ԶՕՐԱՎԱՐ ԱՈՒՆ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՆՈՐԸՆՏԻՐ ՆԱԽԱԳԱՀ

Սագօ Արեան կը տեղեկացնէ.-

Նա­խա­տե­սուա­ծին պէս Լի­բա­նա­նի խորհր­դա­րա­նը նա­խա­գա­հա­կան ընտ­րու­թեան 46-րդ նիս­տով զօ­րա­վար Մի­շէլ Աու­նը ընտ­րեց երկ­րի 13-րդ նա­խա­գահ: Զօ­րա­վա­րին ընտ­րու­թիւ­նը ար­դիւնքն էր ոչ միայն ներ­քին քա­ղա­քա­կան հա­մա­ձայ­նու­թիւն­նե­րու, այլ կը դառ­նար շրջա­նա­յին մեծ հար­ցե­րու լուծ­ման հա­մար յու­սա­տու ջահ մը:

Մի­ջին Ա­րե­ւե­լե­քի ա­րիւ­նա­լի փո­թո­րիկ­նե­րուն մէջ Լի­բա­նան խա­րիսխ կը նե­տէր ա­պա­հով ափ եւ ձե­ւով մը կը ծա­նու­ցուէր, որ յա­ռա­ջի­կայ հանգ­րուա­նը պի­տի դառ­նայ հա­մայ­ձայ­նու­թիւն­նե­րու նոր փուլ:

Աուն իր­մէ ա­ռաջ ընտ­րուած ե­րեք զօ­րա­վար-նա­խա­գահ­նե­րէն ետք պի­տի դառ­նայ պե­տա­կան հաս­տա­տու­թիւն­նե­րու դե­րը ամ­րաց­նել մի­տող նա­խա­գահ մը:

Հան­րա­յին գոր­ծու­նէու­թեան աս­պա­րէ­զի իր կա­րե­ւո­րա­գոյն օ­րե­րը բա­նա­կին մէջ կազ­մա­ւո­րած՝ լի­բա­նա­նեան բա­նա­կի այս նախ­կին զօ­րա­վա­րը ներ­լի­բա­նա­նեան հա­մայն­քա­յին հա­մե­րաշ­խու­թեան դրօ­շա­կով Պաապ­տա­յի պա­լատ հա­սաւ։ Յստակ է նաեւ, որ ա­նոր վստա­հուած կա­րե­ւոր դեր մըն ալ գո­յու­թիւն ու­նի մաս­նա­ւո­րա­պէս մեղ­մաց­նե­լու հա­մար սիւն­նի-շիի «լուռ հա­կա­մար­տու­թեան» հրդեհ­նե­րուն լե­զու­նե­րը:

Բա­ց աս­տի, կայ նաեւ Ա­րեւ­մուտ­քի ու յատ­կա­պէս Եւ­րո­պա­յի եւ Ի­րա­նի մի­ջեւ հա­սա­րակ յայ­տա­րա­րի դեր կա­տա­րե­լու գոր­ծը, որ Լի­բա­նա­նի նա­խա­գա­հին հա­մար պի­տի ըլ­լայ նա­խընտ­րե­լի դեր մը, ան­շուշտ իր կող­քին ու­նե­նա­լով սիւն­նի ա­ռաջ­նորդ եւ յա­ռա­ջի­կայ օ­րե­րուն երկ­րի վար­չա­պետ դառ­նալ պատ­րաս­տուող Սաատ Ռա­ֆիք Հա­րի­րին:

Հե­տաքրք­րա­կան է, որ Աուն իր վեր­ջին շրջա­նի ճա­ռե­րուն մէջ ալ հան­րու­թեան կը ներ­կա­յա­նայ որ­պէս չա­փա­ւո­րա­կան, շրջա­հա­յեաց եւ բո­լոր կող­մե­րուն հետ լե­զու գտնել փոր­ձող ղե­կա­վար մը:

Միւս կող­մէ նա­խա­գա­հի ընտ­րու­թեան ընդ­հա­նուր պատ­կե­րին վրայ պէտք է ան­պա­յ­ման շեշ­տադ­րել Մոս­կուա­յի ու­նե­ցած կա­րե­ւոր դե­րը: Այս կէ­տին վրայ պէտք չէ մոռ­նալ Սաատ Հա­րի­րիի շուրջ ա­միս մը ա­ռաջ Մոս­կուա կա­տա­րած այ­ցը եւ հոն կա­տա­րուած բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րը, ո­րոնց ա­ռա­ջին պտու­ղը պէտք է հա­մա­րել նա­խա­գա­հի ընտ­րու­թիւ­նը:

Ա­րեւ­մուտ­քի եւ Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու հան­դէպ մեծ վե­րա­պա­հու­թիւն­ներ ու­նե­ցող լի­բա­նան­ցի զօ­րա­վա­րը, նախ­քան նա­խա­գահ դառ­նա­լը, ու­նէր բա­ւա­կա­նին ար­մա­տա­կան տե­սա­կէտ­ներ: Սա­կայն այ­սօր ի­րադ­րու­թիւ­նը այլ է: Իր ա­մե­նա­մօ­տիկ շրջա­նակ­նե­րուն խօս­քով՝ Աուն դադ­րած է կող­մի մը, կու­սակ­ցու­թեան մը, դա­ւա­նան­քի մը ներ­կա­յա­ցու­ցի­չը ըլ­լա­լէ ու ան դար­ձած է (կամ պի­տի դառ­նայ) բո­լոր լի­բա­նան­ցի­նե­րուն հայ­րը:

«Փրկիչ» ըլ­լա­լու տես­լա­կա­նով ճա­նա­պարհ ե­լած Աուն այ­սօր կա­րե­ւոր քննու­թիւն­նե­րու առ­ջեւ կանգ­նած է։ Ա­նոր ընտ­րու­թիւ­նը շրջա­նա­յին հա­մա­ձայ­նու­թիւն­նե­րու նոր պա­տու­հան բա­ցած է։ Սա­կայն պէտք է ան­պա­յման ընդգ­ծել, թէ յատ­կա­պէս ներ­լի­բա­նա­նեան օ­րա­կար­գե­րուն վե­րա­բե­րեալ ա­նոր ա­րագ եւ կտրուկ քայ­լե­րը ե­թէ ու­շա­նան, շատ ա­րագ կրնայ ա­նոր պատ­կե­րը այ­լայ­լիլ ու մէկ օ­րէն միւ­սը բո­լո­րին սի­րե­լի նա­խա­գա­հը ըլ­լա­լու փո­խա­րէն դառ­նալ բո­լո­րին կող­մէ մեր­ժուած ու ձա­խող նա­խա­գահ մը:

Յա­ռա­ջի­կայ օ­րե­րը յղի են Լի­բա­նա­նի հա­մար ու ա­ռա­ջին քննու­թեան կա­յա­րա­նը նոր կա­ռա­վա­րու­թեան մը կազ­մու­թեան օ­րա­կարգն է, ո­րուն մա­սին նա­խա­գահ Աուն մաս­նա­ւո­րա­պէս իր վստա­հե­լի գոր­ծըն­կեր­նե­րուն յայտ­նած է, թէ այդ աշ­խա­տան­քը շատ ա­րագ կեր­պով ի­րա­կա­նու­թիւն պի­տի դառ­նայ:

Ա­մէն պա­րա­գա­յի ե­րէկ ե­րեք ընտ­րա­կան նստաշըր-ջան­նե­րէ ետք 83 քուէ­նե­րով նա­խա­գահ ընտ­րուած զօ­րա­վար Աու­նի Լի­բա­նա­նը մտած է նոր փուլ մը, ո­րուն հիմ­նա­կան օ­րա­կար­գը ներ­քին ամ­րաց­ման կող­քին, պի­տի ըլ­լայ շրջա­նա­յին հա­մա­ձայ­նու­թիւն­նե­րու հա­մար նոր ճա­նա­պարհ­ներ պատ­րաս­տե­լը:

Երեւան

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 1, 2016