Ի ՎԵՐՋՈՅ ՅՍՏԱԿՈՒԹԻՒՆ
Պատրիարքական Աթոռի Եկեղեցականաց համագումար ժողովին ընդունած վերջին որոշման արձագանգները կը շարունակուին։ Արդարեւ, Թուրքիոյ հայոց 84-րդ պատրիարքը՝ Տ. Մեսրոպ Արք. Մութաֆեան կոչուեցաւ հանգստեան ու գահը պաշտօնապէս հռչակուեցաւ թափուր։ Նորին Ամենապատուութեան անբուժելի հիւանդութեամբ պայմանաւորուած աւելի քան ութ տարուան գործընթացի ներկայ փուլին՝ առաջին անգամ ընտրութեան հեռանկարը, նո՛ր պատրիարք մը ընտրելու հորիզոնը այսքան յստակօրէն ուրուագծուեցաւ մեր համայնքին առջեւ։ Թրքահայութեան օրակարգը յեղաշրջուած է, նաեւ համայն հայութեան ուշադրութիւնն ալ որոշ չափով թեքուած՝ անոր վրայ։ Յայտնի է, որ այս պատմական իրադարձութիւնը պիտի շարունակէ երկար ժամանակ լրջօրէն զբաղեցնել օրակարգը։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր ողբերգական հիւանդութեամբ պայմանաւորուած այս գործընթացին մէջ իւրաքանչիւր փուլ ուղղորդուած է բազում հարցականներով։ Այս անգամ ալ նոյնն է պարագան։ Հասարակութեան մտքին մէջ ծագած են բազմաթիւ հարցականներ։ Մեր համայնքը, ակնյայտ է, որ թէեւ երկար ժամանակ կորսնցուցած է, նոյնիսկ մսխած՝ այս խնդրի լուծման համար։ Յամենայնդէպս, ըստ երեւոյթին, գտնուած է բարւոք լուծում մը սկզբունքօրէն՝ եթէ անշուշտ գործադրութիւնն ալ ըլլայ համահունչ։
Այս բոլորին շուրջ շաբաթավերջին ծաւալուն հարցազրոյց մը ունեցանք Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանի հետ, որ վերջին զարգացումներու կիզակէտին կանգնած դէմքերէն մին է։ Ան եղած է առանցքային դերակատար մը ու մեր տեսակցութեան ընթացքին հանգամանօրէն վերլուծեց վերջին շուրջ ութ տարիները, երբ թրքահայութեան կեանքը բնականոն հունէ դուրս եկաւ Նորին Ամենապատուութեան անդարմանելի անհանգստութեան հետեւանքով։ Այս շրջանը որքան հրատապ է իր ստեղծած օրհասական, արդի կարիքներուն բերումով, այնքան ալ ուսանելի պատմութեան առջեւ՝ աննախընթաց բնոյթով։ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան մեր հարցումներուն տուաւ սպառիչ պատասխաններ, մանրամասն երանգաւորումներով՝ այդ հաւասարակշռութեան ծիրին մէջ ամփոփելով ամէն ինչ, ամենաբարդ երեսակներով վերլուծելով մաշեցուցիչ գործընթացը։ Համոզուած ենք, որ իր մօտեցումները ուղեցոյց կրնան ըլլալ յառաջիկայ հաւանական իրադարձութիւններուն տեսակէտէ եւս։
Ստորեւ կը ներկայացնենք մեր այս բովանդակալից զրոյցին սղագրութիւնը։
*
-Սրբազան Հայր, Եկեղեցականաց համագումարի պատրիարքական ընտրութեան ձեռնարկելու վերաբերեալ որոշումը ներկայիս արդէն կը բնորոշէ մեր համայքին օրակարգը։ Արդեօք ինչպէ՞ս գոյացաւ այս պատմական որոշման ենթագետինը։
-Հիմնական քանի մը գործօններու ազդեցութեամբ հասունցաւ այս պահը։ Առաջին հերթին կըր-նանք թուարկել հիմնական քանի մը ազդակներ։
