ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՆԱԽԱԳԱՀԱԿԱՆ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ. ՈՐՈ՞Ւ ՊԻՏԻ ԵՐԹԱՅ ՀԱՅԱԶԳԻ ԵՐԵՍՓՈԽԱՆՆԵՐՈՒՆ ՔՈՒԷՆԵՐԸ
Այսօր պիտի կայանայ Լիբանանի նախագահական ընտրութիւնը, որուն իրենց թեկնածութիւնը դրած են երեսփոխաններ՝ զօրավար Միշէլ Աուն եւ Սլէյման Ֆրանժիէ: Վերջին օրերուն եղած խմորումներուն եւ յատկապէս երկրի սիւննի համայնքի առաջնորդ եւ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի Աունի թեկնածութիւնը որդեգրելէն ետք՝ բանակի նախկին հրամատանատարին նախագահ դառնալու յոյսերը կը դառնան գերակշիռ: Ճիշդ է, որ խորհրդարանին մէջ կան ուժեր, որոնք կտրականապէս դէմ են Աունին, բայց եւ այնպէս արագ հաշիւ մը ընելով յստակ կը դառնայ, որ Աուն պիտի ստանայ առնուազն 65 քուէ, ինչ որ կրնայ ապահովել իր Պաապտայի նախագահական պալատ հասնիլը:
Աունի անունին հանդէպ ստեղծուած այս դրական մթնոլորտը պայմանաւորուած է մի քանի հանգամանքներով, որոնց ամենէն առաջնայինը շրջանային համաձայնութեան մը ուրուագիծն է: Ուրուագիծ կ՚ըսեմ, որովհետեւ այդ համաձայնութեան երկու հիմնական կողմերը՝ Թեհրան եւ Ռիատ այս մասին ոչ մէկ յայտարարութիւն կը կատարեն:
Ինք, նախագահական գլխաւոր թեկնածուն՝ զօրավար Միշէլ Աուն երբեք ալ պատրաստ պիտի չըլլար ընտրութեան նիստի մը ներկայանալ, այնքան ատեն, որ այդ երկու հովանաւոր կողմերուն յստակօրէն երեւելի «կանաչ լոյս»ը չըլլար:
Յիշեցման կարգով պէտք է նշել, որ այսօրուան նիստը պիտի ըլլայ 46-րդը եւ այնցնող բոլոր նիստերուն ընթացքին Աուն եւ իր գլխաւորած «Ազգային ազատ հոսանք» խմբակի անդամ երեսփոխանները «լրջութեամբ» չմօտեցան ընտրական որեւէ նիստի:
Բացի այս բոլորէն, պէտք է ըսել նաեւ, այսօրուան ընտրութիւնները կ՚առանձնացուին եւ կը տարբերուին վերջին քսան տարիներու ընտրութիւններէն, որովհետեւ Աունի թեկնածութիւնը «դուրսէն» պարտադրուած չէ, այլ ինչպէս լիբանանցիները կ՚ըսեն՝ Made In Lebanon թեկնածութիւն է:
Խօսելով խորհրդարանին մէջ տիրող ընդհանուր իրադրութեան մասին՝ պէտք է նշել, որ Աունին իրենց զօրակցութիւնը կը յայտնեն. «Ալ Մուսթաքպալ» հոսանքի, «Հիզպուլլահ»ի, «Լիբանանեան ուժեր»ու «Դեմոկրատական հանդիպում» եւ Աունի առաջնորդած «Ազատ ազգային հոսանք» խմբաւորումներու երեսփոխանները: Եթէ հաշուի առնուի այս խմբաւորումներու անդամ երեսփոխաններուն թիւը, արդէն յստակ կը դառնայ, որ Աուն պիտի ստանայ ընտրուելու համար անհրաժեշտ 65 քուէները:
Շաբաթ օր շրջանառութեան մէջ եղած տեղեկութիւններու համաձայն, չի բացառուիր նաեւ, որ երկրորդ թեկնածուն՝ երեսփոխան Սլէյման Ֆրանժիէ յետս կոչէ իր թեկնածութիւնը եւ լքէ ընտրական մրցավազքը:
