Անճանաչելի Ամերիկա

Նա­խորդ գի­շեր Լաս Վե­կա­սի մէջ (Նե­ւա­տա­յի նա­հանգ) կա­յա­ցած Հի­լը­րի Քլին­թըն-Տա­նըլտ Թրամփ հրա­պա­րա­կա­յին 3-րդ վճ­ռա­կան ու վեր­ջին բա­նա­վէ­ճը (Debate) ա­մե­րի­կեան նա­խընտ­րա­կան «ձիար­շա­ւի» հա­ւա­նա­բար վեր­ջին ձո­ղա­պատ­նէշն էր, որ­մէ այն կողմ, մին­չեւ 8 Նո­յեմ­բեր ֆի­նի­շի գի­ծը, կը մնայ ըն­դա­մէ­նը 19 օր, ո­րուն ըն­թաց­քին շո­գե­պինդ կ՚աշ­խա­տին հիմ­նա­կա­նին մա­թե­մա­թի­կոս­նե­րը հա­շուել-ո­րո­շե­լու հա­մար յաղ­թող ձին:

Ան­կեղ­ծօ­րէն՝ «ձի» բա­ռը այս­տեղ օգ­տա­գոր­ծե­ցի ափ­սո­սան­քով, քան­զի այս եւ նա­խորդ եր­կու բա­նա­վէ­ճե­րը շատ հե­ռու էին այդ ազ­նուա­կան կեն­դա­նիի վարքն ու գե­ղեց­կու­թիւ­նը ցու­ցադ­րե­լէ: Ընդ­հա­կա­ռա­կը, այս ան­գամ ան­սո­վոր ա­ռատ էին փո­խա­դարձ տգեղ ա­քա­ցի­նե­րը՝ կեն­սագ­րու­թեան մութ ծալ­քե­րու, խե­նե­շու­թեան, կա­շա­ռա­կե­րու­թեան, մե­ծա­գու­մար հար­կե­րէն խու­սա­փե­լու, դա­ւա­ճա­նու­թեան, տար­բեր խա­բէու­թիւն­նե­րու բա­ցա­յայտ­մամբ փո­խա­դարձ մե­ղադ­րանք­նե­րով: Այդ­պէս ալ մենք չտե­սանք ա­մե­րի­կեան մեծ ժո­ղո­վուր­դին ու գերհ­զօր պե­տու­թեան ար­ժա­նի պե­տա­կան գոր­ծի­չին, այն պե­տա­կան ղե­կա­վա­րին, որ ամ­բող­ջա­կան պա­տաս­խա­նա­տուու­թեամբ իր տե­սա­կէտ­նե­րը ու ծրագ­րե­րը կը պար­զէ ոչ միայն ներ­քին, այ­լեւ ար­տա­քին, ա­ւե­լին՝ հա­մաշ­խար­հա­յին եւ նոյ­նիսկ տիե­զե­րա­կա՜ն հար­ցե­րու շուրջ: Չէ՞ որ Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րը այդ­պէս կը ներ­կա­յա­նայ ողջ աշ­խար­հին՝ որ­պէս ժո­ղովր­դա­վա­րու­թեան ամ­րո­ցի եւ ի­րա­ւունք­նե­րու պաշտ­պա­նի, ա­նար­դա­րու­թիւն­նե­րու դէմ մարտն­չո­ղի, ի­րա­ւա­րա­րի, խա­ղա­ղա­րա­րի, դա­տա­ւո­րի, ա­հա­բեկ­չու­թեան զսպի­չի կեր­պա­րով:

Դժբախ­տա­բար, նա­խա­գա­հու­թեան զոյգ թեկ­նա­ծու­նե­րը, ինչ­պէս նա­խորդ եր­կու բա­նա­վէ­ճե­րուն ըն­թաց­քին, այն­պէս ալ այս ան­գամ ինք­զինք դրսե­ւո­րե­ցին իբ­րեւ ո­խե­րիմ հա­կա­ռա­կորդ­ներ, չխու­սա­փե­լով «գօտ­կա­տե­ղէն ներ­քեւ» հաս­ցուող հա­րուած­նե­րէն: Զար­մա­նալ կա­րե­լի է. մի՞­թէ ա­մե­րիեան հա­սա­րա­կու­թիւ­նը, ընտ­րա­կան զան­գուած­նե­րը այս­քան ան­հան­դուր­ժող են մի­միանց նկատ­մամբ, թէ՞ զոյգ թեկ­նա­ծու­նե­րը կտրուած են ի­րենց հա­սա­րա­կու­թե­նէն:

Մինչ ծայ­րա­յե­ղա­կան իր հա­յեացք­նե­րով ծա­նօթ Թրամ­փը կը խօ­սէր մա­մու­լի կա­շա­ռուա­ծու­թեան եւ «ընտ­րող­նե­րու միտ­քը թու­նա­ւո­րե­լու» մա­սին, Քլին­թը­նը ա­նոր կը հասց­նէր Պաղ պա­տե­րազ­մէն մե­զի ծա­նօթ՝ «Քրեմ­լի­նի գոր­ծըն­կեր» ըլ­լա­լու մե­ղադ­րան­քը, ո­րուն ի պա­տաս­խան Թրամ­փը կը շպրտէր՝ «ինչ­պի­սի զզուե­լի (nasty) կնիկ է» վի­րա­ւո­րան­քը, որ ան­մի­ջա­պէս ընդ­հան­րա­ցաւ Հի­լը­րիի կող­մէն իբ­րեւ «կա­նանց ար­ժա­նա­պա­տուու­թիւ­նը վի­րա­ւո­րող» բնո­րոշ­մամբ: Բայց գլուխ­գոր­ծո­ցը դա­ձեալ կը պատ­կա­նէր Թրամ­փին, որ յայ­տա­րա­րեց կամ հասկ­ցուց, որ ին­քը կրնայ չըն­դու­նիլ ընտ­րու­թիւն­նե­րու վերջ­նա­կան ար­դիւն­քը, ինչ որ 240 տա­րուան ընտ­րա­կան օ­րի­նա­կե­լի ա­ւան­դոյթ­ներ ու­նե­ցող Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու պատ­մու­թեան մէջ իս­կա­պէս ան­նա­խա­դէպ է: Ըստ ե­րե­ւոյ­թին ա­մե­րի­կա­ցի­նե­րը այդ­քան մի­ջամ­տե­լով Հա­յաս­տա­նի ընտ­րա­կան գոր­ծըն­թաց­նե­րուն՝ վա­րա­կա­կիր դար­ձած են, մեզ­մէ...

Ա­ռայժմ կողմ թող­նե­լով եր­կու կռուա­զան­նե­րու Թրամ­փի եւ Քլին­թը­նի փոխհա­մա­ձայ­նող­նե­րու պա­տե­րազ­մը, ուր այժմ 52 տո­կո­սով յաղ­թող կը հա­մա­րուի տի­կին Հի­լը­րին, իր ա­խո­յեա­նի 39 տո­կո­սի դի­մաց, շատ կարճ անդ­րա­դառ­նանք հայ­կա­կան շա­հագրգ­ռու­թիւն­նե­րուն հե­տա­գա­յին ա­ւե­լի հան­գա­մա­նա­լից անդ­րա­դարձ կա­տա­րե­լու խոս­տու­մով:

Ա­ռա­ջին՝ այս ան­գամ բա­րե­բախ­տա­բար թեկ­նա­ծու­նե­րէն ո­ե­ւէ մէ­կը չխոս­տա­ցաւ ընտ­րուե­լու պա­րա­գա­յին հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը ճանչ­նալ: Հա­յե­րուս սրբա­զան դա­տը այս ան­գամ զերծ մնաց տգեղ եւ խիստ վի­րա­ւո­րա­կան շա­հար­կում­նե­րէն:

Երկ­րորդ՝ Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու հայ­կա­կան ընտ­րա­զան­գուա­ծը, որ նա­խորդ տա­րի, ցե­ղաս­պա­նու­թեան 100-րդ տա­րե­լի­ցի օ­րը, ցոյց տուած էր 150 հա­զա­րա­նոց իր ու­ժը Լոս Ան­ճե­լը­սի քայ­լեր­թի ժա­մա­նակ, մնաց ա­նօգ­տա­գոր­ծե­լի՝ կեդ­րո­նա­կան ղե­կա­վար­ման կամ հա­մա­կարգ­ման բա­ցա­կա­յու­թեան պայ­ման­նե­րուն մէջ:

Եր­րորդ՝ նոյն հայ­կա­կան ընտ­րա­զան­գուա­ծը, հա­ւաս­տի դի­տար­կում­նե­րու հա­մա­ձայն, մնաց տար­բա­ղադ­րուած Քլին­թը­նի եւ Թրամ­փի ճամ­բար­նե­րուն մի­ջեւ. Ա­րե­ւե­լեան ա­փը՝ գե­րա­զան­ցա­պէս Հան­րա­պե­տա­կան, իսկ Ա­րեւմ­տեան ա­փը՝ մեծ մա­սամբ Ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան, մտա­ծե­լու ա­ռիթ տա­լով բո­լո­րիս:

ՅԱԿՈԲ ԱՒԵՏԻՔԵԱՆ

«Ազգ», Ե­րե­ւան

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 1, 2016