1- Արդէն տակաւին 2008 թուականի Մայիսին Ն.Ա.Տ. Մեսրոպ Սրբազան Պատրիարք Հօր ստորագրելու իրաւունքը ձեռքէն առնուած էր՝ բժշկական տեղեկագրով։ Ան այսպէսով մատնուած էր անգործութեան, այսինքն գործնականօրէն կոչուած՝ հանգստեան։
2- Մեր երկրի դատական մարմինները ձեւով մը վերահաստատեցին այդ պարագան՝ Պատրիարք Հօր համար խնամատարի մը նշանակումով։
3- Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին ըտնրութեան կարիքը շեշտած է իր ամբողջին մէջ՝ զանազան մակարդակներու վրայ, գրաւոր կամ բանաւոր։ Մեզի ծանօթ են ազգիս Վեհափառ Հայրապետին՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին յորդորները՝ որպէս գլուխը, ընդհանրական պետը մեր Սուրբ Եկեղեցւոյ ու տակաւին Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդին, Եպիսկոպոսաց ժողովին եւ այլն մօտեցումները։
4- Մեր համայնքի գրեթէ բոլոր խաւերը պահանջած են նոր պատրիարքի մը ընտրութիւնը։
5- Նորին Ամենապատուութիւնը արդէն շուրջ ութ տարիէ ի վեր անվերադարձօրէն կորսնցուցած է իր գիտակցութիւնը, մինչ ըստ եկեղեցական կանոններուն եւ աւանդութիւններուն եօթ տարին բաւարար է ուխտի մը լուծարման համար։
6- Ցարդ կատարուած երկու դիմումներն ալ կու գան վերահաստատել, որ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը այլեւս տէրն ու տիրականը չէ իր աթոռին։
Ըստ էութեան, այս հիմնական գործօնները դեր խաղացին ու որոշիչ եղան Եկեղեցականաց համագումարի որոշման տեսակէտէ։ Պէտք է ըսել, որ ընտրութեան համար ակնկալութիւնները շատ բարձրացած էին։ Պատրիարքարանին առջեւ նոյնիսկ սեւ ծաղկեպսակ թողելու հասաւ գործը։ Անընդունելի, աններելի էր այդ քայլը։ Ի՞նչ մեղք ունէին մեր համայնքի այն զաւակները, որոնք համբերութեամբ ու զոհողութեամբ կը սպասէին, հնազանդութիւն կը ցուցաբերէին մեր Սուրբ Աթոռին նկատմամբ։ Վրայ հասաւ ամառը, լարուածութիւնը նուազեցաւ, արձակուրդի տրամադրութիւններ գերակայեցին։ Հասկնալի էր, սակայն, որ ամէն պահ ճնշումները կրնային դարձեալ սաստկանալ։ Մարդիկ մեզի միշտ կը հարցնէին այս մասին։ Որպէս Կրօնական ժողովի ատենապետ՝ կը կասկածէի, որ կրնանք դիմադրել այդ ճնշումներուն, որովհետեւ Պատրիարքարանի դիրքորոշման մէջ յառաջացած էին հակասութիւններ։
Մէկ կողմէ կ՚ըսէինք, որ մեր պատրիարքը ընտրուած է ցկեանս, իսկ միւս կողմէ կ՚ուզէինք ընտրութեան երթալ։ Պետութեան մօտ կատարուած առաջին երկու դիմումներու պարագային ալ ի զօրու էր այս հակասութիւնը։ Յիշենք, որ երկրորդ դիմումը նոյնիսկ մնաց անպատասխան։