Այս մասին մասնաւորապրէս գրած է «Ալ Ախպար» պարբերականը՝ յայտնելով, որ Ֆրանժիէի մօտիկ աղբիւրներ իրենց թեկնածուին ընտրավազքէն հրաժարելու մասին խօսելով՝ ըսած են, թէ երեսփոխանը մտահոգ է, որ իր ընտրութիւններուն արդիւնքով չստանայ նոյնիսկ իր ամենէն «ոխերիմ հակառակորդ» Սամիր Ժաաժայի ստացած քուէները ու այդ ձեւով մատնուի «վատ վիճակ»ի: Մինչ այդ ըսեմ, որ «Լիբանանեան ուժեր» կուսակցութեան առաջնորդ Սամիր Ժաաժա 2014 թուականին, երբ Աունի գլխաւոր թեկնածուն էր, ստացաւ քուէներ:
Կայ նաեւ ընտրական նիստը «թռցնելու» վտանգը, որուն հիմնական ջատագովը կրնայ խորհրդարանի նախագահը ըլլալ: Նեպիհ Պըրրի, որ առաջին օրէն ընդդիմացած է Աունի թեկնածութեան եւ հակառակ անոր, որ յայտարարած է, թէ պիտի ապահովէ նիստին օրիականութիւնը, դժգոհ է Աունի անուան շուրջ վերջին օրերուն մեծ թափ ստացած դրական տրամադրութիւններէն:
Այս առումով եւ ըստ վերլուծաբան Շարլ Արպիտին, ընտրական նիստը կրնայ ձախողիլ տարբեր գործօններու ի մի բերումով: Արպիտ ըսած է նաեւ, որ Սուրիոյ իշխանութիւնները եւս մեծապէս դժգոհ են Աունի թեկնածութենէն ու մինչեւ այս պահը անոնք «անվստահութիւն» ունին անոր հանդէպ։ Որովհետեւ քսանվեց տարի առաջ Սուրիոյ նախագահ Հաֆըզ Էսատի հասցէին անարագալից բառեր արտասանած եւ Լիբանան տեղակայուած սուրիական զօրքերուն դէմ պատերազմ հռչակած էր Աուն: Սուրիական իշխանութիւններուն սրտնեղումը միայն այդ պատմական փաստով չի պայմանաւորուիր, այլ Աունի Թաէֆի համաձայնագրին դէմ ըլլալուն: Գաղտնիք ալ չէ, որ Սուրիոյ իշխանութիւններուն «սիրելի» թեկնածուն Սլէյման Ֆրանժիէն է, որ կը համարուի Նախագահ Պեշար Էսատի թիւ մէկ քրիստոնեայ դաշնակիցը:
Ուրեմն այսօր կայացուելիք ընտրական նիստին առընթեր կան նաեւ «աներեւոյթ» գործօններ, որոնք կրնան ձախողութեան տանիլ եւ «փարատել» երկրին մէջ վերջին օրերուն տեսանելի դարձած դրական մթնոլորտը:
Խօսելով Արեւմուտքի Լիբանանի ընտրական արշաւին վերաբերեալ ունեցած դերին մասին՝ պէտք է ըսել, որ Ուաշինկթընի եւ Փարիզի համար եթէ ընտրութիւններ կայացնելը այդքան ալ անհրաժեշտ չէ, ապա կարեւոր է ամէն գնով պահպանել Լիբանանի ապահովութիւնն ու անվտանգութիւնը:
Տարբեր առիթներով այս մասին արտայայտուած եմ, ու հզօր վերլուծական միտք ունենալու կարիք չկայ տեսնելու համար, թէ ինչպիսի լարուած մթնոլորտ մը կը տիրէ Լիբանանի մէջ:
Այդ լարուածութիւնը կը պայմանաւորուի սիւննի-շիի խոր անցեալէն եկող հակակրանքով եւ «սնունդ» կը ստանայ Սուրիոյ պատերազմին հետեւանքով Լիբանան ապաստանած աւելի քան մէկուկէս միլիոն (մեծ մասամբ սիւննիներ) գաղթականներով: Այդ փախստականներուն ջախջախիչ տոկոսը Սուրիոյ գործող իշխանութիւններուն դէմ են ու տակաւին անոնց կարեւոր մէկ մասը զինուած են եւ այս կամ այն ձեւով առընչութիւններ ունին Սուրիա-Լիբանան սահմանային լեռնային շրջաններու մէջ տեղակայուած ծայրայեղական խմբաւորումներուն հետ:
Իսկ անդրադառնալով հայ երեսփոխաններուն նախագահական ընտրութեան օրակարգին վերաբերեալ ունենալիք ընդհանուր կեցուածքին մասին՝ պէտք է նշել, որ շատ հաւանական է, թէ խորհրդարանի անդամ վեց հայազգի երեսփոխաններն ալ շատ հաւանաբար իրենց քուէն տան զօրավար Միշէլ Աունին:
Այս կարծիքին է Պէյրութի հայազգի երեսփոխան եւ ՍԴՀԿ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Սեպուհ Գալփաքեան: Ան այս նիւթին շուրջ հարցազրոյց մը տուած է «Արեւելք» կայքէջին ու ըսած. «Ի հարկէ, այն հայ գործընկերները, որոնք «Մուսթաքպալ»ի խմբակին անդամ են, ինչպէս՝ Սերժ Թուրսարգիսեան, որ նաեւ Հնչակեան կուսակցութեան երկրորդ երեսփոխանն է, ինչպէս նաեւ՝ Ժան Օղասաբեան, պիտի քուարկեն զօրավար Աունին: Մնացեալ հայազգի երեք երեսփոխաններէն երկուքը արդէն Աունի խմբակին մաս կը կազմեն, իսկ երրորդը՝ Շանթ Չինչինեանն է, որ «Լիբանանեան ուժեր»ու խմբակցութեան անդամ է եւ իրենք եւս կը զօրակցին Աունին: Հետեւաբար վեց հայազգի երեսփոխանները շատ մեծ հաւանականութեամբ ի նպաստ Աունին պիտի քուէարկեն»: Հնչակեան երեսփոխանը չէ թաքցուցած, որ իրենք եւս մեծ վերապահութիւններ ունէին Աունի անուան հանդէպ, բայց իրենց գլխաւոր գործընկեր եւ դաշնակից՝ Սաատ Հարիրիի առած որոշումէն ետք յարմար նկատած են «քալել Հարիրիի որոշումով»:
Բնականաբար այդ վերապահումները կապ ունին մօտիկ անցեալին Աունի ունեցած կեցուածքներուն հետ: Խօսքը անշուշտ Թաէֆի համաձայնագրի հանդէպ Աունի ունեցած հակասական կեցուածքին մասին է, որ ըստ Գալփաքեանի, այսօր արդէն փարատած է:
Գալփաքեանի նշած անուններէն Ժան Օղասաբեան, որ ըլլալով «Ալ Մուսթաքպալ» խմբաւորման «հաւատարիմ» անդամը, նոյնպէս պիտի քուարկէ յօգուտ Աունին: Նոյնը կարելի է ըսել Պէյրութի Հայ կաթողիկէ աթոռի երեսփոխան Սերժ Թուրսարգիսեանի մասին։ Ան եւս համարուելով ՍԴՀԿ-ի երկրորդ եւ Հարիրիի «մօտիկ» երեսփոխան, կ՚ակնկալուի նաեւ, որ նոյնը ընէ եւ քուէարկէ ի նպաստ զօրավար Աունին: «Լիբանանեան ուժերու» խմբաւորման եւ Զահլէ շրջանի երեսփոխան Շանթ Չինչինեան ըլլալով անդամը քրիստոնեայ խմբակցութեան, իր դիրքին համահունչ՝ պիտի քուէարկէ Աունին: Կը մնան ՀՅԴ-ի երկու երեսփոխանները՝ Յակոբ Բագրատունին եւ Արթիւր Նազարեանը, որոնք անդամ են Աունի գլխաւորած «Ազգային ազատ հոսանք» խմբակին։ Զօրավարին կազմած եւ քաղաքական մեծ կշիռ հանդիսացող խմբակին կազմութենէն ի վեր անոնք կը համագործակցին Աունին հետ եւ կը համարուին քրիստոնեայ առաջնորդին հաւատարիմ դաշնակիցները:
Մինչ այդ, պէտք է նշել, որ հակառակ անցեալ հանգրուաններուն Դաշնակցութեան Հարիրիի հետ ունեցած «բախում»ին, շնորհիւ կուսակցութեան եւ յատկապէս Յակոբ Բագրատունիի տարած ճիգերուն, Դաշնակցութիւնը յաջողեցաւ «լեզու գտնել» Հարիրիի հետ եւ տարբեր ոլորտներու մէջ համագործակցութեան նոր առիթներ ստեղծել:
Ճիշդ է, որ խորհրդարանին մէջ եղած հայկական քուէները որոշիչ չեն: Բայց եւ այնպէս, դրական արժէք պիտի հանդիսանայ հայազգի երեսփոխաններուն ունենալիք կեցուածքը:
Լիբանանի արդի պատմութեան ամենէն թէժ փուլերուն հայութիւնը ընդհանրապէս եւ քաղաքական կուսակցութիւնները մասնաւորապէս, միշտ ալ որդեգրած են երկրի նախագահին «կողքին» ըլլալու գործելաոճը: Ճիշդ է, որ նահատակ վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի լիբանանեան քաղաքական թատերաբեմին վրայ յատնուիլը նոր ձեւաչափերու եւ ընկալումներու առիթ հանդիսացաւ, բայց եւ այնպէս, հայութեան ճնշիչ տոկոսը մնաց «հաւատարիմ» իր վաղեմի սկզբունքներուն:
Հեռու մնալ խնդրայարոյց կեցուածքներէ, հաշուի առնել սուրիահայութեան պարագան եւ ներքին սուր տարակարծութիւններուն մէջ կողմ չբռնել: Այս «ոսկի կանոններուն» շնորհիւ է, որ հայութիւնը, նոյնիսկ ամենէն ծանր օրերուն պահպանեց գաղութի գոյութիւնն ու անվտանգութիւնը: Իսկ այսօր, երբ հայութիւնը ներկայացնող գլխաւոր ուժերուն մօտիկ համարուող երկու հիմնական կողմերը (իսլամ-սիւննի եւ քրիստոնեայ-մարոնի) որոշած եւ վճռած են երկրի քաղաքական կեանքը դուրս հանել լճացած վիճակէն:
«Մենք այս որոշումին յանգեցանք, որովհետեւ երկրին վիճակը կայուն չէ, նախագահական աթոռը կարելի չէ թափուր պահել այսքան երկար: Երկրի տնտեսութիւնը եւ ընդհանրապէս պետական կառոյցները փլուզման եզրին հասած են, եւ այլեւս կարելի չէր սպասել: Այս մտահոգութիւններէն մեկնելով է, որ հասանք այս եզրակացութեան: Հոս կը բաժնենք Սաատ Հարիրիի խիզախ որոշումը, որ անգամ մը եւս, եկաւ ապացուցելու, թէ իր մտահոգութիւնը Լիբանանն է: Եթէ իր անձնական շահերուն մասին մտածէր, այս որոշումը իր ժողովրդականութիւնը նուազեցնող քայլ մը կը նկատուէր։ Բայց ան անտեսելով այդ իրողութիւնը, նախընտրեց երկրի անդորրութիւնը», ըսաւ Գալփաքճեան։ Ան այս խօսքերով բացատրեց իրենց Աունը ընտրելու որոշումը։ Իսկ խիզախ քայլ մը համարեց Սաատ Հարիրիի Աունի թեկնածութիւնը որդեգրելը:
Իրողութիւնը այդպէս է, ու այս ընդհանուր իրադրութեան մէջ ոչ միայն հայութեան, այլ ամբողջ Լիբանանի կեցուածքը նոյն ուղղութեամբ պիտի յառաջանայ:
Ներկայ հանգրուանը կարեւոր է, ու բաւական երկար տեւած առանց նախագահի շրջանէն ետք երկիրը կը մտնէ նոր փուլ, որ յոյսով, ակնկալիքներով լեցուն եւ կայունութեամբ զարգանալու բոլոր հեռանկարները ունի:
Սպասենք…
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան