Երկուշաբթի 23, Դեկտեմբեր 2024
ՔԸՇԱՆԱՔ ՁԵՐԲԱԿԱԼՈՒԵՑԱՒ
Տիարպաքըրի Հանրապետական աւագ դատախազութեան կողմէ Հոկտեմբերի 25-ին վերահսկողութեան տակ առնուելէ վերջ, երէկ, ահաբեկչութեան դէմ հարցաքննութեան շրջագծով ձերբակալուեցաւ նախկին քաղաքապետ Կիւլթան Քըշանաք, որ Տիարպաքըրի գլխաւոր քաղաքապետն էր։ Դատարանէն ներս իր հարցաքննութիւնը տեւեց ինն ժամ եւ արդիւնքին Տիարպաքըրի գլխաւոր քաղաքապետ Կիւլթան Քըշանաք ձերբակալուեցաւ՝ ահաբեկչական կազմակերպութեան անդամակցելու մեղադրանքով։ Նոյն ամբաստանութիւնով ձերբակալուեցաւ նաեւ համաքաղաքապետ Ֆըրատ Անլը։ Պաթմանի նախկին երեսփոխան Այլա Աքատ Աթան ալ ձերբակալուեցաւ ահաբեկչական կազմակերպութիւն հիմնելու մեղադրանքով։
Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 31, 2016