Ուստի, գրաւոր հիմնաւորումներով նամակ մը յանձնեցի Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանին։ Բացատրեցի, որ Աթոռը թափուր է, պաշտօնապէս այդպէս պէտք է հռչակուի եւ պարտաւոր ենք այդպէս դիմել պետութեան, ներկայացնելով նաեւ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր համար պատրաստուած բժշկական տեղեկագրերը։ Արամ Սրբազանն ալ, անշուշտ, համոզուեցաւ՝ որովհետեւ արդէն ինքն է, որ կը կրէ մեծագոյն պատասխանատուութիւնը։ Իրեն բացատրեցի, որ այս բանը պէտք է ընենք ու պէտք է լուանք մեր ձեռքերը։ Հիմա գնդակը արդէն պետութեան դաշտին մէջ է։ Եթէ արտօնութիւն ունենանք, ապա կը ձեռնարկենք ընտրութեան։ Եթէ չունենանք, ինչպէս որ է պարագան թաղային խորհուրդներու համար՝ ապա մենք կրնանք համոզիչ պատճառաբանութիւն մը ցոյց տալ՝ մեզի վիճակած գործը լիարժէք կատարած ըլլալով։ Միջանկեալ լուծումներ փնտռելու շրջանը փակուած է այլեւս անշրջադարձելիօրէն։ Մենք պիտի ընտրենք ուղղակիօրէն մեր նոր՝ 85-րդ պատրիարքը։ Եւ ահա՛, արդէն ըրած ենք մեզմէ կախեալ ամէն ինչ։
-Թէ՛ Կրօնական ժողովը եւ թէ Եկեղեցականաց համագումարը այս բախտորոշ փուլին որոշումներ առին միաձայնութեամբ։ Մեր հոգեւոր հայրերը առաջնորդուեցան բարձր պատասխանատուութեան գիտակցութեամբ։ Ի՞նչ մանրամասնութիւններ հաշուի առնուեցան այս գործընթացին մէջ։
-Կրօնական ժողովը եւ Եկեղեցականաց համագումարը աշխատեցան շատ արդիւնաւէտութեամբ։ Նախ ըսեմ՝ որ զգացական պահերն ալ եղան շատ։ Չմոռնանք, որ մեր ներկայ հոգեւորականաց դասու անդամներուն մեծամասնութիւնը եղած է Մեսրոպ Պատրիարքին աշակերտը կամ ձեռնասունը։ Ոմանք նոյնիսկ արտասուեցին։ Բայց եւ այնպէս, բոլորն ալ ի վերջոյ կը զգային, որ պարտաւորութիւններ ունին Պատրիարքական Աթոռին անսասանութեան համար։ Ուստի, զգացականութիւնը մէկ կողմ թողլով, միասնական կամքով առին պատշաճ քայլը։
Նայեցէ՛ք, այսօրուան իրավիճակին մէջ անուշադրութեան պէտք չէ մատնենք կարգ մը հանգամանքներ։ Թէ ի՞նչ ըրաւ Եկեղեցականաց համագումարը՝ պէտք է հասկնալ խորաթափանց։ Մե՛նք չէ, որ հանգստեան կոչեցինք պատրիարքը։ Նա՛խ, 2008-ին ստորագրելու իրաւունքէն զրկուելով, ապա անցեալ տարի ալ խնամատարի նշանակումով՝ ան արդէն յաչս պետութեան հանգստեան կոչուած էր։ Եկեղեցականաց համագումար ժողովը լիազօրութիւն չէ զգացած իր վրայ՝ պատրիարքը հանգստեան կոչելու։ Պատրիարքը արդէն հան-գըստեան կոչուած էր ու մենք պարզապէս հաստատեցինք այդ հանգամանքը։
Պատրիարքը ի վերջոյ եկեղեցական մըն է։ Հետեւաբար, եկեղեցական առումով ալ պատճառաբանութիւն մը պէտք է ունենալ՝ իր հանգստեան կոչուելու հանգամանքը վերահաստատելու համար։ Ահա՛ այս առումով հաշուի առնուած է եօթ տարի եւ աւելի ժամանակէ ի վեր իր բացակայութիւնը։ Եօթ տարին բաւարար է ուխտ մը լուծելու համար՝ եկեղեցական գետնի վրայ։ Ամենապարզ օրինակը ամուսնութիւններն են։ Հասկնանք, որ եկեղեցական աւանդութիւններուն ու կանոններուն մէջ ալ կը հետապնդուի կեանքի իրականութիւնները բանեցնելու նպատակը։ Պատրիարքի մը գահակալութիւնը կը սկսի՝ ասան ձեռքը կատարած երդումով։ Մեսրոպ Պատրիարք աւելի քան եօթ տարիէ ի վեր, արդէն ութ տարիէ ի վեր, չի կրնար կատարել իր երդումը։ Ուստի, եկեղեցական օրէնքով ալ հարցը լուծուած կը համարուի։
Թէեւ իր իրաւասութիւններուն սահմանը գերազանցելով, բայց հիմա չեմ ուզեր այդ վէրքերը բորբոքել, 2008 թուականին Կրօնական ժողովը յայտարարած էր, որ պատրիարքը ցկեանս պատրիարք է։ Մենք ուշադրութիւն ըրինք՝ որպէսզի այդ առումով ալ հակասութիւն մը, թիւրիմացութիւն մը չծագի։ Արդարեւ, հանգստեան կոչուելու պարագան չի նշանակեր Մեսրոպ Պատրիարքը զրկել այդ տիտղոսէն կամ իր ձեռքէն բան մը առնել։ Մենք ունինք հանգստեան կոչուած բազում հոգեւորականներ, որոնց անունները պահուած են մեր պաշտօնական օրացոյցին մէջ։ Եկէ՛ք, քիչ մը եւս խորանանք. պատրիարքը նոյնիսկ վախճանելէ վերջ կը մնայ պատրիարք։ Հոգեհանգիստներուն մէջ մեր Աթոռի անցեալի բոլոր գահակալները կը վերյիշուին՝ որպէս պատրիարք։ Անձնապէս, կ՚առաջարկեմ նոյնիսկ նոր պատրիարքի ընտրութեան պարագային հանգստեան կոչուածին յիշուիլը, բայց այդ որոշումը տալը այլեւս պիտի վիճակի մեր նոր պատրիարքին։
Վերադառնալով բուն նիւթին՝ Եկեղեցականաց համագումար ժողովը որոշեց պետութեան ներկայացուելիք նոր նամակին կամ դիմումնագրին անպայման կցել նաեւ Նորին Ամենապատուութեան վերաբերեալ պատրաստուած պաշտօնական տեղեկագրերը, բժշկական եւ այլն։ Սա մինչեւ այսօր չէր եղած։ Կազմուեցաւ յանձնախումբ մը, որ պիտի խմբագրէ այդ դիմում-նամակը։ Կը կարծեմ՝ ամէն ինչ պատրաստ կ՚ըլլայ մինչեւ Արամ Սրբազանի Ամերիկայէն վերադառնալը։ Յանձնախումբը ունի չորս անդամներ, որոնցմէ մին ես եմ։ Միւսներն են՝ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան, Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան եւ Տ. Տրդատ Քհնյ. Ուզունեան։ Նամակը պիտի ստորագրուի Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդին եւ Կրօնական ժողովի ատենապետին կողմէ։ Այսինքն, յառաջիկայ օրերուն այդ դիմումը պիտի ներկայացնենք Արամ Սրբազանին հետ։
-Սրբազան Հայր, երբ որ Աթոռը պաշտօնապէս թափուր կը հռչակուի, ապա պէտք չէ՞ որ...
-Ո՛չ, ո՛չ, այդպէս չէ։ Կը հասկնամ, թէ ի՞նչ ըսել կ՚ուզեք եւ սա հասկնալի է եւ անխուսափելիօրէն կը բխի այս գործընթացի տրամաբանութենէն։ Եկեղեցականաց համագումար ժողովը հարմար չնկետեց ընտրել տեղապահ մը։ Եթէ յարմար նկատեր, վստամ եղեք, դարձեալ միաձայնոոթեամբ այդ պաշտօնին պիտի ընտրուէր Արամ Սրբազանը։ Բայց մենք չ՚ուզեցինք, որեւէ ռիսկ չ՚ունենալով հանդերձ Արամ Սրբազանն ալ չուզեց։ Մեր միասնական մօտեցումը եղաւ այն, որ երկարատեւ այս միջանկեալ շրջանին ձեւաւորուած բազում նախընթացներ կան եւ անցումային շրջանին նպատակայարմար կրնայ չըլլալ այդ բոլորը ենթարկել փոփոխութեան։ Այս ժամանակաշրջանը պիտի բոլորենք առանց «գետը անցնելու ժամանակ ձի փոխելու»։
Տեղապահի մը ընտրուիլը ի՞նչ կը նշանակէ։ Տեղապահը այն անձն է, որ կը գլխաւորէ նախընտրական գործընթացը. այնպէս չէ՞։ Հապա ի՞նչ է տարբերութիւնը ներկայ վիճակին։ Ոչինչ, որովհետեւ մենք ալ արդէն, ի վերջո՛յ, որոշած ենք երթալ ընտրութեան։ Սա մէկ... Երկրորդը՝ Արամ Սրբազան արդէն անգամ մը ընտրուեցաւ Եկեղեցական համագումարին կողմէ։ Ընտրուեցաւ ճի՛շդ այնպէս, ինչպէս կ՚ընտրուի տեղապահ մը։ Բայց այդպէս ընտրուելով հանդերձ, զգացական ազդեցութիւններու ալ բերումով, չառաւ տեղապահի տիտղոս ու կոչուեցաւ ընդհանուր փոխանորդ։ Այս պարագային տրամաբանութիւնը այն էր, որ թէ՛ Աթոռը թափուր պիտի չհռչակուէր պաշտօնապէս եւ թէ ժամանաւաւոր կառավարման դրութիւն մը պիտի գտնուէր։
Ուրիշ առանցքային մանրամասնութիւն մը։ Այսօր մեր Աթոռի օրինական միակ մարմինն է Կրօնական ժողովը, որ չի կրնար գումարուիլ առանց նախագահի, որ պատրիարքն է։ Եթէ չ՚ըլլայ պատրիարք, ապա տեղապահ մը պէտք է ունենալ՝ որպէսզի գումարուի Կրօնական ժողովը։ Այս պատճառով Արամ Սրբազանը ընտրեցին տեղապահի նման, սակայն կոչեցին որպէս՝ ընդհանուր փոխանորդ։ Այլապէս անմիջապէս ընտրութեան երթալու ստիպողութիւնը պիտի ըլլար։ Իսկ այդ մէկը չէին ուզէր, թէեւ առողջ եկեղեցիի մը պարագային դժուար է արդարացնել այս երեւոյթը։ Մարդիկ, խորքին մէջ, շատ լաւ կը հասկնային այս բոլոր ճշմարտութիւնները։ Եկուր-տե՛ս, որ տարբե՛ր բան մըն է՝ գիտնալ ճշմարտութիւնը եւ բոլորովին տարբեր բան՝ այդ ճշմարտութիւնը քաղաքականապէս գործադրելը։ Բարեբախտաբար, այս փակուղին հիմա յաղթահարուեցաւ։ Աւելորդ է ըսել, որ այսօր այլեւս Արամ Սրբազանն ալ կը գիտակցի, որ թէեւ ընդհանուր փոխանորդի տիտղոսով կը շարունակէ, սակայն անհրաժարելի եւ անվիճելիօրէն կը կրէ տեղապատի մը պատասխանատուութիւնները, որոնց գլխաւորն է ժամ առաջ, անցնցում ձեւով ընտրութեան երթալը։ Որոշումը արդէն կայ։
Յետոյ, բաց խօսինք, սկիզբին բոլորը կը կարծէին, որ այս խնդիրը այսքան երկար չի տեւեր։ Բոլորը կ՚ենթադրէին, որ Պատրիարք Սրբազանը կ՚ունենայ բնական վախճան մը կարճ ժամանակ անց եւ ամէն ինչ կը շարունակուի ըստ այդմ։ Այդպէս չեղաւ, սակայն, եւ եկանք այսօրուան վիճակին։ Ամփոփելով նշեմ, որ Եկեղեցականաց համագումարը յարմար չէ դատած որեւէ նոր վարչական կարգադրութեան երթալ։ Օրինապէս, պաշտօնապէս, Եկեղեցականաց համագումարի ժողովէն՝ այսինքն անցեալ Չորեքշաբթիէն ի վեր այլեւս վերջացած է մեր սիրելի Մեսրոպ Պետրիարքի գահակալութեան շրջանը։ Նորնիսկ յառաջիկային գումարուելիք Ազգային պատգամաւորական ժողովի օրակարգին վրայ պիտի չըլլան իր բժշկական տեղեկագրերը, եւ այլն։ Միայն մենք յանուն պատշաճութեան միշտ պիտի յիշենք ու մեր սրտերուն մէջ պիտի կրենք զինքը։
-Սրբազան Հայր, հաւանակա՞ն է, որ անպաշտօն գետնի վրայ պատկան մարմիններուն տրամադրութիւնը շօշափուած ըլլայ այս Եկեղեցականաց համագումարի սեմին։ Ի՞նչ ենթադրութիւններ ունիք պետութեան վերաբերմունքին շուրջ։ Ե՞րբ կրնայ հասնիլ ընտրութեան արտօնութիւնը։
-Պետական աւագանիէն զանազան դէմքերու հետ այս վերջին տարիներուն մեր ունեցած հանդիպումներուն ընթացքին ատեն-ատեն խօսք եղած է այս նիւթին շուրջ։ Մեզի բացատրուած է՝ որ պատրիարքի բժշկական տեղեկագրերու ներկայացումով դիմում մը կատարելու պարագային՝ կարելի կրնայ ըլլալ ապահովել թոյլտուութիւն մը։ Այսինքն այդպիսի տրամադրութիւն մը կար։ Տեսնենք, ինչ կ՚ըլլայ այս անգամ... Այսօր խորհրդարնին մէջ ունինք հայազգի երեք երեսփոխան։ Մենք կրնանք այս խնդրի լուծման համար աշխատիլ Մարգար Էսաեանին հետ, որ իշխանութեան գլուխ գտնուող կուսակցութեան շարքերուն կը պատկանի։ Այլապէս, մեր մօտ շատեր, դժբախտաբար, սովորութիւն ունին մեր բոլոր խնդիրները պետութեան առջեւ դնելու բարձրաձայն, նոյնիսկ ործէս մարտահրաւէր։ Մենք դրական մօտեցումով պէտք է յառաջ տանինք այս գործընթացը։
Կայ նաեւ ուրիշ նրբութիւն մը։ Մենք պետութենէն արտօնոոթիւն չենք խնդրեր պատրիարք ընտրելու համար։ Արդէն աշխարհավար պետութեան մը մէջ չի կրնար ըլլալ նման բան։ Մենք, ուրեմն, թոյլտուութիւն կը պահանջենք՝ այսպէս կոչուած, ընտրութեան գործընթացին համար։ Արտօնութիւն կ՚ուզենք, որպէսզի ընտրութիւններուն կարգ ու կանոնը ապահովուի, երաշխաւորուի։
-Սրբազան Հայր, այս կարեւոր որոշման առաջին խմորումները ակնյայտ է, որ եղած են Կրօնական ժողովին մօտ։ Ոմանք կը պնդեն, որ Կրօնական ժողովն ալ այսօր հարցականի տակ է՝ նշանակեալ անդամներու հարցին բերումով։ Երկրորդ՝ կը հետեւինք, որ Ձերդ Սրբազնութեան ատենապետ դառնալէն վերջ որոշ չափով աշխուժացած է ժողովին գործունէութիւնը, որոշ չափով բարձրացած է անոր վարկը։ Ի՞նչ կը մտածեք այս բոլորին շուրջ։
-Նա՛խ յիշեցնեմ, որ Կրօնական ժողովի ներկայ կազմին կորիզը կը հանդիսանան այն հայրերը, որոնք ընտրուած են Մեսրոպ Պետրիարքը գահ բարձրացուցած Ազգային պատգամաւորական ժողովին կողմէ։ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան, Տ. Միւռոն Ա. Քհնյ. Այվազեան, Տ. Անդրէաս Ա. Քհնյ. Յակոբեան, Տ. Տիրան Ա. Քհնյ. Ռէիսեան եւ ես Կրօնական ժողովի լիիրաւ անդամներն ենք։ Վեց հոգի։ Արամ Սրբազանի անդամութիւնը ինկած է՝ այդ ժողովին նախագահը դարձած ըլլալու բերումով։ Իսկ, Մեսրոպ Պատրիարքի գահակալութեան շրջանին, Եկեղեցականաց համագումարով անդամ ընտրուած են՝ Տ. Զաքէոս Ծ. Վրդ. Օհանեան, Տ. Եղիշէ Վրդ. Ուչքունեան, Տ. Տրդատ Քհնյ. Ուզունեան եւ Տ. Եղիա Քհնյ . Քերվանճեան։ Այսինքն չորս հոգի։ Պատրիարք Հօր հիւանդութեամբ պայմանաւորուած անցումային կամ միջանկեալ այս ժամանակաշրջանին որեւէ նոր նշանակում կատարուած չէ։ Հետեւեբար, Կրօնական ժողովը այս առումով դժուար, թէ խոցելի վիճակի մը մէջ ըլլայ։
Գալով միւս հարցման՝ միշտ կը հաւատամ խմբային, ներդաշնակ աշխատանքի։ Առանց համեստութենէ հեռանալու՝ ըսեմ, որ Կրօնական ժողովի ատենապետին եպիսկոպոս մը ըլլալը կը բերէ տարբեր հանգամանք մը, կը բարձրացնէ անոր կշիռը։ Արամ Սրբազանն ալ այսպէսով ձեւով մը աւելի կը վստահի Կրօնական ժողովին։
-Սրբազան Հայր, ինչպէ՞ս են Ձեր եւ Արամ Սրբազանին միչեւ յարաբերութիւնները։ Այս նիւթը յաճախ հետաքրքրութեան առարկայ կը դառնայ մեր համայնքէն ներս։
-Բնաւորութեամբ հանգիստ ու խաղաղասէր անձ մըն եմ։ Խաղաղ գործը կռիւով ընել չեմ ուզեր։ Պոլիս վերադարձած եմ՝ հինգ տարիէ ի վեր։ Արամ Սրբազանին թշնամին կամ հակառակորդը չեմ։ Ան օգտակար ընկերակից մը գտած է իմ անձիս մէջ։ Միշտ նեցուկ կը կանգնիմ իր շինիչ գործերուն եւ Արամ Սրբազան անշուշտ կը տեսնէ այս ճշմարտութիւնը։ Յայտնեմ նաեւ, որ մեր այս վերջին նախաձեռնութեան պարագային ալ Արամ Սրբազան կատարեց շինիչ դեր մը։ Եթէ ընտրութեան վերաբերեալ բոլոր որոշումները առնուեցան միաձայնութեամբ, ապա սա եղաւ նաեւ իր շնորհիւ։ Որովհետեւ ան բաց վարուեցաւ, անկեղծ եղաւ իր հոգեւոր եղբայրներուն առջեւ, եթէ Արամ Սրբազան մտնէր քուլիսային աշխատանքի մէջ, ապա դժուար թէ ունենայինք այս միաձայն ու միահամուր արդիւնքը։
-Սրբազան Հայր, համայնքային կարգ մը շրջանակներէ ներս, թէկուզ նոյնիսկ լռելեայն, շրջանառութեան մէջ է մտահոգութիւն մը, ըստ որու թրքահայութեան կրնայ պարտադրուիլ իր պատրիարքը ընտրել դարձեալ Եկեղեցականաց համագումարին կողմէ, առանց աւանդական դրութիւնը գործադրելու, այսինքն առանց ժողովրդական քուէարկութեան։ Բնականաբար, այս վարկածի պարագային ուղղակի կամ անուղղակի, ակնարկութիւնը կը վերաբերի պետութեան։ Կրնա՞յ ըլլալ նման բան մը։
-Պատրիարքը Եկեղեցականաց համագումարով ընտրել տալու փորձերը, նման պարտադրանքներու ստեղծումը միշտ խնդրոյ առարկայ եղած է Հանրապետական շրջանի ընտրութիւններուն։ Այդ ռիսկը միշտ կրնայ ըլլալ ու համայնքն ալ պատրաստ պէտք է ըլլայ։ Բայց, միւս կողմէ, մտածենք նաեւ, թէ ո՛վ կ՚ընդունի կամ կրնա՛յ ընդունիլ այդպիսի բան մը։ Ես կրնամ ըսել, որ մեր եկեղեցականաց դասը կը դիմադրէ։ Դժուար, թէ գտնես հոգեւորական մը, որ կը յօժարի այդպիսի ընտրութեան մը։ Ես գիտեմ նաեւ, որ մեր մամուլն ալ կը դիմադրէ։ Մեր ակնկալածը արդէն մեծ բան մը չէ, աննախըաթաց ալ չէ։ Մենք կ՚ուզենք մեր աւանդութիւններուն ու վաղեմի կանոններուն հիման վրայ ընտրել պատրիարք մը, հնարաւորինս առանց հեռանալու մեր Ազգային սահմանարութեան ոգիէն ու տարրէն։
Չեմ կարծեր, որ մեր պետութիւնը, մանաւանդ մեր այսօրուան իշխանութիւնները նման ձգտում մը ունենան։ Ինչո՞ւ պիտի պարտադրէ պետութիւնը այդ բանը։ Ի՞նչ շահ կրնայ ունենալ։ Ի՞նչ կարիք կրնայ ունենալ։ Ինչո՞ւ պիտի ուզէ սեփական վարկանիշը վտանգել։
Լաւ հաշուարկենք, որ մենք՝ որպէս համայնք այսօր ի՞նչ կշիռ կը ներկայացնենք Թուրքիոյ մէջ։ Մեր համայնքի անդամներուն քուէները կրնա՞ն բան մը փոխել այս երկրին մէջ։ Ո՛չ... Մեր տնտեսական հնարաւորութիւնները կրնան բանի մը վրայ ագդե՞լ այս երկրին մէջ։ Ո՛չ... Յաչս աշխարհին մեր համայնքէն բարձրանալիք ձայնը շատ աւելի կարեւոր է, քան նոյինքն մեր համայնքը՝ իր ներուժով։ Հետեւաբար, պետութիւնը ինչո՞ւ պիտի ուզէ ոտնակոխ ընել մեր նման փոքրիկ համայնքի մը կրօնական իրաւունքները։
-Շատ շնորհակալ եմ, Սրբազան Հայր։
«Ի՞ՆՉ ԱՅՍԻՆՔՆ. ԵԹԷ ՊԵՏՈՒԹԻՒՆԸ ԵՐԵՔ ՏԱՐԻ ՎԵՐՋ ՏԱՅ ԱՐՏՕՆՈՒԹԻՒՆԸ, ՍԱ ԿԸ ՆՇԱՆԱԿԷ, ՈՐ ՄԵՆՔ ԵՐԵՔ ՏԱՐԻ ԿՌԻ՞Ւ ՊԷՏՔ Է ԸՆԵՆՔ ԱՐԱՄ ՍՐԲԱԶԱՆԻՆ ՀԵՏ»
-Յառաջիկայ պատրիարքական ընտրութեան թեկնածու պիտի ըլլա՞ք։
-Այս հարցման պատասխանը կախում ունի՝ պետութեան մօտ մեր կատարելիք դիմումին պատասխանի արագութենէն։ Այս պահուն ես բնական թեկնածու եմ, սակայն առանց պետութեան պատասխանին հասնիլը՝ մտադիր չեմ պաշտօնապէս թեկնածութիւնս յայտարարելու։ Անիմաստ է, որ մարդիկ ի զուր տեղ մրցակից դառնան իրարու։ Տեսէ՛ք, Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, Տ. Գարեգին Արք. Պէքճեան եւ Տ. Սեպուհ Արք. Չուլճեան չեն կրնար այսօր այլեւս գործակցիլ իրարու հետ։ Ինչո՞ւ... Որովհետեւ ոմանք աճապարած են իրենց թեկնածութիւնը յայտարարելու։ Մինչեւ արտօնութեան հասնիլը բան մը չի սկսիր։ Պէտք է համբերել։ Պիտի սպասեմ մինչեւ պետութեան պատասխանին հասնիլը։ Պիտի պահեմ իմ այս բնական թեկնածուի դիրքս ու պիտի յարգեմ այս սկզբունքը։ Չեմ կրնար գիտնալ, թէ միւսները ի՛նչ կ՚ընեն։ Հիմա այո կամ ոչ պիտի չըսեմ, պիտի չաճապարեմ պաշտօնապէս վերջնական որոշում մը յայտարարելու համար։
Մի՛ մոռնաք երբեք, որ այստե՛ղ, մեր քաղաքին մէջ կան եպիսկոպոսներ, որոնք ամէն օր իրենց ուսերուն վրայ կը զգան Պատրիարքական Աթոռին ամբողջ ծանրութիւնը։ Պատմութիւնը ցոյց կու տայ, որ մրցակցութիւնները, պայքարները կը մաշեցնեն մեզ։ Կը մաշին եւ նոյնինքն թեկնածուները։ Պատճառը այն է, որ մենք ընտրութիւնը մեր իսկ ձեւով պիտի չկատարենք։ Հանրապետական շրջանէն առաջ երբեք ժողովուրդը միջամուխ չէր դառնար պատրիարքական ընտրութեան։ Ազգային պատգամաւորական ժողովը, զոր կ՚ընտրէր պատրիարքը, արդէն պատրաստ, ընթացիկ ձեւով գործող մարմին մըն էր։ Երբ որ կարիքը ծագէր, անմիջապէս կ՚ընտրէր պատրիարքը։ Բայց հիմա գոյութիւն չունի Սահմանադրութեան մէջ նախատեսուած այդ ժողովը։
Պաշտօնապէս թեկնածութիւն յայտարարելու ուղղութեամբ աճապարանքը կը նշանակէ արհամարհել այս ընտրական գործընթացը։ Անգամ մը, որ մարդիկ առաջադրեն իրենց թեկնածութիւնը, ակամայ կը դառնան մրցակիցներ։ Ի՞նչ այսինքն. եթէ պետութիւնը երեք տարի վերջ տայ արտօնութիւնը, սա կը նշանակէ, որ մենք երեք տարի կռի՞ւ պէտք է ընենք Արամ Սրբազանին հետ։
Երկար մրցակցութիւններէն վերջ միշտ ալ դժուար կ՚ըլլայ խաղաղութեան վերահաստատումը։ Ասլանեանական պայքարի տարիներուն բացուած վէրքերուն սպիացումը սերունդներ չէ՞ տեւած մեր համայնքէն ներս։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