ՃԱԿԱՏԱԳՐԱԿԱՆ ՍՊԱՍՈՒՄ
Ֆէրիգիւղի ընտանիքը այս շաբաթավերջին դարձեալ պիտի դիմէ մեր համայնքի զօրակցութեան՝ թաղի Մէրամէթճեան վարժարանի տարեկան պիւտճէն հաւասարակշռելու համար։ Արդարեւ, համայնքային շրջանակները Կիրակի ժամադրուած են մեր այս ամենաբազմութիւն թաղին մէջ՝ Մէրամէթճեան վարժարանին ի նպաստ նախատեսուած սիրոյ սեղանին առթիւ։ Սա հերթական «ճակատագրական փուլ»ն է ֆէրիգիւղցիներուն տեսակէտէ՝ թաղի դպրոցի գործունէութեան տեւականացման ճանապարհի կամ պայքարի հեւքին մէջ։ Անոնք ամէն տարի մեծ մարտահրաւէր մը կը դիմագրաւեն՝ դպրոցին գոյութիւնը երաշխաւորելու, կրթական գործին կայունութիւնը ապահովագրելու տեսանկիւնէն։
Տարեկան աւանդական սիրոյ սեղանին ընդառաջ, ըստ ընկալեալ սովորութեան, Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ներկայացուցիչները այցելեցին խմբագրատունս։ Այսպէս, այս առաւօտ հաճոյքն ունեցանք հիւրընկալելու՝ Մանուկ Էօղէրը (ատենապետ), Նուրհան Փալաքօղլուն, Ազնիւ Մեծատուրեանը եւ Գարէն Թերզեանը, որոնք յայտնեցին, թէ պատրաստութիւնները արդէն հասած են վերջին փուլին։ Ֆէրիգիւղի թաղային խորհուրդը, որ մեր համայնքի շարժիչ ուժերէն մին է, այս անգամ եւս զօրակցութեան կոչ կ՚ուղղէ մեր ամբողջ համայնքին։ Մարդուժով հարուստ մեր այս թաղը, դժբախտաբար, զուրկ է մըշ-տական եկամուտի աղբիւրներէ, ինչ որ մեծագոյն դժուարութիւնն է՝ Մէրամէթճեան վարժարանի դռները բաց պահելու, անոր առաքելութիւնը կայուն թափով յառաջ տանելու ճանապարհին։ Այդ հակասութիւնը Ֆէրիգիւղի ընտանիքին առաւել բաժին դուրս կը բերէ մեր կրթական կեանքի անկանոն ու աններդաշնակ վիճակէն։ Այսօր մեր համայնքը ունի իր աշակերտութեան ընդհանուր տարողութեան կամ ներուժի համեմատութիւններէն աւելի բարձր թիւով դպրոցներ։ Մետայլի միւս երեսակին վիճակը այն է, որ մեր ամենաբազմամարդ թաղի դպրոցը չ՚արդարանար աշակերտութեան թիւին առումով ու գերմարդկային ջանքեր կը գործադ-րըւին՝ որպէսզի ան չկքի պիւտճէի բեռին տակ։ Ֆէրիգիւղի թաղային խորհուրդը կը դիմագրաւէ հետեւեանքները այնպիսի խնդիրներու, որոնց լուծումը յաճախ միայն իրմէ կախում չունի եւ տակաւին այդ խնդիրները կը ծագին իր կամքէն բոլորովին անկախ, արհեստական գործօններու բերումով։
Համայնքի ենթարկուած ընդհանուր ծանր վիճակին մէջ լուծումներու հորիզոնը կ՚ուրուագծուի աստիճանաբար, սակայն մինչ այդ, մինչեւ որ գործնական արդիւնքներու հասնելու պահը հասուննայ՝ մեր հաստատութիւնները պէտք է զերծ պահուին ցնցումներէ։ Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան վարժարանը այս շարքին մէջ առաջին կարգերու վրայ կը դասուի։ Թաղային խորհուրդն ալ վարչական առումով լուրջ յաջողութիւններ արձանագրած է՝ եկեղեցապատկան կալուածներու հասոյթները բազմապատկելով։ Յամենայնդէպս, Մէրամէթճեան վարժարանի աշակերտներուն ծնողներէն հաւաքուած նուիրատուութիւնները առնուազն հինգ տարիէ ի վեր կը գտնուին նոյն մակարդակին վրայ։ Մակերեսային դիտարկումով մը՝ եթէ հաշուի առնուի, որ երկրին մէջ արժեզրկումը տարեկան 10 տոկոսի համեմատութեան կը հասնի՝ ապա ինքնաբերաբար շուրջ 50 տոկոսի բաց մը կը գոյանայ միջին ժամկէտի բաղդատութիւններով։ Հետեւաբար, թաղային խորհուրդը կը դժուարանայ կասեցնել պիւտճէի բացին մեծանալը։ Այս տարուան դրութեամբ Ֆէրիգիւղի ընդհանուր պիւտճէի շուրջ մէկ երրորդը մնացած է բաց։ Ծանօթ է, որ այս թաղը ոչ միայն հայաշատ է, այլ նաեւ այնտեղ կը տիրէ կենսունակութիւն։ Ֆէրիգիւղի ընտանիքի բոլոր մարմինները կ՚աշխատին առաւելագոյն արդիւնաւէտութեամբ եւ միայն Մէրամէթճեան վարժարանի կարիքներուն հետեւանքով կը գոյանայ պիւտճէի բացը։ Թաղային խորհուրդի ներկայացուցիչները նշեցին, որ շնորհիւ այդ կենսունակութեան՝ իրենք հնարաւորութիւն ունին պայքարելու խմբային աշխատանքով, ու մանաւանդ կարծիքներու փոխանակման վրայ հիմնուած միասնական որոշումներով լուծում փնտռելու։ Հիւրերը ընդ-գըծեցին նաեւ, որ Ֆէրիգիւղի թաղային խորհուրդը կ՚առաջնորդուի մարդակեդրոն մտածելակերպով մը, գերադաս կը համարէ մարդուժ, սերունդ պատրաստելը։ Հետեւաբար, թաղային խորհուրդը ունի նաեւ այն համոզումը, թէ թաղեցիները առաւելագոյն ջանք պիտի գործադրեն՝ Ֆէրիգիւղի մեր հաստատութիւնները կանգուն պահելու եւ անոնց կարիքները հոգալու ուղղութեամբ։
«Մենք պատրաստ ենք ամէն զոհողութիւն յանձն առնելու՝ մեր թաղի դպրոցը բաց պահելու համար։ Եթէ այս դպրոցը չըլլայ, եթէ մեր միւս դպրոցները չըլլան, ապա մենք մեր նոր սերունդը չենք կրնար հաղորդ պահել մեր լեզուին ու կրօնին, ինչ որ մեծագոյն հարստութիւնն է։ Եթէ պէտք ըլլայ՝ պիտի վաճառենք մեր եկեղեցապատկան կալուածները։ Որովհետեւ մեզի համար տրամաբանական չէ ունենալ կալուածներ, զանոնք պահել եւ զրկուիլ վարժարանէն։ Մեր նախնիները Անատոլուէն Իսթանպուլ գալու ժամանակ իրենց հետ կրցած էին բերել միայն տախտակէ պայուսակներ, նաեւ իրենց լեզուն ու կրօնը։ Ուրիշ բան մը չէին կրցած բերել իրենց հետ», ըսաւ Մանուկ Էօղէր։
Մեր զրոյցի աւարտին Ֆէրիգիւղի թաղային խորհուրդի ներկայացուցիչները կրկնեցին իրենց կոչը՝ որպէսզի մեր համայնքը սատար կանգնի Մէրամէթճեան վարժարանին եւ անոր կայուն երթը շարունակուի անխափան։
Թրքահայ կեանք
- 11/25/2024
- 11/25/2024