու տայ կոչելով Յիսուսի անունը եւ սովորաբար խաչակնքելով Քրիստոսի սուրբ Խաչանի՛շը։
Ուրեմն ի՞նչ կը նշանակէ Խաչի չորս թեւը։
Առաջին՝ չորս «բարութիւն»ները՝ երկինքի արքայութիւնը, դժոխքի աւերումը, շնորհներու բաշխումը եւ մեղքերու թողութիւնը։ Այսպէս, «Խաչ»ը կը ներկայացնէ եւ կը խորհրդանշէ «բարի»ն եւ «բարութիւն»ը ամբողջութեամբ։
Երկրորդ՝ կը նշանակէ չորս «ԱՌԱՔԻՆՈՒԹԻՒՆ»ները. սէրը, խոնարհութիւնը, հնազանդութիւնը եւ համբերութիւնը։
Երրորդ՝ կը նշանակէ մարդուս դրախտէն զրկուիլը, այսինքն՝ աջէն ձախ դառնալը։
Չորրորդ՝ չորս խորհուրդները. միշտ վերին մասին խորհիլ, կեանքի վախճանը, փառքը եւ վերջապէս պատիժը՝ դատաստանի ժամանակ։
Երբ խաչի մասին կը խօսինք, յիշենք նաեւ «Խաչին գիւտ»ի յիշատակութիւնը։ Այս մասին Մաղաքիա Արքեպիսկոպոս Օրմանեան սապէս կ՚ըսէ.
«Գիւտ Խաչը, Խաչափայտին գտնուելուն յիշատակութիւնն է։ Օրէնք էր որ մահապարտները եւ մանաւանդ Խաչեալներու մարմինն ալ, տանջարանն ալ իրենց տեղը մնային։
«Քրիստոսի մարմինը Պիղատոսի հրամանաւ թաղում ունեցաւ, բայց Խաչը մնաց Գողգոթայի վրայ միւս խաչերուն հետ եւ հոն թաղուած մնաց, երբ քրիստոնէութեան նախատինք ընելու համար Գողգոթան իբր աւելորդաց աղբիւս գործածուեցաւ։
«Այսպէս շարունակեց երեք հարիւր տարի։
«Կոստանդիանոսի դարձէն ետքը, իր մայրը Հեղինէ Երուսաղէմ այցելեց՝ Սուրբ տեղերը պատուելու եւ Քրիստոսի խաչն ալ գտնելու նպատակաւ։ Յուդա անունով բանգէտ հրեայ մը Գողգոթային տեղը ճշդելու օգնեց, եւ պեղումներ սկսան եւ 20 թիզ խորութեան ներքեւ երեք խաչեր քովէքով գտնուեցան, բայց անհնար եղաւ Քրիստոսի Խաչը միւս երկու աւազակներու խաչերէն զատել։ Նոյն ժամուն մեռած պատանիի մը դիակը հետզհետէ խաչերուն վրայ դրին հրաշքի սպասելով, եւ երրորդին վրայ պատանիին յարութիւն առնելովը՝ Քրիստոսի բո՛ւն Խաչը ճանչցուեցաւ։ Յուդա հրեան ալ քրիստոնէութիւն ընդունեցաւ, որ յետոյ Կիւրեղ եպիսկոպոսը եղաւ եւ իր մօր Աննայի հետ նահատակուեցաւ։
«Խաչափայտը Հեղինէի ձեռքով Երուսաղէմի մեծ տաճարին մէջ զետեղուեցաւ եւ չորս հարիւր տարի շարունակ հոն մնաց։
«Խաչին գիւտը տեղի ունեցաւ 327 թուականին։
«Գիւտ Խաչը Հայ Եկեղեցին կը տօնէ Խաչի Է. կիրակին՝ որ 7 օրերու շարժականութեամբ Հոկտեմբեր 23-էն 29-ի կրնայ հանդիպիլ»։
Գիւտ Խաչի յիշատակութիւնը այս տարի կատարուեցաւ 23 Հոկտեմբերին…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Հոկտեմբեր 27, 2016, Իսթանպուլ