ՎԵՐԱՏԵՍՈՒՉՆԵՐԸ ՊԻՏԻ ՆՇԱՆԱԿՈՒԻՆ ՀԱՆՐ. ՆԱԽԱԳԱՀԻՆ ԿՈՂՄԷ
15 Յուլիսի զինեալ յեղաշրջման ձախող փորձէն վերջ հռչակուած արտակարգ դրութեան հիման վրայ՝ կառավարութիւնը շաբաթավերջին հրապարակեց երկու օրէնքի համազօր հրամանագրեր։ Այսպէսով համալսարաններէն ներս վերատեսուչներու ընտրութեան դրութիւնը վերջ գտաւ։ Վերատեսուչներու նշանակման իրաւասութիւնը վերապահուեցաւ հանրապետութեան նախագահին։ Այսպէս, պետական համալսարաններու վերատեսուչներու պարագային Բարձրագոյն ուսման խորհուրդը պիտի առաջարկէ երեք թեկնածու, որոնցմէ մին պիտի նշանակուի հանրապետութեան նախագահին կողմէ։ Բայց եւ այնպէս, ամսուան մը ընթացքին նշանակում չկատարուի եւ յիշեալ խորհուրդն ալ երկու շաբթուան տեւողութեան նոր թեկնածու չճշդէ, ապա հանրապետութեան նախագահը պիտի կարենայ ուղղակիօրէն նշանակել վերատեսուչը։