ՀԱՔՔԵԱՐԻԻ ՄԷՋ ԵՐԵՔ ՆԱՀԱՏԱԿ

Հաք­քեա­րիի Եիւք­սէ­քո­վա գա­ւա­ռա­կին մէջ ե­րէկ նա­հա­տա­կուե­ցան Թուրք զի­նեալ ու­ժե­րէն ե­րեք զի­նուոր­ներ, ինչ որ խոր ցաւ յա­ռա­ջա­ցուց ամ­բողջ երկ­րին մէջ։ Հի­սար­տա­ղըի եւ Տաղ­լը­ճա­յի շրջան­նե­րէն ներս ե­րէկ ժա­մը շուրջ 14.00-ին բա­խում մը ծա­գե­ցաւ անվտան­գու­թեան ու­ժե­րուն եւ ան­ջա­տո­ղա­կան ա­հա­բեկ­չա­կան ՓՔՔ կազ­մա­կեր­պու­թեան ան­դամ­նե­րուն մի­ջեւ։ Դէպ­քին հե­տե­ւան­քով նա­հա­տա­կուե­ցան Նու­րի Պա­շա­րան (26), Ֆա­թիհ Աք (25) եւ Իս­մա­յիլ Քոչ (26)։ Զի­նուոր մըն ալ վի­րա­ւո­րուե­ցաւ։ Նոյն բա­խում­նե­րուն ըն­թաց­քին անվ­տան­գու­թեան ու­ժե­րը սպան­նե­ցին ինն ա­հա­բե­կիչ։

Բաց աստի, անվտանգութեան ուժերու երէկուան գործողութիւններու արդիւնքով չէզոքացուեցաւ 16 ՓՔՔ-ական։

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 1, 2016