ՍԵՆ Թ՚ԱՆԹՈՒԱՆԻ ՄԷՋ ՄԻՋԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆ

Սեն թ՚Ան­թուան լա­տին կա­թո­ղի­կէ ե­կե­ղեց­ւոյ յա­րա­կից սրա­հին մէջ, Հոկ­տեմ­բե­րի 27-ին, ժա­մը 19.00-ին, տե­ղի ու­նե­ցաւ միջկ­րօ­նա­կան հա­ւա­քոյթ եւ ա­ղօթ­քի ե­րե­կոյթ՝ «Խա­ղա­ղու­թեան ծա­րաւ» բնա­բա­նով։ Լա­տին Կա­թո­ղի­կէ ե­կե­ղեց­ւոյ Պոլ­սոյ վի­ճա­կա­ւոր Ռու­բէն Կոն­զա­լէ­զի հիւ­րըն­կա­լու­թեամբ կա­տարուած հան­դի­սու­թեան ներ­կայ էին Ա­սո­րի Ուղ­ղա­փառ Պատ­րիար­քա­կան Փո­խա­նորդ Ֆի­լիք­սի­նոս Եու­սուֆ Չե­թին, Հրէից րա­բու­նա­պետ Իս­հաք Հա­լե­ւա, Մեւ­լա­նա կրթու­թեան եւ մշա­կոյ­թի միու­թեան (ՄԵՔ­ՏԵՐ) ա­տե­նա­պետ Հա­յաթ Նուր Ար­թը­րան, ինչ­պէս նաեւ քոյր ե­կե­ղե­ցի­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ։ Սոյն հան­դի­սու­թեան յա­նուն Պատ­րիար­քա­կան Ա­թո­ռոյ մաս­նակ­ցե­ցաւ Տ. Յա­րու­թիւն Ա­բե­ղայ Տա­մա­տեան։

Հան­դի­սու­թեան խօս­նա­կի պար­տա­կա­նու­թիւ­նը ստանձ­նեց Ս. Գրոց ըն­կե­րու­թեան տնօ­րէն Թա­մար Քա­րա­սու։ Ներ­կայ հո­գե­ւո­րա­կան­ներ կար­գաւ բեմ բարձ­րա­ցան եւ ի­րենց սրտի խօս­քե­րով հան­դէս ե­կան ու ա­ղօ­թե­ցին վասն խա­ղա­ղու­թեան հաս­տատ­ման։ Իր կար­գին, Տ. Յա­րու­թիւն Ա­բե­ղայ Տա­մա­տեան խօսքը առ­նե­լով անդ­րա­դար­ձաւ Աս­սի­սի քա­ղա­քին մէջ ա­ռա­ջին ան­գամ ե­րե­սուն տա­րի ա­ռաջ կա­տա­րուած հան­դի­սու­թեան։ Նման հան­դի­սու­թիւ­ն մը կրկնուած էր տա­կա­ւին ա­միս մը ա­ռաջ՝ Կա­թո­ղի­կէ եւ Ուղ­ղա­փառ ե­կե­ղե­ցի­նե­րու, ինչ­պէս զա­նա­զան կրօն­նե­րու պատ­կա­նող գոր­ծիչ­նե­րու օ­րի­նա­կե­լի գոր­ծակ­ցու­թեամբ։ Ան յայտ­նեց թէ, միջկ­րօ­նա­կան գետ­նի վրայ ա­մե­նա­բարձր մա­կար­դա­կով նման հան­դի­սու­թեանց կազ­մա­կեր­պու­մը խա­ղա­ղու­թեան նկատ­մամբ աշ­խար­հի ու­նե­ցած ծա­րա­ւին ա­պա­ցոյցն էր։ Այս առ­թիւ ան մաղ­թեց, որ ընդ­հան­րա­պէս աշ­խար­հի, եւ ի մաս­նա­ւո­րի Մի­ջին Ա­րե­ւել­քի մէջ տի­րէ խա­ղա­ղու­թեան մթնո­լորտ։

Հան­դի­սու­թեանց ըն­թաց­քին ե­կե­ղեց­ւոյ երգ­չա­խում­բը եր­գեց հո­գե­ւոր եր­գեր։ Նաեւ իւ­րա­քան­չիւր ներ­կա­յա­ցու­ցիչ որ­պէս խորհր­դա­նի­շը խա­ղա­ղու­թեան մո­մա­վա­ռու­թեամբ միա­ցաւ բա­րե­մաղ­թանք­նե­րու­ն։

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 29, 2016