Վիգէն Չըթրեան. «Եթէ Սուրիոյ մէջ զինուորական կշիռը փոխուի, հայերը շատ լուրջ վտանգի առջեւ պիտի գտնուին»
«Արեւելք» կայքէջի վրայ կը կարդանք.-
Վերլուծաբան Վիգէն Չըթրեանի կարծիքով՝ «ԻՇԻՊ-ը, ամբողջովին դուրս պիտի չգայ Իրաքէն եւ տեղափոխուի Սուրիա, քանի որ անոր ինքնութիւնը, գոնէ իր ողնաշարը՝ իրաքեան է»: Ան շարունակեց. «Մուսուլի անկումէն ետք, ԻՇԻՊ-ի ամենամեծ քաղաքը՝ սուրիական Ռաքքան պիտի դառնայ: Չեմ գիտեր, թէ անոնք որքանով պատրաստ են Ռաքքայի համար մեծ ճակատամարտ մղելու եւ կամ անապատային շրջաններու մէջ հաստատուելու»:
Վերլուծաբանը ըսաւ. «ԻՇԻՊ-ը իր ամենամեծ քաղաքէն՝ Մուսուլէն դուրս պիտի հանեն: Յառաջիկայ շաբաթներու ընթացքին ռազմական գետնի վրայ պիտի իրականանայ այդ մէկը, այսինքն, եթէ պատմականօրէն նայինք, Մուսուլի մէջ եղածը ոչ բնական երեւոյթ էր: Այս առաջին անգամն է, որ ճիհատական խումբ մը Միջին Արեւելքի մէջ մեծ քաղաք մը կը գրաւէ: 80-ականներէն ի վեր, առաջին անգամն է, որ այն պատահեցաւ՝ 2014 թուականին»:
Չըթրեանի խօսքով՝ «Ճիհատական խումբերը զարգացած են արաբական իսլամական մշակութային տարածքներէ հեռու ծայրամասերու մէջ, ինչպէս՝ Աֆղանիստան, Չեչենիա եւ այլն: Վերջին տարիներուն անոնց Միջին Արեւելք գալով՝ պատմական տարածքաշրջաններ, ինչպէս՝ Իրաք, Սուրիա եւ Եէմէն, փլուզումներ ապրեցան։ Հոն կեդրոնական պետութիւնները քանդուեցան՝ կա՛մ արտաքին ճնշման ներքեւ, ինչպիսին էր Իրաքը, կա՛մ ներքին ճնշման արդիւնքով, ինչպիսին է Սուրիան, Եէմէնը եւ շատ մը ուրիշ երկիրներ: Ամենէն կարեւորը, որ այս պայքարի հողին վրայ եղած շարժումները ոչ առանցքային, այլ շատ փոքր կշիռ ունեցող, դարձան տէրն ու տիրականը արաբական եւ իսլամական պետութիւններու կարեւոր տարածքներուն: Մուսուլը այս պարագային աննախըթաց դէպք մըն էր: Կը խորհիմ, որ գոնէ այս երեւոյթը պիտի սրբագրուի»: Ան աւելցուց. «Մուսուլի վերագրաւումը չի նշանակեր ճիհատական շարժումներու աւարտը, այլ անոնք պիտի վերադառնան, ուրկէ որ եկան: Շատ աւելի երկրորդական քաղաքներ, գիւղաքաղաքներ, անապատային շրջաններ պիտի երթան: Բաւարար պայմանները կան, որպէսզի քանի մը տարի եւս շարունակեն իրենց ռազմական եւ քաղաքական պայքարը: Անոնք արհեստական իմաստներով շատ հմուտ են, բայց ցոյց տուին, թէ քաղաքակական եւ հրապարակային գետնի վրայ, նոյն այդ երիտասարդական խումբն են, ինչ որ էին 70-80-ականներուն եւ կարող չեն շատ հմուտ քաղաքական եւ դիւանագիտական խաղերու մէջ մտնել: ԻՇԻՊ-ը զանազան խումբերու դաշինք մըն է: Անոնք դաշնակցային կառոյց մըն են, բայց այդ կառոյցին մէջ ողնաշարը՝ իրաքեան է եւ ես չեմ նախատեսեր, որ իրենք իրենց ամբողջ ուժերը պիտի տեղափոխեն Սուրիա: Պիտի շարունակեն մնալ եւ պայքարիլ Իրաքի մէջ, իրենց հիմնական գոյութիւն ունենալու պատճառը՝ իրաքեան ներքին պայքարն է»:
Ակնարկելով սուրիահայերուն վրայ Միջին Արեւելքի իրադարձութիւններուն ազդեցութեան՝ Չըթրեան ըսաւ. «Սուրիոյ պայքարը շատ սուր պայքար մըն է: Այդ պատերազմին մէջ սուրիահայութիւնը շատ դժուար կացութեան մէջ է, ոչ թէ քանի որ պայմանները դժուար են, այլ այս պայքարը տեղ չի տար տեղւոյն բնակչութեան, ի մասնաւորի՝ հայերուն, որպէսզի չէզոք դիրքորոշում ունենան: 1975 թուականին՝ երբ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմը պայթեցաւ, հայ համայնքը իր բոլոր կուսակցութիւններով չէզոք դիրք ընդունեց: Այսօր Սուրիոյ մէջ չէզոք դիրքորոշում հնարաւոր չէ: Առաջին, որովհետեւ իշխանութիւնները չեն ընդունիր, իսկ երկրորդ՝ ընդդիմութիւնը, որ մէկ ոճի ռազմական կառոյց մը չէ այլ ամբոխներու բազմութիւն, այդ ամբոխներու ամենաուժեղ մասը հիմնականին իսլամամէտներ են եւ հայերուն կամ ոչ-սիւննի փոքրամասնութիւններուն գրեթէ անհնար է անոնց իշխանութեան տակ ապրիլ: Այս իրավիճակին մէջ շատ դժուար է հայութեան համար այնտեղ քաղաքական դիրքորոշում ընդունիլ: Այս բնաբանին մէջ հայերը տեսնուած են իբր վարչամէտ համայնք եւ այնքան ժամանակ, երբ համակարգը կայ, կայուն է, կը յաղթէ, հայերուն կարելիութիւն կու տայ գոյատեւելու, բայց եթէ այդ ռազմական եւ զինուորական կշիռը փոխուի, հայերը դարձեալ շատ լուրջ վտանգի առջեւ պիտի գտնուին»:
«Բաց աստի, այս պատմական փուլը անցընելէ ետք Սուրիոյ հայ համայնքը շատ նօսրացած պիտի ըլլայ: Իսկ մնացողներէն կարելի է՞ առողջ համայնք վերակառուցել, այդ մեծ հարցական է: Այս հարցումին պատասխանելու համար ո՛չ միայն սուրիահայերը պէտք է այդ գործին լծուին, այլ՝ սփիւռքի հայկական կազմակերպութիւնները եւ Հայաստանի պետական կառոյցները: Մինչեւ այսօր, սփիւռքը շատ թոյլ է եւ գրեթէ անզէն նման մեծ աղէտի մը առջեւ, իսկ Հայաստանը, իբր պետութիւն, մինչեւ հիմա չունի այդ կառոյցները, որպէսզի նման պայմաններու առջեւ հարիւր տոկոս գոհացուցիչ աշխատանք կարենայ տանիլ: Մենք շատ մեծ գործ ունինք նման մարտահրաւէր մը տանելու համար», եզրափակեց ան:
ԴԷՊԻ ՆՈՐ ՇՈՒԿԱՆԵՐ
Միւս կողմէ, «Սուրիոյ գործարարներու գրասենեակ»ի հայազգի նախագահ՝ Լեւոն Զաքի, որ օրեր առաջ խօսած է սուրիական «Ալ Ուաթան» օրաթերթին՝ բացայայտած է, թէ Սուրիա մտադիր է իր արտադրութիւնները եւրոասիական շուկայ հասցնել Հայաստանի վրայով: Զաքի նաեւ ըսած է, որ Սուրիա շահագրգռուած է Ռուսաստանի, Սպիտակ Ռուսիոյ, Ղազախիստանի եւ բնականաբար Հայաստանի շուկաներով: Ըստ հալէպահայ գործարարին՝ Հայաստանի կառավարութեան կողմէ եղած պատրաստակամութիւնը եւ ընծայուած դիւրութիւնները առիթ պիտի հանդիսանան, որպէսզի Դամասկոս յաջողի շրջանցել Արեւմուտքի կողմէ անոր դէմ դրուած տնտեսական արգելքները եւ պատիժները: Զաքի մատնանշած է, որ սուրիական կողմին համար կայ նաեւ տարրական հումքեր արտածելը դէպի Հայաստան, ուր տեղի պիտի ունենայ արտադրութիւններու պատրաստութիւն ու անկէ ետք, որպէս հայկական արտադրութիւններ, դէպի խոստմնալից շուկաներ արտածելու:
Լեւոն Զաքի խօսած է նաեւ Սուրիոյ վերաշինութեան մասին՝ նկատել տալով, որ անհրաժեշտ է համատեղ տնտեսական համագործակցութեան դրութիւն ստեղծել հայ գործարարներու եւ պաշտօնական կողմերու միջեւ: